Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Տէրիքի մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ յիշատակուեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի ծննդեան տօնը եւ Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ուխտի օրը, նախագահութեամբ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։
Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նորաօծ միաբան Հոգշ. Տ. Հրայր Աբղ. Պայտունեան։
Օրուան հանդիսութեան ներկայ էին Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Քաղդիացի համայնքի հոգեւոր հովիւը Տէր Անթուն Ղազիր, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչ Տիար Խաչիկ Մելքոնեան, Թեմի Ազգ. Երեսփոխան բժիշկ Անդրանիկ Սարգիսեան, Գամիշլիէն ժամանած հաւատացեալներ, Տէրիք քաղաքի հաւատացեալ ժողովուրդը, Գամիշլիի եւ Տէրիք քաղաքներու ՀՄԸՄ-ի փողերախումբերը, Տէրիքի ՍՕ Խաչի վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղւոյն Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները։
Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հոգշ. հայր սուրբին գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, Գամիշլիի եւ Տէրիք քաղաքի ՀՄԸՄ-ի փողերախումբերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդի բազմութեան մասնակցութեամբ, տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր քայլերթ՝ Տէրիք քաղաքի մայր պողոտայէն եւ քրիստոնէական թաղամասերէն։
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը։
Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հայր սուրբը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Տէրիք քաղաքի թաղականութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ Գամիշլիի եւ Տէրիք քաղաքի ՀՄԸՄ-ի փողերախումբերուն՝ տօնակատարութեան ընթացքին իրենց մատուցած ծառայութեան եւ գեղեցիկ ելոյթներուն համար։
Յայտնենք, որ Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ եկեղեցասիրաց տիկինները սիրայօժար կերպով ստանձնեցին մատաղի պատրաստութեան աշխատանքները։