28 Սեպտեմբերին Երեւան՝ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, տեղի ունեցած է աշխատանքային հանդիպում Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի, գրասենեակներու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Արցախի պետական նախարարը եւ Մարդու իրաւանց պաշտպանը։
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց կարեւորութեամբ անդրադարձած է Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն ծաւալած աշխատանքին։ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր կարգին ընդգծած է, որ Արցախի հիմնահարցը կը շարունակէ մնալ կառոյցի գործունէութեան առանցքը, եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքները կը կրեն երկարաժամկէտ ու անփոփոխ բնոյթ։ Ան նաեւ մատնանշած է Արցախի պետական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը մանրամասնօրէն քննարկած են միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի հարցի արծարծման ռազմավարութիւնն ու մատնանշած հետեւեալ թիրախային ուղղութիւնները.
-Հաւաքական վերադարձի իրաւունք. Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւն, այդ շարքին՝ միջազգային յուսալի երաշխիքներու առկայութեամբ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իւրացում։
-Գերիներու ազատ արձակում. Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայազգի գերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ ազատ արձակման հարցի հետապնդում։
-Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն. Արցախի մշակութային ու պատմական ժառանգութեան պահպանութիւն եւ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական հետքի ոչնչացման քաղաքականութեան հակազդում։
-Ընկերային-կրթական աջակցութիւն. Բռնի տեղահանուած արցախցիներուն կենցաղային, ընկերային եւ կրթական աջակցութեան ցուցաբերման մեքանիզմներու ընդլայնում։
Քննարկումի աւարտին կողմերը կարեւորած են միատեղ ջանքերու շարունակականութիւնն ու գործակցութիւնը։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան վերահաստատած է Արցախի իշխանութիւններու դերակատարութիւնը եւ ընդգծած նմանօրինակ հանդիպումներու նշանակութիւնը՝ յառաջիկայ աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ համակարգելու համար։