«Էրմենիհապեր»-ի համաձայն, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր «Թուրքիա-Ատրպէյճան բարեկամութեան եւ գործակցութեան հիմնադրամ»-ի ձեռնարկին ընթացքին յոյս յայտնած է, որ Հայաստան ու Ատրպէյճան շուտով կը հասնին համապարփակ եւ մնայուն խաղաղութեան:

Կիւլեր գոհունակութիւն յայտնած է խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած դրական քայլերուն գծով՝ շեշտելով, որ Թուրքիա կ՛աջակցի տարածաշրջանային կայունութիւնն ու բարօրութիւնը ամրապնդող ջանքերուն։ Ան աւելցուցած է, որ Կովկասը գործակցութեան եւ զարգացման կարիք ունի, իսկ թուրք-ատրպէյճանական ամուր համերաշխութիւնը այդ նոր շրջանի կարեւոր երաշխիքներէն է։