Անցողիկ, քանի մը վայրկեան տեւած դրուագ մը միշտ նուրբ զգացում կþարթնցնէ հոգիիս մէջ, սակայն, թերեւս, չտպաւորէ ուրիշը։ Պատանեկան մաքուր դէմքը աչքիս առջեւ է, սակայն վստահ չեմ, թէ կը յիշեմ անունը (արդեօք Յովի՞կ), իսկ մականունը, եթէ չեմ սխալիր, Սիւլահեան էր։ Բարձրահասակ, նիհար տղայ մըն էր, կը նստէր վերջին նստարանին ու քանի որ ոտքերը չէին բաւեր նեղ նստարանին մէջ (ինչպէս եւ բոլոր բարձրահասակ տղոց) արտօնած էի ուզած ատեն ոտքի կենալ։ Աշխուժօրէն կը մասնակցէր գրականութեան դասերուն։ Երազ ունեցող պատանի մըն էր. յուսամ կեանքը չփշրեց իր երազները։ Աւարտած էր դպրոցը, երբ օր մը ճեմարանին առջեւ տեսայ զինք. հեծիկէն իջաւ, բարեւեց. գործաւորի տպաւորութիւն թողուց վրաս։ Սակայն հարցո՜ւմը, որ ըրաւ… «Օրիոր՛դ, ո՞ր բանաստեղծութիւնն էր, որ չանցնող գեղեցկութեան մասին կը խօսէր…». դասարանին մէջ ընթերցեր էինք, բայց չէր յիշեր…։ «Թէքէեանին «Աղուորները» քերթուածն է», ըսի, ժպտեցաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց ու հեռացաւ։ Այնուհետեւ չեմ տեսած զինք, բայց ամէն անգամ, երբ առիթով մը Թէքէեանի այդ քերթուածէն տողեր կը սահին մտածիրէս՝ կը յիշեմ այդ կարճ դրուագը ու ջերմութիւն մը կը լեցուի հոգիս. այդ տղան, որ դասարանին մէջ ներծծած էր գեղեցկութիւնը, սակայն չէր արձագանգած՝ ինչպէ՜ս պահած էր հոգիին խորքը ու աւելի ուշ ըմբռնած էր գեղեցկութեան վերերկրային խորհուրդը, որ քիչերու հասու է … կեանքի փորձո՞վ արդեօք.
«Աղուորն անոնք են միայն, որ տենչանքիդ ընդմէջէն
Անցան, գացի՜ն ու հիմա քեզ հեռուէն կը կանչեն…»։
Բնականօրէն ճեմարանի կապուած յուշերս շատ են, կþընտրեմ որեւէ կերպով յատկանշականները։ Շրջանէ մը վերջ միայն տասնմէկերորդի դասաւանդեցի ու կարելի էր ըսել՝ բաւականին ճանչցայ տարիքային իւրայատկութիւնները։ Սակայն անակնկալներ կþըլլային, զորս փորձութիւն էին։ Երեսունէ-քառասուն պատանի տղոց ու աղջիկներու ուշադրութեան կեդրոն ես ամէն վայրկեան, իւրաքանչիւր խօսքդ ու վարմունքդ քննութեան տակ են ու հետք կը ձգեն կազմաւորուող հոգիներու վրայ։ Նաեւ՝ կրնան դասարանէն դուրս ելլել ու աւելի լայն շրջանակի քննութեան նիւթ դառնալ։ Մէկ խօսքով՝ ուսուցիչը ընդհանրապէս ենթարկուած է վարքի ու խօսքի որոշակի սահմանափակումներու, որոնք եթէ անյարիր են իր էութեան՝ ասպարէզը կրնայ նեղել զինք։
Այսպէս՝ դասարանի մը մէջ նոյն մականունով երկու պատանիներ կային, ազգականներ, սակայն բացարձակ հակադրութիւններ։ Մէկը միտքով գերհասուն, հաւասարակշռուած, փիլիսոփայական գիրքեր ընթերցող, մէկ խօսքով՝ այդ տարիքին քիչ հանդիպող զարգացում ունեցող էր։ Միւսը մտային թերաճութեամբ, սորվելու անընդունակ, սակայն իր ներկայութիւնը անտեղի, անհարկի ու յաճախ՝ տգեղ կերպով փաստող։ Կամ յայտնի ընտանիքի զաւակ էր, որուն դպրոցը չէր կրցած մերժել, կամ հայ տղայ մը փողոցը չձգելու մտահոգութեամբ ներս առած էին։ Կրնար բնաւ չհետեւիլ դասին, ինչ որ բաներով զբաղիլ կամ լռել ու յանկարծ, երբ բոլորը դասին կեդրոնացած են՝ բարձրաձայն յայտարարութեամբ մը տակնուվրայ ընել դասարանը։ Յիշեալ օրը գրականութեան պահուն քերթուածի մը վերլուծութիւնը կþընէի, երբ կարծես արթնցաւ, ինչոր բան ընկալեց ու արբունքի տարիքի իր գրգիռներու յանկարծակի մղումին տակ ոգեւորուած՝ աղաղակեց միտք մը, որմէ աղջիկները կարմրեցան, տղաքը, որ նման պարագաներու յաճախ կը խնդան, քարացած զիս կը նայէին։ Ես եւս քարացայ անակնկալէն։ Չլսել ձեւացնել հնարաւոր չէր, ան որոտացեր էր։ Չիմացայ ինչ ընել կամ ըսել. պահ մը հայեացքս վար առի ու հաւանաբար ենթագիտակցութեամբ՝ լռեցի։ Կարմրած էի ու հազիւ կը պահէի շփոթմունքս։ Հայեացքս ինկաւ զարմիկին. ան կը նայէր ինծի այնպիսի խօսուն նայուածքով, որ կը յայտնէր, թէ լիովին զգացած էր վիճակս ու գնահատած՝ կեցուածքս։ Ան ուժ տուաւ գտնելու ինքզինքս. շարունակեցի։ Ատեն մը ետք ծալուած թուղթ մը տուաւ ինծի։ Իր հեղինակած բանաստեղծական քառեակն էր, ուր իր սէրն ու յարգանքը կը յայտնէր։ Շատ պիտի ուզէի իմանալ, թէ ուր է եւ ինչ դիրքի է այդ տղան, սակայն անունը չեմ տար, պարզապէս միւսը չմատնելու համար։ Եթէ կարդայ այս գրութիւնս, թող իմանայ որ միշտ յիշած եմ զինք՝ Վ. Մ.։
«Նստարանի հոգեբանութիւն» կոչուած երեւոյթը կայ, որու անպայման ծանօթ են գէթ անգամ մը հասուն տարիքին ուսանելու համար դպրոցական նստարանի նստած անձեր։ Շատախօսելու, ուսուցիչէն գաղտուկ բան մը ընելու ու մանաւանդ՝ քովինէն «քոփի ընելու» դպրոցականի տրամադրութիւն կþունենայ, թէեւ ինք ալ կը խնդայ ըրածին։ Հասուն տարիքին քննութեան միջոցին ուրիշէ ընդօրինակելու մղումը հոգեբանօրէն բացատրուած է։ Տարբեր անձերու քով ան տարբեր պատճառներ կրնայ ունենալ, օրինակ՝ ինքնավստահութեան պակաս եւ ուրիշի յենելու կարիք, քննութեան հանդէպ հին դպրոցական վախի արթնացում, պատասխանը սխալ ըլլալու պարագային՝ իր անձին վրայէն «մեղքը» նետել, կամ ուղղակի դպրոցական տարիքէն մնացած սովորութիւն։ Քննութեան սթրէսը ծանր, գերլարուած վիճակ է, ու մարդ նոյնիսկ հասուն տարիքին, երբ դժուար կացութեան մը դէմ գտնուի՝ կրնայ քննութիւն տալու մղձաւանջային երազներ ունենալ։ Եթէ վարկաբեկուելու հարց չունենայ՝ առիթի պարագային մարդոց մեծամասնութիւնը կը փորձէ «քոփի ընել»։ Նպատակս ժամանակի մէջ յետ երթալ եւ քննութեան միջոցին այլոց օգնութեան դիմող աշակերտներու փաստաբանը ըլլալու փորձս է (ո՛չ Mr. Bean-ին)։ Քիչեր է որ ի հարկին չէին տրուիր այդ գայթակղութեան, իսկ շատերու համար այդ փրկութեան լաւագոյն միջոցն էր։ Կþըլլային վարպետներ, որոնք ամէնէն ուշադիր ուսուցիչը կրնային խաբել՝ հազար ու մէկ մշակուած կերպերով։ Կþըլլային, որ կը տագնապէին ու կը մատնէին ինքզինքնին, կþըլլային որ բռնուելու պարագային կաս-կարմիր կþըլլային կամ կու լային ու սակայն կային, որոնք քանիցս նկատողութիւն ստանալէ ետքն ալ միշտ կը փորձէին։ Դէպքը, որ մնացեր է յիշողութեանս մէջ, բացառիկներէն է։ Տասնմէկերորդ կարգի լաւագոյն դասարաններէն էր։ Հաճելի էր հոն դասը, քանի որ հասուն միտք ունեցողներ շատ էին ու մանաւանդ՝ ազգային բարձր գիտակցութիւն ունեցող պատանիներ։ Հայերէնի ամսական գրաւորի պահ էր, իրենց օգնութեամբ բաժնեցի քննաթերթերը ապա՝ հարցաթերթիկները եւ սկսան աշխատիլ։ Հանգիստ կը քալէի շարքերու մէջէն եւ կասկած չունէի իրենցմէ։ Բայց ահա նկատեցի. անկիւնը նստած տղայ մը կþընդօրինակէր։ Չաճապարեցի, մինչեւ որ համոզուէի կասկածիս։ Քանի որ մինչ այդ քանի մը անգամ բռնած էր իրեն նայող հայեացքս՝ հասկցաւ, շփոթեցաւ ու թղթիկը սահեցուց վար, որ նստարանին տակ ինկաւ։ Կեցայ քովը եւ շատ ցած ձայնով ըսի, որ թուղթը (իրենց բառով՝ ռաչեթա-դեղագիր) նստարանին ինծի տայ։ Չէր ուզեր,
