ՅԱՅՏՆԷ՛ ԿԱՐԾԻՔԴ
Ստորեւ կը ներկայացնենք նախորդ թիւով հրապարակուած «Սերունդներու տարբերութիւնը՝ բախո՞ւմ, թէ հարստութիւն» խորագրով հարցաշարին պատասխանները, որոնք ներկայացուեցան առցանց մեր հարթակներով, մեր ընթերցողներուն կողմէն եւ «Նոր Երթ»-ին կազմակերպած զրոյցի ընթացքին։
Մեր միջավայրին մէջ յաճախ կը հանդիպինք նոր եւ երէց սերունդներու մտածելակերպերու տարբերութեան, երբեմն ալ՝ անոնց բախումին։ Արդեօ՞ք այս տարբերութիւնը բնական երեւոյթ մըն է, թէ՝ անխուսափելի հակամարտութիւն։ Արդեօ՞ք նոր սերունդը պէտք է անպայման հետեւի երէցներու մտածելակերպին, եւ արդեօ՞ք երէց սերունդը պատրաստ է հասկնալու նոր սերունդի փոխուող աշխարհը։
Ահաւասի՛կ մեր հարցաշարին առցանց յղուած կարծիքներու ամփոփումը։
Պատասխաններուն մեծ մասը կը նշէ, որ նոր եւ հասուն սերունդներու կարծիքներու բախումը ինքնին ժխտական երեւոյթ մը չէ։ Շատեր այս բախումը կը նկատեն բնական եւ նոյնիսկ դրական գործընթաց մը, որովհետեւ տարբեր սերունդներ տարբեր ժամանակաշրջաններու, պայմաններու եւ փորձառութիւններու մէջ մեծցած են։ Միւս կողմէ, ոմանք կը շեշտեն, որ բախումը կրնայ ըլլալ թէ՛ դրական, թէ՛ ժխտական՝ կախեալ անկէ, թէ ինչպէ՛ս կը վարուին կողմերը։
Միեւնոյն ժամանակ, պատասխաններուն մէջ յստակօրէն կը շեշտուի յարգանքի եւ ոճի կարեւորութիւնը։ Երիտասարդը իր կարծիքը արտայայտելու ազատութիւնը ունի, եւ երէցին հակաճառելը ինքնին անքաղաքավարութիւն չէ, եթէ այդ մէկը կատարուի յարգանքով, առանց կոպտութեան կամ վիրաւորանքի։
Հարցին՝ «Կրնա՞յ նոր սերունդին տեսակէտը ճիշդ ըլլալ, իսկ երէցինը՝ սխալ», պատասխաններուն մեծ մասը դրական է։ Շատեր կը նշեն, որ տարիքով մեծ ըլլալը ինքնաբերաբար չի նշանակեր միշտ ճիշդ ըլլալ։ Ճիշդն ու սխալը կախեալ են հարցին բնոյթէն, փաստերէն, գիտելիքներէն եւ իրավիճակէն։ Երէց սերունդը ունի մեծ փորձառութիւն, բայց երիտասարդ սերունդը կրնայ ունենալ նոր տեղեկութիւն, ժամանակակից գիտելիք եւ փոխուած պայմաններու աւելի անմիջական ըմբռնում։ Այս իմաստով, կարեւոր է տարբերել փորձառութիւնը գիտելիքէն։
Նոր սերունդին՝ երէց սերունդէն փորձառութիւն ընդունելու պատրաստակամութեան մասին կարծիքները աւելի տարբեր էին։ Պատասխանողներուն մէկ մասը կը կարծէ, որ երիտասարդը պատրաստ է, որովհետեւ ան աւելի ճկուն է եւ նոր բաներ սորվելու կարողութիւն ունի։ Ուրիշներ կը կարծեն, որ ոչ բոլորը պատրաստ են, իսկ ոմանք կը նշեն, որ ամէն բան անձէն կախեալ է։
* * *
Ուզեցինք նաեւ զրոյցով մը, կենդանի քննարկումներով ամփոփել այս կարծիքները: «Սերունդներու տարբերութիւնը՝ բախո՞ւմ, թէ հարստութիւն» զրոյցի ընթացքին բազմաթիւ կարծիքներ հնչեցին երիտասարդներու կողմէ, ինչպէս օրինակ՝ «Եթէ երկու անձեր ծնած են քառասուն տարիներու տարբերութեամբ, ինչպէ՞ս կրնան անոնք ամբողջովին նոյն մտածելակերպը ունենալ։ Վերջին քառասուն տարիներուն մարդկային կեանքը այնքա՜ն արագ փոխուած է գիտութեան, արհեստագիտութեան, հաղորդակցութեան, աշխատանքի եւ ընկերային յարաբերութիւններու մէջ, որ բնական է, որ երիտասարդը ունենայ տարբեր կարծիք եւ տարբեր աշխարհահայեացք։ Այս տարբերութիւնը պէտք չէ անմիջապէս ընկալել իբրեւ անյարգելի վերաբերմունք կամ վտանգ, այլ՝ իբրեւ փոփոխութեան եւ զարգացման բնական արդիւնք»։
