ՍՆՈՒՆԴԻ ՄԱՍԻՆ
ՍԽԱԼ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ. ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ
«Այս ուտելիքը մի՛ ուտեր, որովհետեւ վնասակար է»։
«Առաւօտեան կիտրոն + ջուր եթէ խմես, կը մաքրուի մարմինդ»։
«Ածխաջուրերը (carbohydrates) կը գիրցնեն»։
Սնունդի մասին նման խորհուրդներ մեր շուրջը այնքան շատ են, որ երբեմն դժուար է տարբերել գիտական տեղեկութիւնը՝ անձնական կարծիքէն։
Այսօր տեղեկութիւն մը շատ արագ կրնայ տարածուիլ։ Մէկը իր փորձառութիւնը
կը պատմէ, ուրիշ մը իր կարծիքը կը ներկայացնէ, եւ քիչ ժամանակ ետք այդ միտքը կը վերածուի «գիտական փաստի»։ Սակայն գիտական տեսակէտ մը մէկ մարդու փորձառութեան վրայ չի հիմնուիր, անիկա կը հիմնուի ուսումնասիրութիւններու եւ փաստերու վրայ։
1-«Բնական» միշտ չի նշանակեր «աւելի առողջապահական»:
Շատեր կը կարծեն, որ բնական ուտելիքը ինքնաբերաբար աւելի առողջապահական է։ Սակայն «բնական» բառը ինքնին սնունդի մը որակին երաշխիքը չէ։ Կարեւոր են անոր սննդային բաղադրութիւնը, քանակը, պատրաստման ձեւը եւ ամբողջ սննդակարգին մէջ ունեցած տեղը։
2-Ածխաջուրերը մեր թշնամիները չեն։
Ածխաջուրերը յաճախ կը ներկայացուին որպէս կշիռքի բարձրացման պատճառ։ Իրականութեան մէջ անոնք մեր մարմնին համար կարեւոր ուժի աղբիւր են։
Ամբողջական ցորենի հացը (սեւ հացը), ոսպը եւ պտուղը նոյնը չեն, ինչ որ է շաքարով լեցուն քաղցրեղէնը։ Ուստի բոլոր ածխաջուրերը մէկ խմբակի մէջ դնելը ճիշդ մօտեցում չէ։
3-Իսկ «detox»-ը՞։
Այսօր շատ կը լսենք մարմինը «մաքրող» ըմպելիներու եւ սննդակարգերու մասին։ Սակայն մեր մարմինը արդէն ունի աւելորդ նիւթերու հեռացման բնական համակարգեր, որոնց մէջ կարեւոր դեր ունին լեարդը եւ երիկամները։
Այսինքն «detox»-ի ջուրը պէտք չէ ընդունիլ որպէս առողջութեան համար անհրաժեշտ միջոց։
4-Ինչո՞ւ սխալ տեղեկութիւններ կը տարածուին:
Պարզ պատասխանները միշտ աւելի դիւրին է յիշել, քան բարդ գիտական բացատրութիւնները։ «Այս սնունդը լաւ է», կամ «այս սնունդը վատ է» աւելի արագ
կը տարածուի, քան այն բացատրութիւնը, որ սնունդի ազդեցութիւնը կրնայ կախեալ ըլլալ քանակէն եւ ամբողջ սննդակարգէն։
Ուստի սնունդի կամ սննդակարգի մասին տեղեկութիւն մը լսելէ առաջ պէտք է հարցնել ոչ միայն՝ «ի՞նչ կ’ըսեն», այլ նաեւ՝ «ի՞նչ է այն գիտելիքը, որ կը փաստէ այս խօսքը»։
Գիտութիւնը միշտ չէ, որ կու տայ պարզ «այո» կամ «ոչ» պատասխաններ։ Երբեմն նոր ուսումնասիրութիւններ կը ստիպեն վերանայիլ նախկին համոզումներուն։ Եւ այս է գիտութեան ուժը։
Որովհետեւ առողջ սննդակարգը կը սկսի ոչ միայն ճիշդ սնունդ ընտրելէն, այլ նաեւ՝ ճիշդ տեղեկութիւն ընտրելէն։
Միրէյ Չաղլասեան