կը պնդէր որ հոն բան մը չկայ, մինչդեռ թուղթը յստակօրէն կþերեւէր։ Աշակերտները մեր կողմ դարձան ու քանի մը տեղէ ամօթանք տուին, թէ ինչպէ՜ս «քոփի» կþընէ հայերէնը… Ամբողջ դասարանը դադրեցուց գրելը, եւ բացառիկն այն էր, որ այդ միջոցին ոչ ոք փորձեց առիթէն օգտուիլ, մինչեւ որ ան յանձնեց ռաչեթան։ Որքա՜ն հպարտ էի իրենցմով այդ պահուն ու որքա՜ն կը սիրէի զիրենք։ Ենթական հաւանաբար կը յիշէ, սակայն միւսները թող ներեն զիս, որ յարմար չեմ նկատեր այդ հրաշալի հայորդիներէն անուանպէս որեւէ մէկը նշել։
Մէկ յարկի տակ հաւաքել այդչափ պատանիներ ու աղջիկներ եւ սիրահարութիւններ չսպասելը միամտութիւն պիտի ըլլար։ Մեր զաւակները բնական էին, հետեւաբար սիրոյ բացայայտ կամ ծածուկ բողբոջումի ու ծլարձակումի ականատես կþըլլայինք։ Մանկավարժները պարտաւոր են նման պարագաներու բարեացակամօրէն մօտենալ, չմիջամտել, մանաւանդ՝ ուրիշներու ներկայութեան նիւթ չդարձնել, այսինքն՝ յարգել պատանեկան նուրբ զգացումները ու սիրտեր չտրորել։ Դպրոցական սէրերը քիչ անգամ լուրջ յարաբերութեան կը յանգին։ Աւելի յաճախ յափշտակութիւններ են, խաբկանքներ, քան թէ խոր ու տեւական զգացումներ, քանի որ ճանաչողութեան վրայ չեն հիմնուիր։ Եղած են, անշուշտ, աւելի գիտակցուած ու խոր զգացումներ ու յաջող ընտանիքներ։ Սակայն առաջին սէրը զգացական աշխարհի արթնացումին վրայ է յենած, թրթռուն զգացումներ, որոնք նուազագոյն հովերէն կþանհետին։ Այս առթիւ Պ. Սեւակը կը գրէ.
«Սակայն, սիրելիս, ինչ էլ որ անես,
Առաջին սէրը միշտ կուտ է գնում»։
«Կուտ գնաց» կþըսեն, երբ փուռ դրուած առաջին հացը կþայրի։ Ահա այրումի երկու պատկեր։
Պատմուածքի նիւթ մըն է։ Բարձրահասակ, սեւուլիկ տղայ մըն էր, գրական զգացողութեամբ օժտուած։ Բանաստեղծութիւններ կը գրէր, արթիսթ էր էութեամբ։ Շրջան մը ետք դասին հանդէպ անտարբեր դարձաւ։ Ամբողջ ժամանակ նստարանին կողմնակի նստած՝ հայեացքն ուղղուած էր երրորդ շարք նստող աղջկայ մը։ Եթէ խօսք ուղղէի իրեն՝ անկամօրէն կը պատասխանէր, չունէր առաջուան աշխուժութիւնը։ Մինչդեռ աղջիկը հաստատուն հողի վրայ գտնուող մըն էր՝ գիտէր ինչ կþուզէր եւ ուզածը, վստահաբար, բանաստեղծ մը չէր։ Ընտանեկան կապ ունէինք եւ օր մը մայրը գանգատեցաւ. «Այս պաղուն պատշգամէն տուն չի գար, դաս
չի սորվիր, աչքը դէմի պատշգամին է…»։ Կինը ինձմէ օգնութիւն կը սպասէր, բայց միջամտել չէի կրնար։ Ուսումնական տարին հազիւ ամբողջացած՝ աղջկան ընտանիքը գաղթեց Ամերիկա։ Կը թուէր՝ հարցը ինքնին լուծուեցաւ։ Օր մըն ալ մայրը յայտնեց, որ տղան պնդեց թէ Ամերիկա, հօրեղբօր հետ աշխատելու պիտի երթայ։ Աւարտական տարին հազիւ սկսած՝ ձգեր գացեր էր երազին ետեւէն։ Հոս է գագաթնակէտը։ Հոն
կը գտնէ աղջիկը, կը հետապնդէ, կը ջանայ համոզել՝ իզուր։ Ու օր մը, երբ ան ինքնաշարժ կը վարէր, կը նետուի ու կը կենայ ինքնաշարժին առջեւ։ Աղջիկը կը փորձէ յառաջանալ, դանդաղ կը քշէ. տղան երկու ափերը մեքենայի վրայ՝ հայեացքը անոր յառած՝ յետ-յետ կը քալէ ու չի հեռանար։ Եւ այդպէս՝ փողոցին մէջ, անցորդներու զարմանքին տակ՝ մեքենան դանդաղ
կը շարժի… մինչեւ որ ոստիկանը կը հասնի…։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան