Երբ առաջին անգամ միութեան մը կ’անդամակցինք, թերեւս չենք մտածեր, թէ օր մը այդ միութիւնը մեզմէ ի՛նչ պիտի պահանջէ։ Մենք մաս կը կազմենք անոր՝ նոր մարդիկ ճանչնալու, ընկերներ ունենալու, նոր բաներ սորվելու, փորձառութիւն ձեռքբերելու եւ գեղեցիկ յիշատակներ պահելու համար։ Այս բոլորը ճիշդ են։ Միութենական ըլլալը շատ բան կը սորվեցնէ մեզի։
Բայց երբ պահ մը կանգ առնենք ու մենք մեզի հարցնենք՝ «Իսկ ես ի՞նչ տուի միութեան», պատասխանը միշտ դիւրին պիտի չըլլայ։
Միութիւնը այն վայրը չէ, ուրկէ միայն օգուտ կը քաղենք։ Միութիւնը այն ընտանիքն է, ուր կը սորվինք նաեւ տալ։
Այս նիւթերը քննարկելու համար զրոյց մը ունեցանք Քեսապի Էքիզոլուքի ՀՄԸՄ-ի բանակավայրէն ներս՝ ՍԵՄ-ականներու հետ։ Ստորեւ՝ մեր զրոյցին ամփոփումը.
Ի՞նչ է միութիւնը։
Մեր անդամներուն համար «միութիւն» բառը միայն մէկ սահմանում չունի։ Ան միասնականութիւն է, ընտանիք, հաւաքականութիւն, գաղափար, սկզբունք, բռունցք, զոհողութիւն, ծառայութիւն եւ նուիրում։
Միութիւնը կազմակերպուած աշխատիլ է՝ ոչ միայն անձիդ, այլ բոլորին համար։ Ան ուժ է, որ կը ստեղծուի երբ տարբեր անհատներ իրենց կարողութիւնները ի սպաս կը դնեն մէկ նպատակի։
Իսկ թերեւս ամէնէն գեղեցիկ պատկերը այն է, որ միութիւնը բռունցք մըն է…, որուն մատները կրնան տարբեր ըլլալ, բայց երբ կը միանան, ուժ կը դառնան։
Ի՞նչ ստացար այս միութենէն։
Այս հարցումին պատասխանները շատ բան կը պատմեն։
Միութենէն ստացած են ընկերութիւն, սէր, գիտելիք, փորձառութիւն, կարգ ու կանոն, խմբային աշխատանքի կարողութիւն եւ առողջ մտածելակերպ։ Միութիւնը շատերուն օգնած է աւելի լաւ ճանչնալու ազգային, կրօնական եւ մշակութային արժէքները, զարգացնելու ազգասիրութիւնը եւ ինքնութեան պահպանումի գիտակցութիւնը։
Այս բոլորը մեծ ներդրումներ են, որոնք նաեւ պարտաւորութիւններ կը թելադրեն։
Ի՞նչ տուիր այս միութեան։
Այս հարցումին պատասխանները տարբեր էին՝ եւ այդ տարբերութիւնը ինքնին մտածելու տեղիք կու տայ։
Կրտսեր անդամներէն ոմանք անկեղծօրէն ըսին, որ տակաւին իրենց տարիքը առնելու եւ սորվելու շրջան է, եւ իրենք շատ բան չունին տալու։ Իսկ երէց անդամներուն պատասխանները բոլորովին ուրիշ երանգ ունէին։ Անոնք կը գիտակցէին, որ տարիներու ընթացքին իրենց ստացածը այժմ պէտք է փոխանցեն կրտսեր սերունդին՝ առանց փոխադարձ ակնկալութեան։ Որովհետեւ ծառայութիւնը միշտ չէ, որ մեծ գործ մը պիտի ըլլայ։ Երբեմն ծառայութիւնը ժամանակդ նուիրել է։ Երբեմն՝ աշխատանքի մը մասնակցիլ։ Երբեմն՝ նոր գաղափար մը բերել եւ ուրիշի մը համար տեղ բանալ, որպէսզի ան իր կարծիքը արտայայտէ ու զգայ, որ իր ներկայութիւնը արժէք ունի։
Ի՞նչ կը պատահի, երբ բոլորը կը սպասեն, որ ուրիշ մը կազմակերպէ, օգնէ եւ նախաձեռնէ։
Միութիւնը կը սառի։
Այսօր շատ միութիւններու մէջ զգացուող այդ «անտարբերութիւնը» կրնայ վերածուիլ աւելի մեծ հարցի մը՝ պատճառ դառնալով համայնքի տկարացման, երբ կը նուազին թէ՛ թիւը, թէ՛ որակը։
Մեր երիտասարդներէն մէկը այդ վիճակը նկարագրեց շատ պարզ, բայց ուժեղ արտայայտութեամբ՝ «Միութիւնը կը դառնայ մանկապարտէզ»։
Երբ ամէն մարդ կը սպասէ ուրիշին, գործի յաջողութիւնը կ’ուշանայ, նախաձեռնութիւնները կը տապալին, եւ ի վերջոյ՝ ամբողջ կառոյցը կը կորսնցնէ իր ուժը։
