«Եւ»-էն առաջ ստորակէտ դնե՞լ թէ չդնել։
Լեզուի մը հարստութիւնը միայն բառապաշարով եւ քերականական կանոններով չի սահմանափակուիր։ Լեզուն ունի նաեւ իր կէտադրական օրէնքները, որոնց միջոցով գրողը կը ներկայացնէ նախադասութեան իմաստը եւ շեշտադրումը։ Հետեւաբար, կէտադրական նշաններու ճիշդ գործածութիւնը նոյնքան կարեւոր է, որքան բառերու եւ քերականական կառոյցի ճիշդ ընտրութիւնը։
Արեւմտահայ մամուլին մէջ մերթ ընդ մերթ կը հանդիպինք կէտադրական այնպիսի կիրարկումներու, որոնք օտար լեզուներու, ինչպէս օրինակ անգլերէնի, ազդեցութիւնը կը կրեն։
Յաճախ նկատելի սխալներէն մէկը ստորակէտէն անմիջապէս ետք «ու» կամ «եւ» շաղկապի  գործածութիւնն է, երբ նախադասութեան կառոյցը այդ կէտադրութիւնը չի պահանջեր։
Երկու համադաս նախադասութիւններ
կը կապուին (ու, եւ , կամ) համադասական շաղկապներով։ Այս շաղկապներէն առաջ ստորակէտ չենք դներ, բացի երբ վերջին նախադասութիւնը ենթակայով տարբեր է։ (Ա.Ե., «Արեւմտահայերէնի Ուղղագրական, Ուղղախօսական, Ոճաբանական Ուղեցոյց», 2022)։
Օրինակներ՝ հայ մամուլէն.
ա- «“Նոր Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի” բառարանը այն հսկայ շտեմարանն էր, որ անցնող աւելի քան հարիւր յիսուն տարիներու ընթացքին սնունդ տուաւ, եւ կը շարունակէ տալ մեր աշխարհաբար լեզուի ձեւաւորման եւ զարգացման»։ (Ստորակէտի սխալ կիրարկում)։
Նոյն ենթական է երկու նախադասութիւններուն մէջ՝ ուստի  «եւ կը շարունակէ տալ մեր աշխարհաբար լեզուի ձեւաւորման եւ զարգացման»-էն առաջ ստորակէտի գործածութիւնը անտեղի է։
Ուրեմն պէտք է գրենք՝ «“Նոր Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի” բառարանը այն հսկայ շտեմարանն էր, որ անցնող աւելի քան հարիւր յիսուն տարիներու ընթացքին սնունդ տուաւ եւ կը շարունակէ տալ մեր աշխարհաբար լեզուի ձեւաւորման եւ զարգացման»։
բ- «Հայրենի կեանքին մասին վկայութիւնները անպակաս եղած են, եւ հայրենիքին արձանագրած նուաճումները կարեւորութեամբ յիշատակուած են»։ Այստեղ, քանի որ «եւ»-էն ետք նոր ենթակայ կայ՝ ուրեմն երկրորդ նախադասութենէն առաջ ստորակէտը կարելի է գործածել։
Ուստի, արեւմտահայերէնը ճիշդ եւ հարազատ պահելու համար, կարեւոր է իւրաքանչիւր կէտադրական նշան գործածել իր տեղին ու նպատակին համապատասխան։ Խուսափելով օտար լեզուներու ազդեցութենէն՝ կը պահպանենք ոչ միայն մեր գրութեան յստակութիւնն ու գեղեցկութիւնը, այլեւ արեւմտահայերէնի ինքնուրոյն ոգին ու հարազատ դիմագիծը։
Համադրեց՝ Վանայ Պարմաքսըզեան