ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐՏԱԿ ՕՍԷԵԱՆ ՀԵՌԱՑԱՒ ՓԻՒՆԻԿԻ
ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԱՐԶԻՉԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ
Փիւնիկ ֆութպոլային ակումբին եւ խումբի գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեանի միջեւ եղած համաձայնութեամբ, անոնց պայմանագրութիւնը խզուեցաւ Արտակ Օսէեանի հետ։ Փիւնիկի կազմէն հեռացան նաեւ գլխաւոր մարզիչի օգնականներ՝ Արթուր Մկրտչեանը եւ Կոռ Մալաքեանը, նաեւ դարպասապահներու մարզիչ Գուրգէն Յակոբեանը: Արտակ Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնած էր Օգոստոս 2025-ին։ Ասիկա նշեալ ակումբին հետ, որպէս գլխաւոր մարզիչ, իր երրորդ գործակցութիւնն էր: Նախապէս Օսէեան ղեկավարած է Փիւնիկը նաեւ 2016/17 եւ 2020 թուականներուն։ 2025/26 մրցաշրջանին, Արտակ Օսէեանի գլխաւորութեամբ Փիւնիկը Հայաստան Լիկի առաջնութիւնը աւարտեց 3-րդ դիրքի վրայ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանի ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց խումբի գլխաւոր մարզիչ Լուիս Էնրիքէի, ինչպէս նաեւ հիմնական կազմի հինգ ֆութպոլիստներու հետ գործող պայմանագրերու ժամկէտները երկարաձգելու մասին: Ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը X ընկերային հարթակով յայտնեց, որ նոր համաձայնագրեր ստորագրուած են կիսապաշտպաններ՝ Լուքաս Պերալտոյի, Սենի Մայուլուի, Ժոաու Նեւէշի, Ֆապիան Ռուիսի եւ պաշտպան Ուիլիըն Բաչոյի հետ։ Մայուլուի, Պերալտոյի, Բաչոյի եւ Նեւէշի պայմանագրերը նախատեսուած են մինչեւ 2031-ի ամառը, իսկ Ռուիսինը կը գործէ մինչեւ 2028-ի ամառը։ Բացի ատկէ, փարիզեան ակումբը երկարաձգած է աշխատանքային պայմանագիրը գլխաւոր մարզիչ Լուիս Էնրիքէի հետ՝ մինչեւ 2030 թուական (նախորդ համաձայնագրի ժամկէտը նկատի առնուած էր 2027 թուականի ամռանը): Սպանացի մասնագէտը խումբի մարզիչութեան պաշտօնը ստանձնեց 2023-ին։ Անոր ղեկավարութեամբ Փարիզեան խումբը արձանագրած է տպաւորիչ արդիւնքներ՝ երկու անգամ նուաճելով Չեմփիընզ Լիկի գաւաթը (2024/25, 2025/26 մրցաշրջաններուն) եւ ՈՒԵՖԱ-ի Սուփըր գաւաթը։ Ներքին ախոյեանութեան երեք անգամ անընդմէջ դարձած է Ֆրանսայի ախոյեան (2023/24, 2024/25, 2025/26), երկու անգամ նուաճած է Երկրի Գաւաթը (2023/24, 2024/25) եւ մէկ անգամ՝ Սուփըր գաւաթը։
ՄԷԿ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ԼՌՈՒԹԵԱՄԲ
Չեմփիընզ լիկի բաժնի առաջին հանգրուանի հանդիպումները պիտի սկսին մէկ վայրկեան լռութեամբ, Նեփալի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղի զոհերու յիշատակին, յայտարարած է ՈՒԵՖԱ-ի պաշտօնական կայքը: Եւրոպական ֆութպոլը յարգանքի տուրք կը մատուցէ Օգոստոս 26-ին Նեփալի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ ջրհեղեղի զոհերուն։ «Այս շաբաթ Չենփիընզ Լիկի բոլոր խաղերէն առաջ կը յայտարարուի մէկ վայրկեան լռութիւն, եւ կը բացուի պաստառ՝ որպէս համերաշխութեան եւ աջակցութեան նշան: Պաստառին վրայ պիտի ըլլայ. «Նեփալ, դուն առանձին չես»», յիշուած է ՈՒԵՖԱ-ի հաղորդագրութեամբ:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


