ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ԼԱԹՎԻԱՆ
Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը Ազգերու լիկայի C2 խումբի առաջին փուլի խաղին, իր դաշտէն ներս հիւրընկալեց Լաթվիոյ կազմը եւ կրցաւ յաղթել 2-0 արդիւնքով:
31-րդ վայրկեանին 22-ամեայ պաշտպան Գէորգի Յարութիւնեան, որ կը խաղայ Հունգարիոյ «Պուշկաշ Ակադեմիա» խումբին մէջ, նշանակեց Հայաստանի առաջին կոլը, որուն փոխանցումը կատարեց Սէուտական Արաբիոյ ալ-Հիլալ խումբի խաղացող Եդուարդ Սպերցեան:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբին մէջ 75-րդ վայրկեանին Մոսկուայի «Ռոտինա»-ի յարձակողական խաղացող Արթուր Ղարիպեան, որ 69-րդ վայրկեանին առաջին անգամ ըլլալով մուտք գործեց դաշտ Հայաստանի հաւաքականի տարազով, կրկնապատկեց արդիւնքը: Անոր կոլային փոխանցումը կատարեց Հայաստանի ախոյեան «Արարատ-Արմենիա»-ի յարձակող Ժիրայր Շաղոյեան:
Հայաստանի տղոց եւ կանանց հաւաքականները ճատրակի համաշխարհային 46-րդ ողիմպիականի Ա. խումբի մրցումներուն գրաւեցին երրորդ հորիզոնականը։
Հայաստանի տղամարդկանց հաւաքականը ներկայացուցին վարպետներ՝ Հայկ Մարտիրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Հաւաքականի մարզիչն էր Արման Փաշիկեան:
Հայաստանի կանանց հաւաքականը ներկայացուցին միջազգային վարպետ Լիլիթ Մկրտչեան, կանանց վարպետ Մարիամ Մկրտչեան,
Էլինա Դանիէլեան, կանանց միջազգային վարպետ Սուսաննա Գաբոյ-
եան եւ Անահիտ Մկրտչեան: Հաւաքականի մարզիչն էր Զաւէն Անդրիասեան:
Հայ մարզիկները արժանացան նաեւ անհատական մետալներու։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի յարձակող Քիլիըն Մպափէի ծունկը վնասուեցաւ, որուն համար ալ ան լքեց ազգային կազմի հաւաքականը։ Այս մասին տեղեկացուց Ֆրանսայի ֆութպոլի դաշնութեան պաշտօնական կայքէջը:
«Քիլիըն Մպափէի ծունկը վնասուեցաւ այն հարուածին ընթացքին, որ աւարտեցաւ յաղթական կոլով։ Խաղցողին ջիղը վնասուեցաւ, որուն պատճառով ան ստիպուած մաս պիտի չկազմէ հաւաքականի յաջորդ մրցումներուն: Շուտափոյթ ապաքինում, Քիլիը՛ն», գրուած է յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի հաւաքականի աւագը վնասուեցաւ Ազգերու Լիկի A խմբակի առաջին փուլին՝ Թուրքիոյ դէմ Ուրբաթ, 25 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած խաղին, ուր Ֆրանսա 1-0 արդիւնքով յաղթեց մրցակիցին՝ Մպափէի կոլով:
27-ամեայ յարձակողը 54-րդ վայրկեանին դարձաւ հանդիպման միակ եւ յաղթական կոլին հեղինակը, սակայն ծունկի հարցին պատճառով չկրցաւ շարունակել հանդիպումը եւ 59-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


