ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 5-րդ փուլի մրցումներոուն, փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ 4 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռայօ Վալիքանօն: Փորթուկալցի Ժոզէ Մորինիոյի գլխաւորած խումբին կրկնակի կոլի հեղինակ դարձաւ ֆրանսացի յարձակող Քիլիան Մպափէն։ Արքայական խումբի միւս երկու կոլերը նշանակեցին սպանացի պաշտպան Ալվարօ Քարերասն ու անգլիացի կիսապաշտպան Ճուտ Պելինկհամը։ Ռէալ 12 կէտերով երկրորդն էր։
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԻՐ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԸ
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան շարունակելով իր յաղթարշաւը 4 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լեւանթէն: Պարսելոնան առաջին վայրկեանէն մտադիր էր յաղթական աւարտել հանդիպումը, որուն համար ալ մրցումը սկսաւ 3 յարձակող խաղացողներով: 5-րդ վայր-կեանին Պարսելոնային նոր միացող Չաւի Էսփարթ նշա-նակեց խումբին առաջին կոլը, որմէ ետք կազմը շարունակեց նոյն թափով եւ խտացուց իր յարձակումները. 19-րդ վայր-կեանին Լամին Եամալ կրկնապատկեց արդիւնքը: Երկրորդ կիսախաղին, Լամին տուգանային հարուածով նշանակեց իր անհատական երկրորդ եւ խումբին երրորդ կոլը: Հանսի Ֆլիք որոշ փոփոխութիւններ կատարելով դաշտէն դուրս հանեց կազմին լաւագոյն խաղցողները, որմէ ետք Լեւանթէն կրցաւ իշխել խաղարկութեան եւ կատարել քանի մը վտանգաւոր յարձակումներ, որոնցմէ մէկուն կրցաւ նշանակել իր միակ կոլը: 88-րդ վայրկեանին, Լեւանթէ օգտուելով Պարսելոնայի պաշտպանողական խաղցողներու թերացումէն, անգամ մը եւս ցնցեց Կարսիային դարպասը: Հանդիպումի յաւելեալ ժամանակին, քաթալոնէական խումբը արձանագրեց իր 4-րդ կոլը:ԽԱՉԱՆՈՎ ԿԻՍԵԶՐԱՓԱԿԻՉԻՆ
Նիւ Եորքի մէջ ընթացող թենիսի ԱՄՆ-ի բաց առաջնութեան (U.S. Open) կիսեզրափակիչին, աշխարհի 50-րդ դիրքի վրայ գտնուող, ռուսահայ Կարէն Խաչանով մրցեցաւ աշխարհի երկրորդ դիրքի խաղցող, Գերմանիոյ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Զվերեւի հետ եւ պարտուեցաւ երեք սեթով՝ 3 – 6, 6 – 7 (7 – 9), 6 – 7 (6 – 8): Պայքարը տեւեց 2 ժամ եւ 54 վայրկեան: U.S. Open-ի մրցանակային հիմնադրամը 108 միլիոն տոլար է:
Թենիսի կանանց աշխարհի երկրորդ խաղացող Էլենա Ռիպաքինա նուաճեց Նիւ Եորքի ԱՄՆ-ի բաց առաջնութեան (U.S. Open) ախոյեանի տիտղոս։ Եզրափակիչին Ղազախստանի ներկայացուցիչը 6 – 4, 5 – 7, 6 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի առաջին մարզուհի, Պելառուսի ներկայացուցիչ Արինա Սապալենքան։ Մրցախաղը տեւեց 2 ժամ եւ 23 վայրկեան: Էլենա Ռիպաքինան պարգեւատրեց աշխարհի նախկին առաջին մարզուհի, ռուս Մարիա Շարափովան։
Ռաֆֆի Սիւլահեան


