2026-2027 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԱՇՈՒՆ-ՁՄԵՌ ԵՂԱՆԱԿԻ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ
 Այս եղանակը  կը ձուլուի նրբագեղութեան, անհատականութեան եւ յարմարաւէտութեան հետ:
Այս եղանակին հագուստը գեղեցկութեան կողքին կ’արտայայտէ կնոջ բնաւորութիւնը, տրամադրութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը:
Աշնան եւ ձմռան համար յատկապէս կարեւոր են կոկիկ եւ յստակ ձեւուածք ունեցող վերարկուներ, երկար, բուրդէ լայն ուսերով բաճկոններ, ինչպէս նաեւ  մարմինը տաք պահող հագուստներ:
Հագուստը այս եղանակին մարմինը պիտի չընդգծէ, ընդհակառակը՝ լայն, ազատ եւ հանգստաւէտ պիտի ըլլայ, գօտիի միջոցով կարելի է շեշտել իրանը, որպէսզի կնոջ կերպարին աւելի նուրբ ձեւ տայ:
Գոյներու առումով եղանակը կը սիրէ շարունակել դասական գոյներու երանգներ, սեւ, մուգ շագանակագոյն, մուգ մանիշակագոյն, սրճագոյն, մուգ կարմիր եւ  մոխրագոյն, մուգ կապոյտ եւ մարմնագոյն:
Ասոնց կողքին կարելի է տեսնել աւելի արտայայտիչ գոյներ՝ գինիի գոյն, վառ կարմիր եւ կանաչի մուգ երանգներ: Այս գոյները յատկապէս գեղեցիկ են աշնանային եւ ձմեռնային գործուածքներուն վրայ:
Աշուն, ձմեռ եղանակներու զգեստի ընտրութեան մէջ կ’առանձնանան բուրդը, կաշին եւ փափուկ մորթի տեսակ գործուածքներ: Տարբեր հիւսուածքներու համադրութիւնը կերպարին կու տան խորութիւն եւ հետաքրքրութիւն: Օրինակ՝ նուրբ գազակը կարելի է համադրել ծանր բուրդէ վերարկուի հետ, իսկ կաշիէ հագուստը փափուկ, ճկուն հիւսուածքի հետ:
Այս եղանակին կարեւոր տեղ ունին նաեւ կօշիկները եւ զարդեղէնը: Բարձրակրունկ կօշիկներ եւ դասական կրունկներ, մեծ պայուսակներ եւ արտայայտիչ զարդեր կ’ամբողջացնեն զգեստին կերպարը: Զարդեղէնը երբեմն կը դառնայ հագուստին գլխաւոր շեշտը:
2026-2027 աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան ամենակարեւոր  գաղափարներէն մէկը անձնական ոճն է: Նորաձեւութիւնը չի պահանջեր անպայման հետեւիլ ամբողջ միտումներուն: Աւելի հետաքրքրական կ’ըլլայ ընտրել այն ձեւերը, գոյներն ու նիւթերը, որոնք հա-մապատասխան են տուեալ կնոջ անհատականութեան:
Այսպիսով 2026-2027 աշուն-ձմեռ եղանակը կարելի է բնութագրել, որպէս նրբագեղութեան եւ ուժեղ անհատականութեան համադրութիւն:
Դասական ձեւերը կը ստանան ժամանակակից շունչ, իսկ յարմարաւէտութիւնը կը մնայ էական։
Գեղեցկութեան գաղտնիքը, սակայն, ոչ թէ միայն նորաձեւութեան հետեւիլն է, այլեւ ինքնավստահ ըլլալն ու անձնական ոճ ունենալը:
ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Քէմպրիճի համալսարանի հետազօտողները պարզած են, որ ծննդաբերութենէն մօտաւորապէս 33 ժամ ետք նորածին աղջիկներն ու տղաքը արդէն տարբեր հակադարձութիւն կը ցուցաբերեն։ Փորձի ընթացքին մանուկներուն ցոյց տրուած են մարդկային դէմքի եւ Նիւթընի շարժուն խաղալիքի տեսերիզներ.  աղջիկները զգալիօրէն աւելի երկար նայած են մարդկային դէմքին, մինչդեռ տղոց պարագային երկու տեսերիզները դիտելու ատեն էական տարբերութիւն չէ արձանագրուած։ Այս արդիւնքը կրնայ վկայել, որ աղջիկները կեանքի առաջին իսկ ժամերէն յստակ նախասիրութիւն ունին մարդկային դէմքերու նկատմամբ։
Գիտնականները կ’ենթադրեն, որ այս տարբերութիւնը կրնայ կախեալ ըլլալ մինչեւ ծնունդ սեռական հորմոններու՝ մասնաւորապէս թեսթոսթերոնի մակարդակի ազդեցութենէն, կամ ալ աղջիկներու ճանաչողական եւ ուղեղային աւելի արագ հասունացումէն։ Այդուհանդերձ, հետազօտողները կ’ընդգծեն, որ կանխահաս եզրակացութիւններ ընելը ճիշդ չէ, քանի որ փորձարկուած տեսերիզներու տեսողական առանձնայատկութիւններն ու միջավայրի նուրբ ազդեցութիւնները եւս կրնան դեր ունենալ արձանագրուած արդիւնքներուն մէջ։
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան