Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարութեան միջազգային գործակցութեան տնօրէնութեան պետ Մոհամմետ Սամէր ալ-Ապտ, այսօր՝ Երկուշաբթի, հանդիպում ունեցաւ Շուէտի Արդարադատութեան Նախարարութեան պատուիրակութեան մը հետ, որուն կը գլխաւորէր Քրէական հարցերու եւ միջազգային դատական գործակցութեան բաժանմունքի փոխընդհանուր տնօրէն Իտա Քերնսթրէոմ։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ապու Տապիի մէջ իրականացած «Ոճիրի կանխարգիլման եւ քրէական արդարադատութեան» ՄԱԿ-ի 15-րդ համագումարի աշխատանքներու շրջագիծէն ներս։
Կողմերը քննարկեցին իրաւական եւ դատական մարզերուն մէջ գործակցութեան ամրապնդման եւ փորձառութիւններու փոխանակման միջոցները, մասնաւորաբար՝ քրէական արդարադատութեան եւ միջազգային դատական գործակցութեան բնագաւառէն ներս, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր։