ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐՍԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ՆՈՒԻՐԵՑ 
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
Ազատ ոճի ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան Real American Freestyle (RAF) լիկի թեթեւ ծանրութեան կարգի մենամարտին արձանագրած  յաղթանակը նուիրեց  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին եւ հայ ժողովուրդին։
 Ան յաղթանակը նուիրեց նաեւ անոնց, որոնք հաւատքով, նուիրումով եւ հաստատակամութեամբ կը քալեն իրենց նպատակները եւ երազանքները կատարելու ճամբուն «Թող իւրաքանչիւրիս յաղթանակը դառնայ մեր ժողովուրդի հպարտութեան եւ միասնութեան  մէկ մասնիկը», ըսաւ հայ ըմբիշը։
ԱՐՄԱՆ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ՆԱՔԱՈՒԹԻ 
ԵՆԹԱՐԿԵՑ ՄԱՈՒՐԻՍԻՕ ՌՈՒՖՖԻՆ
Հայ ազգի մարտիկ Արման Ծառուկեան տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրեց  Լոս Անճելոսի մէջ տեղի ունեցած UFC 331 մրցաշարքի համագլխաւոր մենամարտին։ Թեթեւ ծանրութեան կարգի առաջին փուլի վերջաւորութեան, ան նաքաութի ենթարկեց պրազիլցի Մաուրիսիօ Ռուֆֆին: Մենամարտը աւարտեցաւ առաջին փուլի 4:56-րդ վայրկեանին։ Ծառուկեան արմուկով երկու հզօր հարուած կատարեց. Առաջին հարուածը լրջօրէն ցնցեց Ռուֆֆին, երկրորդին պրազիլցին ինկաւ գետին, իսկ մրցավարը անմիջապէս դադրեցուց մենամարտը։  Յիշեցնենք, որ նոյն մրցաշարքին հայ մարտիկ մը եւս՝ Էտմէն Շահպազեան, յաղթանակ տարաւ պրազիլցի Պրունօ Ֆէրէյրայի դէմ։ Շահպազեան յաղթեց  29-28, 29-28 եւ 30-27 արդիւնքով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻՆ ՀԱՆԴԷՊ 
ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Սպանական Լա Լիկայի 7-րդ փուլի գլխաւոր հանդիպումներէն մէկը դարձաւ Մատրիտի «Սուպիտաս Մեթրոփոլիթանօ» մարզադաշտին վրայ  Ռէալի եւ Աթլեթիքոյի մրցումը:  Միկէլ Անխէլ Օրթիս Արեասի գլխաւորած մրցավարական խաղը աւարտեցաւ ի նպաստ հիւրընկալ խումբին, 2 – 1 արդիւնքով: Մրցումի տեւողութեան յստակ էր իրաւարարի անարդարութիւնը Ռէալի խումբին նկատմամբ, ուր ան աչք խփելով Աթլեթիքոյի խաղացողներու կոպիտ խաղարկութեան, պատճառ դարձաւ որ հանդիպումը շարունակուի վատ խաղարկութեամբ: Հանդիպումի ընթացքին Աթլեթիքոյի կազմը կատարած էր 19 տուգանքի արժանի սխալ եւ ստացած միայն երկու դեղին քարտ, իսկ Ռէալ 6 սխալ կատարելով ստացաւ երկու դեղին եւ մէկ կարմիր քարտ: Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մորինիօ թուղթի վրայ երկու վտանգաւոր հարուածներու պատկերը տպուած բարձրացնելով մեղադրեց Սպանիոյ իրաւարարներու գրասենեակը ըսելով, որ Սպանիոյ ախոյեանութիւնը կը շարունակուի նոյն անմակարդակ իրաւարարներով, ինչպէս որ էր տարիներ առաջ, երբ ինք կը մարզէր Ռէալը: Ան ըսաւ, որ ոչ մէկը իրաւունք ունի իր անարդար որոշումներով  խլելու Ռէալի յաղթանակը:
Ռաֆֆի Սիւլահեան