Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ, բարեպաշտ ժողովուրդին ներկայութեամբ։
Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան։ Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն կատարեց, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներու մասնակցութեամբ։ Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան։
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Պատարագի ընթացքին Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեան Հանրապետական մաղթանքի եւ եռագոյն դրօշի օրհնութեան արարողակարգ կատարեց, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներու մասնակցութեամբ։ Այս առիթով, Հայր Սուրբը նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։
Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։ Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարեց, ինչպէս նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան:
Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւս յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակը։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան: Հանրապետական մաղթանքի ընթերցում եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարեց Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներու մասնակցութեամբ։
Քեսապի մէջ եւս, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, յաւուր պատշաճի քարոզեց, ինչպէս նաեւ Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն կատարեց Քեսապի Հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քեսապի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներու մասնակցութեամբ։
Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան։ Յընթացս Ս. Պատարագին, Քահանայ Հայրը Հանրապետական մաղթանքի ընթերցում եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարեց, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներու մասնակցութեամբ։