27 Սեպտեմբերը Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին 6-րդ տարելիցն էր։ Վեց տարի անցաւ, բայց ժամանակը կանգ առած է մեր մէջ։
Հայաստանի թէ Արցախի մէջ քանդուեցան անթիւ օջախներ, կոտրեցան ու արցունքով լեցուեցան հազարաւոր սրտեր։ Մենք՝ ողջ մնացածներս, այդ ողբերգութենէն դուրս չեկանք․ ապրողի կերպարանքով ամէն օր նոյն ցաւը կը վերապրինք, նոյն մղձաւանջին մէջ կը պտըտինք՝ անդադար մենք մեզ մեղադրելով եղածին համար։ Բայց որքան ալ ծանր ըլլայ ինքնամեղադրանքը, իրականութիւնը մէկ է․ ինչպէս առաջին օրը, այնպէս ալ այսօր, բոլորս շատ լաւ գիտենք այն դաւաճաններուն անունները, որոնց արարքները մինչև օրս մնացած են անպատիժ։
Այսօր մեզմէ պահանջուածը լոկ սուգի մէջ մնալը չէ, այլ՝ Արցախի օրակարգը վառ պահել, ամէն ատեանի մէջ, ամէն շրջանակի մէջ թոյլ չտալ, որ Արցախի հարցը մոռացութեան մատնուի կամ փակուած համարուի։ Վերադարձի գաղափարը ապրեցնել, վերադարձի հաւատքը պէտք է դառնայ մեր ամէնօրեայ շունչը, մեր ապրելու իմաստը։
Նպատակասլաց աշխատանք է հարկաւոր՝ դատարկ խօսքերէ անցնիլ հետեւողական ու ծանր աշխատանքի՝ վերադարձի իրաւունքն ու գաղափարը մարմնաւորելու համար։ Արցախը լոկ հողատարածք չէ, Արցախը մեր ազգային արժանապատուութիւնն է։
Ու քանի մեր մէջ տակաւին կ’ապրի վերադարձի տեսլականը, պայքարը չէ աւարտած։
Յ․Ք․