Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2026-ին, ՀՄԸՄ Հալէպի մասնաճիւղը մեծ շուքով եւ խանդավառութեամբ ներկայացուց «Սփիւռք» բանակումի խարուկահանդէսը՝ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջափակէն ներս։
Խարուկահանդէսին ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․Արք․ Աշգարեան, Հոգեւոր հայրեր, Պատկան Մարմնի, Ազգ․ Վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդր․, Շրջ․ եւ տեղական վարչութիւններու, Հալէպի Սկաուտ Խորհուրդի, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ՀՄԸՄ-ի հարիւրաւոր հաւատաւորներ։
Փողերախումբի մասնակցութեամբ Հայաստանի, Արցախի եւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգներու հնչիւններուն ներքոյ պաշտօնապէս բացուեցաւ յայտագիրը, որմէ ետք ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մեր հերոսներուն։ Նոյն օրը կը զուգադիպէր 2020 թուականի Արցախի դէմ 44-օրեայ պատերազմի սկիզբին։
Բացման պատկերին ընթացքին, գայլիկ-արծուիկները եռագոյնի գոյներով շարուեցան եւ թնդացնող հնչիւններով վանկարկեցին «Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք» կարգախօսը։ Անոր յաջորդեց արի-արենոյշներու ելոյթը․ անոնք բացին Հայաստանի քարտէզը՝ որպէս խորհրդանիշ այն իրողութեան, որ աշխարհասփիւռ բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն հայեացքն ու սիրտը միշտ ուղղուած են մայր հայրենիքին։ Այս յուզիչ պահուն յաջորդեց երէց-պարմանի կրակով ելոյթը, որ աւելիով բարձրացուց խարուկահանդէսի խանդավառութիւնը։ Սրբազան հօր ձեռքով կրակը հասաւ մինչեւ խարոյկ, որ բոցավառեցաւ ներկաներուն ծափողջոյններուն ներքոյ։
Ձեռնարկի պաշտօնական բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի խմբապետ՝ եղբայր Հրակ Փայասեան։ Ան շեշտեց սկաուտական դաստիարակութեան կարեւորութիւնն ու հայ երիտասարդութեան դերը՝ շեշտելով, որ այս անդասարան դպրոցին մէջ սկաուտները կը սորվին եղբայրսիրութիւն, ծառայութիւն եւ կամքի տոկունութիւն։ Խմբապետը նաեւ յայտնեց, որ սոյն խարուկահանդէսը նախատեսուած էր կատարել Քեսապի մէջ, սակայն եղանակային պայմաններուն պատճառով յետաձգուեցաւ։ Սկաուտները ոչ թէ չեղարկեցին զայն, այլ հաստատեցին իրենց կամքը՝ բոլորովին սկիզբէն եւ միայն մէկ օրուան մէջ ճեմարանի շրջափակը վերածելով պզտիկ բանակավայրի, կառուցելով նոյն կայմը, աշխատելով գեղարուեստական յայտագրին վրայ եւ ունենալով միօրեայ յաջող գործունէութիւն։
Գեղարուեստական բաժինը հարուստ էր։ Արծուիկները ներկայացուցին հայկական պարեր։ Փողերախումբը հանդէս եկաւ ազգային եւ յեղափոխական մեղեդիներու կատարումով։ Սկաուտական երգչախումբը հնչեցուց սկաուտական սիրուած երգեր։ Արենոյշները ներկայացուցին արաբական գեղեցիկ պար մը։ Երէց-պարմանը ունեցաւ կարգապահական ցուցադրական ելոյթ։
Յայտագիրի զարդերէն էր նաեւ աւանդական սկաուտական բուրգի կազմութիւնը, որուն ընթացքին ծածանեցաւ եռագոյնը։
Ձեռնարկի ընթացքին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Սկաուտական Խորհուրդի ատենապետ եղբայր Կարո Մարգէեան։
Օրուան կարեւորագոյն պահերէն էր վկայականներու բաշխման արարողութիւնը։ Խրախուսիչ այս պահուն նորագիր, նորընծայ եւ Բ․ կարգի վկայականներ ստացան արժանաւոր սկաուտները, իսկ կարմիր խաչի պէճ՝ բանակումի ընթացքին ծառայողները։
Աւարտին, ներկաները ունկնդրեցին սրբազան Հօր հայրական պատգամն ու խօսքը՝ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին։
Խարուկահանդէսը իր աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով՝ վերանորոգելով ՀՄԸՄ-ականի ուխտը՝ ծառայել Աստուծոյ, հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին։

Համազասպ Շաքարեան