Որովհետեւ միութիւնը չի գոյատեւեր կրաւորական անդամներով։ Միութիւնը կը կառուցուի եւ կը գոյատեւէ ծառայասէր անդամներով։
(շար. 1)
——————————————————————————————
Ի՞նչ կը նշանակէ ներկայութեամբդ տարբերութիւն ստեղծել
Թերեւս ծառայելու ամենագեղեցիկ ձեւերէն մէկը այն է, որ ներկայութեեամբդ ու կատարած դերովդ բան մը բարելաւուի։
Ոմանք իրենց գիտելիքը կը բերեն, ուրիշներ՝ իրենց կազմակերպելու կարողութիւնը, ստեղծագործ միտքը, աշխատասիրութիւնը կամ պարզապէս պատրաստակամութիւնը։
Նոյնիսկ սխալները կրնան ծառայութեան մաս կազմել։ Աշխատանքներու ընթացքին կրկնուող սխալները նկատել, ուղղել եւ այդ փորձառութիւնը յաջորդին փոխանցել՝ ինքնին աճ է։
Ու այս բոլորէն վեր՝ հիմնականը սիրով աշխատանքն է, ուր սէրը ամբողջ աշխատանքը կատարեալ կը դարձնէ, որովհետեւ միութեան ամբողջական պատկերը մէկ անձի կարողութիւններով չի կազմուիր։ Իւրաքանչիւր անդամ, իր իւրայատկութեամբ, մէկ մասն է ամբողջ պատկերին եւ անոնց միացնողը՝ սէրն է։
Ստացածը պահե՞լ, թէ փոխանցել։
Եթէ միութիւնը քեզի գիտելիք, սէր, ընկերութիւն, փորձառութիւն եւ կարողութիւններ կու տայ, այդ բոլորը միայն քեզի համար չեն։ Պատասխանատուութիւն ունիս զանոնք պահելու, ապրելու եւ յաջորդ սերունդին փոխանցելու։ Որովհետեւ միութեան մը գոյատեւումը կախեալ է ոչ միայն անոր այսօրուան անդամներէն, այլ նաեւ այն բանէն, թէ այսօրուան անդամները ի՛նչ պիտի փոխանցեն վաղուան անդամներուն։
Մենք ժամանակաւոր պահապաններն ենք այն արժէքներուն, զորս ուրիշներ մեզի յանձնեցին։
Մէկէ աւելի միութեան ծառայել՝ բաժանուի՞լ, թէ միանալ
Տարբեր միութիւններու ծառայելը կրնայ ունենալ մեծ առաւելութիւններ։
Իւրաքանչիւր միութենէ կարելի է տարբեր բան մը ստանալ ու այդ զարգացումը միւսին փոխանցել։ Մէկ տեղէ՝ մարմնական զարգացում, ուրիշ տեղէ՝ մտային, այլ տեղէ մը՝ մշակութային։ Տարբեր միջավայրեր նաեւ կը ծանօթացնեն տարբեր մարդոց, տեսակէտներու եւ աշխատանքային ձեւերու։
Երբ այս բոլորը իրարու կը միանան, շահողը միայն անհատը չէ$ շահողը ամբողջ ազգն է։
Սակայն բազմակի ծառայութիւնը նաեւ իր դժուարութիւնները ունի։ Ժամանակի ճնշումը, պարտականութիւններու բազմացումը, անհաւասարակշռութիւնը եւ տարբեր միութիւններու կողմէ անդամը իրենց ուղղութեամբ քաշելու փորձը կրնան պատճառ դառնալ, որ մարդը ծանրաբեռնուի կամ կեդրոնացումը կորսնցնէ։
Երբեմն ալ նոյն մարդիկ կը ծառայեն տարբեր միութիւններու մէջ, եւ կրնայ առաջանալ մտքերու կրկնութիւն կամ միութիւններու ինքնատիպութեան նուազում։
Ուստի հարցը միայն՝ «Քանի՞ միութեան կը ծառայեմ» չէ։ Հարցը՝ «Որքանո՞վ իմ ծառայութիւնը օգտակար է այնտեղ, ուր կը գտնուիմ»։
Վերջաբան
Միութիւնը մեզի միայն անուն մը, ընկերներ կամ յիշատակներ չի տար։ Ան մեզի կը յանձնէ արժէքներ, գիտելիք, սէր եւ պատասխանատուութիւն։ Իսկ մեր հերթին՝ մենք պէտք է այդ ժառանգութիւնը ապրեցնենք։
Միութեան ուժը անոր ունեցած անդամներու թիւը չէ միայն։ Անոր ուժը այն անդամներն են, որոնք պատրաստ են իրենց ժամանակէն, կարողութենէն եւ սրտէն բաժին մը տալու։
Ուրեմն, երբ յաջորդ անգամ մտնես միութեան դռնէն ներս, պահ մը կանգ ա՛ռ եւ ինքզինքիդ հարցո՛ւր՝ Եթէ բոլորը ակնկալեն, ո՞վ պիտի ըլլայ տուողը։
Իսկ դո՞ւն՝ միութեան մէջ ծառայո՞ղ ես, թէ՝ ակնկալող։
Պատրաստեցին՝ Արփի Գրտանեան
Նանոր Լախոյեան