ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանին Սուրիոյ նախագահին արտասանած պաշտօնական խօսքը դիւանագիտական սովորական ելոյթէ մը անդին էր. անիկա տարածաշրջանային նոր իրողութեան մէջ Սուրիոյ ռազմավարական դերակատարութեան հռչակագիրն էր։ Տասնամեակներու պատերազմէ, քայքայումէ եւ 47 տարուան խօսուն մեկուսացումէ դուրս եկող Սուրիան այսօր կանգնած է շրջադարձային փուլի մը առջեւ։
Էականը այն էր, որ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն արտասանուած յայտարարութիւններուն առանցքը կը կազմէր Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան անվերապահ շեշտադրումը։ Երկրի միաւորումը հիւսիսէն հարաւ, օրէնքի գերիշխանութիւնը, զէնքի հսկողութիւնը պետութեան ձեռքը պահելը եւ Կոլանի պատկանելիութեան վերահաստատումը յստակ պատգամներ էին, որոնք կ’ուրուագծէին անկախ Սուրիոյ վերակերտումի տեսլականը։
Տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումով Սուրիոյ դերը Միջին Արեւելքի մէջ հիմնական փոփոխութեան կրնայ ենթարկուիլ։
Ցամաքային, ծովային եւ օդային ուղիներու վերաբացումը երկիրը սկսած է վերածել Ասիոյ, Եւրոպայի եւ Արաբական Ծոցի միջեւ առեւտուրի եւ ուժանիւթի տարանցիկ բնական կամուրջի։ Յատկանշական է, որ, նախագահին համաձայն, մէկ ամսուան ընթացքին աւելի քան 20 հազար առեւտրական օդանաւեր արդէն կը կտրեն սուրիական օդային տարածքը։ Իսկ ցամաքային ճամբով օրական դրութեամբ հարիւրաւոր քարիւղատար կառքեր կը հասնին Միջերկրական՝ անցնելու դէպի Եւրոպա։
Տարածաշրջանային ապահովութեան առումով, Սուրիան վերջին շրջանին գործնական քայլերով յայտնեց իր գործակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ 700 միլիոն թմրանիւթերու բռնագրաւումով, 1500-է աւելի գործողութիւններով ու 90 միջազգային ցանցերու քանդումով, ինչպէս նաեւ քիմիական թղթածրարի ամբողջական փակումով (42 քիմիական ռումբերու ոչնչացումով) եւ Հիւլէական Միջազգային Գործակալութեան հետ թափանցիկ գործակցութեամբ։
Երկրի իշխանափոխութենէն ի վեր շուրջ 100 երկիրներու հետ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը (մօտ 4000 հանդիպումներով ու կապերով), Դամասկոսի մէջ շուրջ 60 դիւանագիտական առաքելութիւններու վերաբացումը, պատժամիջոցներու վերացումն ու Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութեան վերականգնումը Դամասկոսին կու տան ռազմավարական ճկունութիւն՝ հանդէս գալու որպէս տարածաշրջանային կայունութեան հաւասարակշռող դերակատար։
Այս բոլորին լոյսին տակ, նախագահը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն վերահաստատեց, որ Կոլանը սուրիական հող է, եւ բռնակցման բոլոր քայլերը անվաւեր են՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի թիւ 497 որոշումին ուժով։Ան խստօրէն քննադատեց Իսրայէլի կողմէ կատարուած աւելի քան 500 օդային ու հրետանային հարուածները, 1200-է աւելի ներխուժումներն ու շուրջ 300 սուրիացիներու գերեվարումը, որոնք օրն ի բուն կը խանգարեն սահմանային կայունութիւնը։ Սուրիան շեշտեց 1974-ի համաձայնագիրին հաւատարիմ մնալու իր դիրքորոշումը եւ իսրայէլեան ուժերու նահանջի անհրաժեշտութիւնը մինչեւ 8 Դեկտեմբեր 2024-ի գիծերը՝ ապահովելով ՄԱԿ-ի դէտերու դերակատարութիւնը զինադադարի պահպանման գործին մէջ, որպէսզի հարաւէն սպառնալիքները չխոչընդոտեն երկրի վերականգնումը։
ՄԱԿ-ի ամպիոնէն հնչած հաստատումներն ու թիւերը տեսական
կը մնան, եթէ անոնք չանդրադառնան սուրիացի քաղաքացիին ամէնօրեայ կեանքին վրայ։ Որպէսզի ժողովուրդը իրականացած վերելքը «իր մորթին վրայ» զգայ, անհրաժեշտ են շօշափելի արդիւնքներ։
Այսպէս.  աւելի քան 3000 նոր արտադրական գիծերու գործարկումն ու գիւղատնտեսական աճը պէտք է ստեղծեն կայուն աշխատատեղեր, ամրապնդեն տեղական դրամանիշը եւ նուազեցնեն ապրանքներու գիները՝ ապահովելով արժանապատիւ ապրուստ։
Քարիւղի, ուժանիւթի, ելեկտրականութեան եւ ջուրի տագնապներու վերջնական լուծումը առաջնահերթութիւն է. առանց ատոր «ապաքինում»-ը քաղաքացիին համար կը մնայ տեսական։
Աւելի քան 3.5 միլիոն տեղահանուածներու եւ գաղթականներու կամաւոր վերադարձին զուգահեռ, «Սուրիան առանց գաղթակայաններու» նախաձեռնութիւնը եւ յառաջիկայ 5 տարիներուն շուրջ 2 միլիոն բնակարանային միաւորներու կառուցումը պէտք է վերադարձողներուն ապահովեն սեփական երդիք եւ քաղաքացիական արժանապատուութիւն։
Հարիւրաւոր դպրոցներու վերանորոգումը, համալսարաններու վերաբացումը եւ օրէնքի հաւասար կիրարկումը պէտք է երաշխաւորեն սերունդներու ապագան ու փարատեն վախի մթնոլորտը։
Միջազգային բեմահարթակներու վրայ ամրապնդուած ինքնիշխանութիւնն ու դիւանագիտական յաղթանակները անհրաժեշտ հիմքն են. սակայն իսկական յառաջխաղացքը պիտի կերտուի երկրին ներսը, երբ սուրիացի քաղաքացին, տարիներու տառապանքէ ետք, վերջապէս իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ վայելէ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ բարօրութեան իրական պտուղները։