Եթէ քննական հայեացքով նայինք Արցախի եւ արցախահայութեան վերջին դարու պատմութեան, շուրջ մէկդարեայ մաքառումներուն եւ անոր սպառնացող գոյութենական վտանգներուն, պարզ ու մեկին կը դառնայ, որ Ատրպէյճանի շարունակական յարձակումներն ու պատերազմները սոսկ «տարածքային ամբողջականութեան» տրամաբանութեան մէջ չէին մտներ բնաւ: Խնդիրը պարզապէս հողային հակամարտութիւն չէր, այլ՝ հայկական հետքը, դարաւոր քաղաքակրթական ներկայութիւնն ու պատմութիւնը տարածաշրջանէն վերջնականապէս չէզոքացնելու պետական ռազմավարութիւն:
Այս իրողութիւնը աւելի ցայտուն կը դառնայ, երբ համեմատականներ
կը տանինք տարածաշրջանային այլ հակամարտութիւններու հետ: Սուրիոյ օրինակը, թէեւ պատմական ու քաղաքական տարբեր պայմաններ ունի, սակայն կը փաստէ, որ ներքին բախումներն ու անջատողական միտումները պարտադիր չէ որ յանգին ամբողջական ցեղային զտումներու կամ բնիկ ժողովուրդի բռնի տեղահանման ու անոր մշակոյթին վերացման: Արցախի պարագային, սակայն, Պաքուի իշխանութիւնները դրին ոչ թէ համակեցութեան կամ համարկման, այլ հայաթափման եւ հայկականութիւնը արմատախիլ ընելու նպատակ:
Խորհրդային Միութեան փլուզման նախօրեակին եւ յաջորդող տարիներուն տեղի ունեցած Սումկայիթի, Պաքուի, Մարաղայի ջարդերը ոչ այլ ինչ էին, եթէ ոչ ցեղասպանական քաղաքականութեան փորձեր: Ի պատասխան այս սպառնալիքներուն՝ Արցախի ժողովուրդը, միջազգային իրաւունքի եւ ԽՍՀՄ օրէնսդրութեան տառին համապատասխան, կիրարկեց իր ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ հռչակելով անկախութիւն, որպէսզի երաշխաւորէ իր ֆիզիքական անվտանգութիւնն ու արժանապատիւ գոյութիւնը:
27 Սեպտեմբեր 2020-ին սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմը այդ նոյն հայաջինջ քաղաքականութեան բացայայտ ու լայնածաւալ շարունակութիւնն էր: Անոր յաջորդեցին 2022-23 թուականներու իննամսեայ ապօրինի ու դաժան շրջափակումը եւ 2023 Սեպտեմբերի ռազմական յարձակումը, որոնք փաստեցին, որ Ատրպէյճանի վերջնական նպատակը Արցախի լիակատար հայաթափումն էր: Այսօր, երբ բնիկ արցախահայութիւնը ամբողջութեամբ տեղահանուած է իր պատմական բնօրրանէն, Պաքուն պետական եւ ակադեմական մակարդակով լծուած է հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան աղաւաղման, «աղուանականացման» կամ հիմնովին ոչնչացման արշաւին: Սա լոկ տարածքային հարց չէ, այլ ուղղակի հարուած՝ հայ ազգի ինքնութեան, մշակոյթին ու պատմական յիշողութեան:
Հարաւային Կովկասի ընթացիկ զարգացումներու շրջագիծին մէջ, Ատրպէյճանի նկրտումները չեն սահմանափակուիր Արցախով: Պաքուի ճնշումները Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ, «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կեղծ թեզի շրջանառութիւնն ու «Զանգեզուրի միջանցք»-ի պարտադրանքը ցոյց կու տան, որ «խաղաղութեան պայմանագիր»-ի պատրուակով տեղի կ’ունենայ սպառնալիքներու նոր շղթայազերծում:
Այսօր, առաւել քան երբեք, անհրաժեշտ է Հայաստանի պետականութեան եւ անվտանգութեան հիմքերու ամրապնդումը: Իսկական խաղաղութիւնը
չի կերտուիր միակողմանի զիջումներով, այլ՝ ազգային միասնականութեամբ, պաշտպանողական կարողութիւններու զարգացմամբ եւ արթուն ազգային գիտակցութեամբ:
Երեւանի մէջ գումարուած Հայ Դատի խորհրդաժողովի եւ համահայկական կառոյցներու հիմնական առաջադրանքն էր ռազմավարական միասնական ճակատի ձեւաւորումը, որպէսզի կարելի ըլլայ միջազգային բոլոր ատեաններուն մէջ իրաւաքաղաքական տուեալներով հետապնդել արցախահայութեան՝ իրենց հայրենիքը հաւաքական, անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի խլուած իրաւունքը, ազատ արձակել տալ Պաքուի մէջ գերի պահուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնն ու բոլոր ռազմագերիները, ինչպէս նաեւ դիմակայել հայոց պետականութեան սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներուն:
Այս նպատակներու իրագործումը սակայն կը պահանջէ, որ Հայաստանի պետական դիւանագիտութիւնն ու Սփիւռքի Հայ Դատի գրասենեակները գործեն լիակատար ներդաշնակութեամբ եւ ոչ թէ հակադրութեամբ։ Ցաւալի է արձանագրել, որ պետական որոշ շրջանակներու կողմէ Սփիւռքի լոպիինկի աշխատանքները սահմանափակելու կամ «խանգարող» նկատելու փորձերը միայն կը թուլցնեն մեր հաւաքական դիրքերը։
Գործնական օրինակով՝ երբ ԱՄՆ-ի կամ Եւրոպական Միութեան օրէնսդիր մարմիններուն մէջ Հայ Դատի գրասենեակները յաջողութեամբ առաջ կը տանին Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու, Պաքուին տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնը սառեցնելու կամ Արցախի վերադարձի իրաւունքը բանաձեւելու նախագիծեր, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնն ու դեսպանութիւնները պէտք է օգտագործեն այդ քաղաքական լծակները միջպետական բանակցութիւններուն մէջ։
Հայաստանի պետականութեան անվտանգութիւնն ու Սփիւռքի քաղաքական պայքարը նոյն մետալին երկու երեսներն են. մեր ազգային շահերը կը պահանջեն ուժերու մէկտեղում, փոխադարձ վստահութիւն եւ միասնական ռազմավարութիւն, որպէսզի հայկական դիւանագիտութիւնը դառնայ ամբողջական ու ազդեցիկ։