Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ու գոյերթի պատմութիւնը կը վկայէ, որ մեր ազգային վերելքի ամէնէն վճռորոշ փուլերուն երիտասարդութիւնն ու պատանեկութիւնը եղած են այն անսասան սիւները, որոնք ազգային ոգին ու պայքարի ջահը անմար պահած են: 1890-ականներուն Հ.Յ.Դ. հիմնադիր երրորդութեան թողած կտակով, ապա Զաւարեանական դաստիարակչական շունչով եւ Գարեգին Նժդեհի սերմանած ոգիով հիմնադրուած պատանեկան միութիւնները, կազմակերպչական կառոյց ըլլալէ աւելի եղան հայապահպանման, ազգային գիտակցութեան, կամքի եւ աշխատունակութեան իսկական դարբնոցներ: Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, յատկապէս Սուրիոյ պատմական գաղութին մէջ, այս միութիւնները եղան հայեցի դաստիարակութեան ամէնէն ամուր վահանները:

Այս նուիրական առաքելութեան կենդանի վկայութիւնն էր Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան տարեկան բանակումը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ 6-էն 13 Սեպտեմբեր 2026-ին: «ԱՐԱՐԱՏ» խորհրդանշական անունը կրող այս բանակումը լոկ ամառնային հաւաքոյթ կամ ժամանց չկարծէք. անիկա մեր գոյութեան շարունակականութեան, ինքնասրբագրման, գաղափարական թրծման եւ հոգեկան վերանորոգման իւրայատուկ հանգրուան մըն է Սուրիոյ պատանեկան շարքերուն համար:

Տարիներ առաջ ես ալ նոյն այս միութեան պատանիներէն մէկն էի, կ՚ունկնդրէի դաստիարակներուս պատգամներն ու հայրենասիրական դասախօսութիւնները: Ժամանակը սահեցաւ, տարիքս փոխուեցաւ եւ ես անցայ երիտասարդական շարքեր: Այս տարի վերադարձայ միութեան բանակումին ոչ թէ իբր պատանի, այլ՝ իբր դաստիարակ, ստանձնելով նորահաս սերունդի դաստիարակչական ծրագրին նպաստելու պատասխանատու գործին:

Ամէնէն տպաւորիչ ու յուզիչ պահերը եղան բանակումի առաջին օրերը: Պատանիները շարք կազմած էին, երբ նախկին դաստիարակներէս մէկը, անզգալաբար ու տարիներու վարժութեան բերումով ինծի դառնալով ըսաւ. «Շարք անցի՛ր»: Յետոյ մէկ վայրկեան կանգ առաւ, նայեցաւ ինծի եւ ժպտեցաւ. անդրադարձած էր, որ ես այլեւս այդ փոքր պատանին չէի, այլ իր կողքին կանգնած դաստիարակ մը: Այդ պահը զաւեշտալի դէպք մը չկարծէք, անիկա կը վկայէր այն անխզելի շղթային մասին, որ կը միացնէր պատանեկան ու երիտասարդական սերունդները: Այդ մէկ ակնթարթին մէջ խտացաւ ամբողջ իմաստը մեր կազմակերպութեան. պատանին կը մեծնայ, կը թրծուի եւ օր մըն ալ ինք կը ստանձնէ ջահը՝ զայն փոխանցելու համար յաջորդներուն:

Բանակումի կազմակերպչական ու դաստիարակչական յայտագիրը հիմնուած էր մեր պատմական հաւատամքին ու ազգային իտէալներուն վրայ: Դասախօսութիւններուն ընդմէջէն պատանիները ծանօթացան Հայկական Հարցին, հայ ազատագրական շարժումին, հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական զարթօնքին եւ Հ.Յ.Դ.-ի պատմութեան ու անոր ծաւալած բազմամեայ գործունէութեան: Գիտելիքներ ստացան արցախեան գոյամարտին, «Նեմեսիս» գործունէութեան արդարահատոյց խորհուրդին, ինչպէս նաեւ պայքարի պատմական անհրաժեշտութեան ու նշանակութեան մասին:
Նշեալ գիտելիքներու կողքին, բանակումը փոխանցեց նաեւ գործնական ու կենսական հմտութիւններ: Պատանիները սորվեցան առաջին բոյժ-օգնութեան հիմնական դասերը, իսկ «Նպատակներ դնել եւ իրագործել» զրոյց-դասախօսութեան ընդմէջէն սորվեցան ըլլալ նպատակասլաց, կազմակերպուած եւ ինքնավստահ: Այս բոլոր նիւթերը կը միահիւսուէին «Դէպի Հայրենիք» եւ «Հայաստան-Սփիւռք, գոյատեւում, պայքար» առանցքային նիւթերով։ Նիւթեր, որոնք սփիւռքահայ պատանին աստիճանաբար կը կապէին իր ազգային արմատներուն, անոր միտքը կ՚ընդլայնէին եւ իրազեկ կը դարձնէին զինք, թէ մեր ազգը ո՛ւր եւ ինչպէս գոյացէր, զարգացեր ու պայքարեր է արդարութեան ու հայրենիքի համար։

Սուրիահայ պատանիները երկրի ամէնէն դժնդակ պահերուն անգամ գործունեայ մնացին, որպէս պատերազմներու ու դժուարութիւններու բովէն անցած ուժեղ համայնքի մը զաւակներ: Անոնք, այսօր, իրենց կենսունակ ներկայութեամբ կը զարդարեն Պատանեկան Միութեան շարքերը, որպէսզի պահելով մեր ինքնութիւնն ու լեզուն, գիտելիքներով հարստանալով, ապագային դառնան պատասխանատու ղեկավարներ:

Մեր համայնքը, ազգը, Հայաստանն ու Արցախը պիտի դառնան անոնց կիզակէտերը, պիտի կլանեն անոնց մաքրամաքուր հոգիները:

Ահա թէ ինչո՛ւ պիտի ջանանք մեր պատանիներն ու երիտասարդները պահել Արարատի նման անսասան, որպէսզի դառնան այն ջահակիրները, որոնք իրենց լուման պիտի դնեն մեր ազգի պայծառ ապագայի կերտման։

Բալիկ Խրոյեան