Շատ հետաքրքրական էր նաեւ այն կարծիքը, թէ երիտասարդը չի մերժեր փորձառութիւնը, այլ կը մերժէ այն պահը, երբ փորձառութիւնը կը վերածուի պարտադրանքի։ Եթէ երէց մարդ մը ըսէ՝ «Ես ալ քու տարիքիդ նման իրավիճակ մը ապրած եմ, ահա թէ ի՛նչ սխալ ըրի եւ այսօր ինչպէ՛ս պիտի վարուէի», երիտասարդը աւելի մեծ հաւանականութեամբ պիտի լսէ։ Բայց եթէ ըսուի՝ «Ես մեծ եմ, ես աւելի լաւ գիտեմ, դուն դեռ կեանք չես տեսած, պէտք է ընես այն, ինչ կ’ըսեմ», երիտասարդը բնականաբար կրնայ դիմադրել։
Սերունդներու տարբերութիւնը շատ կարեւոր է. լսել չի նշանակեր անպայման համաձայնիլ։ Երիտասարդը կրնայ խորապէս յարգել երէց մարդուն փորձառութիւնը, լսել անոր խորհուրդը եւ վերջաւորութեան գոյացնել տարբեր որոշում մը։ Ասիկա անյարգալից վերաբերմունք չէ, այլ ինքնուրոյն մտածելու իրաւունքի արտայայտութիւն։ Երէց սերունդին՝ նոր սերունդը հասկնալու եւ ինք եւս փոխուելու ջանքերուն մասին պատասխանները աւելի քննադատական էին։ Ոմանք կը կարծեն, որ երէցները կը փորձեն քայլ պահել նոր սերունդին հետ, մինչդեռ ուրիշներ կը նշեն, որ այդ ջանքերը սահմանափակ են եւ ոչ բոլորը պատրաստ են փոխուելու։
Շատեր կը կարծեն, որ երէց սերունդին մէկ մասը դեռ կը կառչի աւանդական մտածելակերպերու, եւ երբ երիտասարդը նոր գաղափար մը կը ներկայացնէ, այդ մէկը երբեմն կ’ընկալուի որպէս սպառնալիք կամ հեղինակութեան դէմ մարտահրաւէր։
Այս հարցին մէջ հետաքրքրական օրինակ մըն է Ճափոնի եւ Չինաստանի մէջ օգտագործուած այն մօտեցումը, ըստ որուն որոշ յանձնախումբերու կազմին մէջ եօթը անդամներէն երկուքը երէց սերունդէն կ’ըլլան, իսկ մնացած հինգը՝ աւելի երիտասարդ։ Այսպիսի մօտեցումը կը փորձէ համադրել փորձառութիւնն ու նոր ուժը՝ առանց մէկ սերունդը միւսէն գերադասելու։ Նոյնը տեղի կ’ունենայ մեր միութիւններուն մէջ յաճախ։
Երկու սերունդներու գործակցութեան մասին պատասխանները հիմնականին մէջ կը համընկնին։ Շատեր կը նշեն, որ պէտք է իրարու լսել՝ առանց դատելու։ Երիտասարդը կրնայ բերել նոր գաղափար, իսկ երէցը՝ իր փորձառութեամբ օգնել, որ այդ գաղափարը աւելի լաւ ձեւով կեանքի կոչուի։
Կը շեշտուի նաեւ, որ անհրաժեշտ է միասին գործել։ Միատեղ գործունէութիւններ, ծրագրեր եւ աշխատանքներ կրնան ստեղծել այնպիսի միջավայր, ուր երկու սերունդները ոչ թէ իրարու դէմ կը կանգնին, այլ միասին կը սորվին։
Այսինքն՝  փոխանակումը պէտք է ըլլայ երկկողմանի։ Երէցը պէտք չէ մտածէ, թէ ինք այլեւս ոչինչ ունի սորվելիք, իսկ երիտասարդը պէտք չէ կարծէ, թէ ինք արդէն ամէն ինչ գիտէ։
Հարցաշարին պատասխաններուն մէջ նաեւ կը շեշտուի առողջ հաղորդակցութեան մշակոյթի կարեւորութիւնը։ Ճիշդ է, որ գիտականօրէն բախումէն նոր բան կը ծնի, սակայն երբ երկու կողմերը իրարու կը լսեն միայն իրենց կարծիքը պարտադրելու համար, երկխօսութիւնը կը ձախողի։ Իսկ երբ նպատակը ոչ թէ մէկ կողմի յաղթանակն է, այլ՝  իրարմէ սորվիլը, տարբերութիւնը կրնայ վերածուիլ հարստութեան։
