Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ “Ա. Ահարոնեան” կեդրոնի վարչութեան, Ուրբաթ, 25 Սեպտեմբեր 2026-ին, Դամասկոսի «Զաւարեան» համալիրի շրջափակէն ներս Խաչվերաց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք եւ հարիսայի մատաղօրհնէք։

Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Արք.Աշգարեան, Դամասկոսի հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, ժողովրդապետ Հայ կաթողիկէ համայնքի Գերյարգելի Տէր Գէորգ Ծրգ. Վրդ. Պահէեան, Հոգեշ. Տէր Արմէն վրդ. Գալայճեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային ժողովի ներկայացիչ Յարութ Հայրապետեան, “Ա. Ահարոնեան” կեդրոնի վարչութիւնը, Ազգ. Միացեալ ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ հոգաբարձութիւնը, «Ահարոնեան» կեդրոնի միութիւններու Շրջ. եւ վարչութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դամասկահայերու հոծ բազմութիւն:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ-ի շեփորախումբը Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով:

Օրուան հանդիսավար Սոնա Անտրեան- Քիւրտեան բարի գալուստի խօսքէն ետք անդրադարձաւ Խաչվերաց տօնին, որ Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն ու կարեւորագոյնն է եւ կը յիշատակէ Քրիստոսի խաչափայտի գերութենէն վերադարձը եւ փառաբանութիւնը, մաղթելով որ Քրիստոսի յաղթական խաչը պահապան ըլլայ բոլորին, լուսաւորէ եւ առաջնորդէ մեզ դէպի ճշմարիտ հաւատք:

Ապա խօսք արտասանեց “Ա. Ահարոնեան ” կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչ Պօղոս Խաճարեան, որ շնորհաւորեց Խաչվերաց տօնը ու նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան տարեդարձը, յիշելով որ «28 Մայիս 1918-ին հռչակուած անկախութիւնը եւ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին ձեռքբերուած վերանկախութիւնը զիրար ամբողջացնող ազգային արժէքներ են եւ անոնց արդիւնքով կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը երաշխիքն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ յաւերժութեան»։

Ան աւելցուց. «Սփիւռքը երբեք ինքնանպատակ չէ եղած, ան անբաժանելի մասն է Հայ իրականութեան. Այսպէս դաստիարակուած ենք եւ կը շարունակենք դաստիարակել մեր գալիք սերունդները։ Մենք կը մնանք պահանջատէր մեր պատմական իրաւունքներուն թէ’ Արցախի, թէ’ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ»։

Խաճարեան շարունակեց ըսելով. «Հակառակ Սուրիոյ վերջին տարիներու տագնապալի իրավիճակին, որուն հետեւանքով գաղթեցին բազմաթիւ հայեր եւ ի մասնաւորի երիտասարդ տարրը, այնուամենայնիւ մեր կազմակերպութիւնը կը մնայ ամուր, պահելով մեր դպրոցները, եկեղեցիներն ու հայկական հաստատութիւնները։ Կը խոստանանք շարունակել մեր կրթական, մշակութային ու ծառայողական աշխատանքները եւ արձանագրել նոր յաջողութիւններ»։

Այնուհետեւ Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան կատարեց մատաղօրհնէք եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց ներկաներուն ըսելով. «Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է մեր եկեղեցական եւ ազգային տօները միասնաբար տօնելը եւ մանաւանդ այն տօները, որոնք կը վերաբերին թէ’ մեր անկախութեան հայրենական իմաստով եւ թէ ‘ մեր ազատագրութեան հոգեւոր իմաստով»։

Սրբազան հայրը ներկաներուն պարզեց խաչին պատմական իմաստը նախքան Քրիստոնէութիւն. «Վերացման տօնին առիթով մենք խաչն է որ կը բարձրացնենք եւ կը պատուենք, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս խաչ բարձրանալով իր անմեղ արիւնը յեղեց եւ իր արեան հեղումով մեզ փրկեց, մեզ վերականգնեց, մեզ վերանաորոգեց, մեզ բժշկեգ, մեզ ազատագրեց եւ երկնքի արքայութեան ժառանգորդ դարձուց։ Այս է խաչափայտին խորհրդանիշը»:

Խօսքի աւարտին, Մակար սրբազան շնորհաւորեց ներկաներուն Խաչվերաց տօնը եւ իր հայրական բարեմաղթութիւնները տուաւ:

Աշուղական եւ ազգային երգերով հանդէս եկաւ հալէպահայ երգչուհի Արգինա Շէօհմէլեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ներսէս Թօփճեանի։ Անոնք իրենց հրաշալի կատարողութեամբ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին: Երգերու ճոխութիւնը ներկաները ուղղեց շուրջպարերու, որոնց մասնակցեցան մեծերն ու փոքրերը:

Ապա, ազգային եւ յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ Մարտիկ Գաթըգլեան, որ իր բացառիկ կատարումով դամասկահայերուն ազգային հպարտութիւն եւ միասնական ոգի ներշնչեց։

Այսպիսով, անգամ մը եւս դամասկահայութիւնը նշեց աւանդութիւն դարձած «Ահարոնեան» կեդրոնի Խաչվերաց տօնը, փաստելով, որ ան միշտ իր մէջ կենդանի պիտի պահէ մեր Քրիստոնէական հաւատքը, ազգային ինքնութիւնը եւ մշակութային արժէքները:

Մարի Գարակէօզեան- Թովմասեան