Նոյն միտքը այլ կերպով շեշտուեցաւ զրոյցի ընթացքին, երբ ըսուեցաւ նաեւ, որ նոր սերունդը անտարբեր չթողելու եւ անոր ազատ արատայայտու-թիւնը խրախուսելու համար, հարկ է  ստեղծել այնպիսի հարթակ մը, ուր պատանին կամ երիտասարդը զգայ որ ինք հոգեբանօրէն անվտանգ է, վստահելի հարթակի մէջ է, ուր կրնայ սխալիլ, կրնայ հարցում ուղղել, կարծիք արտայայտել, այնտեղ իր անհամաձայնութիւնը կրնայ տեղ գտնել։
Վերջաբան
Իմ դիտանկիւնէս՝
Նոր եւ երէց սերունդներու տարբերութիւնը բնական է։ Եթէ երկու անձեր ծնած են տարբեր  ժամանակներու մէջ, դժուար է ակնկալել, որ անոնք նոյն պայմաններուն մէջ մեծցած ըլլան եւ նոյն աշխարհը տեսած։ Աշխարհը
կը փոխուի, եւ անոր հետ կը փոխուին նաեւ մարդոց մտածելակերպը, առաջնահերթութիւնները եւ կեանքի մարտահրաւէրները։
Հետեւաբար, ես չեմ կարծեր, որ խնդիրը այն է, թէ ո՞ր սերունդը ճիշդ է՝ նորը՞, թէ երէցը։ Իրական հարցը այն է, թէ երկու սերունդներն ալ պատրա՞ստ են զիրար լսելու, ընդունելու։
Երիտասարդ սերունդը պէտք է գիտակցի, որ երէցներուն փորձառութիւնը մեծ հարստութիւն է։ Մենք կրնանք նոր գաղափարներ ունենալ, նոր միտքեր յղանալ եւ աշխարհը տարբեր կերպ տեսնել, բայց կան կեանքի դասեր, որոնք միայն տարիներու փորձառութեամբ կարելի է ձեռք բերել։ Ուստի երիտասարդը պէտք է լսէ, հարցնէ եւ սորվի, բայց նաեւ արտայայտուի, մասնակից դառնայ, անտարբեր չմնայ։
Երէց սերունդը եւս պէտք է ընդունի, որ փորձառութիւնը ղեկ չէ, այլ՝ կողմնացոյց։ Կողմնացոյցը կրնայ ցոյց տալ ուղղութիւնը, բայց ղեկը պէտք է երիտասարդը կարենայ իր ձեռքը ունենալ, որովհետեւ իր ապագան ինք պիտի կերտէ։
Ասիկա կը նշանակէ, որ երէցները պէտք է երիտասարդներուն խորհուրդ տան, ոչ թէ պարտադրեն իրենց որոշումները։ Պէտք է պատմեն իրենց սխալները, ոչ թէ միայն ըսեն, թէ ինչ ընել։ Պէտք է հարցնեն՝ «Դուն ի՞նչ կը մտածես», եւ ոչ թէ միայն ըսեն՝ «Ես գիտեմ»։
Միեւնոյն ժամանակ, երիտասարդը պէտք է հասկնայ, որ իր կարծիք արտայայտելու ազատութիւնը չի նշանակեր երէցը արհամարհելու ազատութիւն։ Հակաճառութիւնը կրնայ ըլլալ քաղաքավար, իսկ անհամաձայնութիւնը՝  յարգելի։ Ոճը երբեմն նոյնքան կարեւոր է, որքան ըսուած գաղափարը։
Ես կը հաւատամ, որ ապագան պէտք չէ կառուցուի հինը ամբողջովին մերժելով, ոչ ալ հինը կուրօրէն պահելով։ Պէտք է վերցնել անցեալէն այն, ինչ օգտակար է, եւ զայն միացնել նոր սերունդի գաղափարներուն ու նորարարութեան։
Ի վերջոյ, երէց սերունդը ունի այն, ինչ երիտասարդը դեռ չունի՝ երկար տարիներու փորձառութիւն, իսկ երիտասարդ սերունդը ունի այն, ինչ երէցը կրնայ այլեւս չունենալ՝ նոր աշխարհի նկատմամբ անմիջական ճկունութիւն եւ նորարար մտածողութիւն։ Երբ այս երկուքը կը միանան, տարբերութիւնը այլեւս բախում չէ, այլ՝ հարստութիւն։
Եթէ երէցը երիտասարդէն կը սորվի նորութիւն, իսկ երիտասարդը երէցէն՝ իմաստութիւն, երկու սերունդներն ալ կը շահին։
Չէ՞ որ ձեր ձեռքի թուղթն ու գրիչը եւ իմ ձեռքի բջջային հեռաձայնը նոյն նպատակին կը ծառայեն, բայց՝ տարբեր ձեւերով։
Ուստի, փոխանակ հարցնելու՝ «Ո՞վ պէտք է փոխուի», թերեւս պէտք է հարցնենք՝ «Ինչպէ՞ս կրնանք միասին փոխուիլ՝ առանց զիրար կորսնցնելու»։
Եւ հոս է, որ սերունդներու տարբերութիւնը կը դադրի բախում ըլլալէ եւ կը վերածուի հարստութեան։
Պատրաստեց՝ Սագո Պալապանեան