ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ՄԱՆՈՒԿԸ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ
Երբ մանուկը մանկապարտէզ կը յաճախէ, մանկապարտէզի ուսուցչուհիներու վերաբերմունքը կը կեդրոնանայ փոքրիկներուն ժամանցը եւ նախնական գիտելիքներու ուսուցումը իրագործելու հիմնական աշխատանքներուն վրայ։ Այստեղ մանուկները կ’ըլլան աւելի ազատ եւ կրթական խիստ ծրագրեր
չեն ունենար, պարտականութիւնները, համեմատաբար դպրոցին, կ’ըլլան աւելի սահմանափակ եւ մանուկին ազատ ժամերը աւելի շատ։ Մանուկները մանկապարտէզը կը համարեն իրենց երկրորդ տունը եւ ուսուցչուհիները՝ իրենց համար ապահով եւ հաճելի միջավայր ստեղծող անհատներ։
Կարեւոր քայլեր մանուկին օգնելու աւելի դիւրին անցնելու մանկապարտէզէն նախակրթարան
Ա) Օգնել որ մանուկները իրենց յուզական ապրումները հաւասարակշռեն։ Այս մէկը կարելի կը դառնայ իրեն սորվեցնելով աստիճանաբար դիտել շուրջը, ճանչնալ նոր միջավայրը, փարատել վախը եւ զգացական չըլլալ, այլ՝ հետաքրքրասէր դառնալ։
Բ) Վարժեցնել դպրոցական ժամերու ընթացքին բաժանումը մօրմէն եւ հօրմէն, որպէսզի մանուկը դառնայ անկախ եւ վարժուի նոր միջավայրին մէջ անկաշկանդ գործելու։
Գ) Սորվեցնել իր կարիքները յստակօրէն ներկայացնել դաստիարակին կամ ուսուցիչին։ Ուսուցիչը երբեմն չ’անդրադառնար աշակերտին բոլոր կարիքներուն, եթէ փոքրիկը չարտայայտուի։ Ուստի պէտք է վարժուի արտայայտել իր կարիքները՝ թէ բաղնիք երթալ կ’ուզէ, անհանգիստ է եւ այլն։
Դ) Նախակրթարանի մէջ փոքրիկը պէտք է սորվի ընկալել «ոչ» բառը եւ յարգել ուսուցիչին հրահանգները, որովհետեւ մանուկը մեծցնել առանց անոր վարժեցնելու ուսուցիչին թելադրանքին հետեւիլ, զինք կը դարձնէ պատեհապաշտ։ Այս պարագային մանուկը կը կարծէ թէ իր ամէն ուզածը կրնայ որեւէ տեղ կամ որեւէ ժամ իրականացնել, առանց կարգ ու կանոնի հետեւելու։ Կարգ ու կանոնի հետեւիլը կազմակերպուած կը դարձնէ զինք։
Ե) Վարժեցնել փոքրիկը ընկերային կեանքի։ Նախքան դպրոցը կամ մանկապարտէզը, պէտք է ծնողները ընդլայնեն մանուկին ընկերային շփումները եւ վարժեցնեն յարաբերութիւններ մշակել իր տարեկիցներուն հետ, խաղավայրեր տանելով կամ ծանօթներու հետ յաճախակի հանդիպումներ կազմակերպելով։ Այսպիսով ան նախքան դպրոց կամ մանկապարտէզ յաճախելը վարժ կը դառնայ ընկերներու հետ կապ հաստատելու, միասին խաղալու եւ այլն։
Զ) Սորվեցնել փոքրիկին առանձին կատարել կարգ մը բաներ, ինչպէս օրինակ պայուսակը շտկել, հագուստը հագնիլ եւ այլն, առանց կարիք ունենալու մօր կամ ուսուցիչին։
Փոքրիկները յաճախ կը յուզուին, երբեմն կու լան՝ արտայայտելով իրենց վախը, օտար միջավայր մտնելու ճնշումը։ Ուստի պէտք է օգնել, որպէսզի իրենց վարք ու բարքը դպրոցին մէջ ընդունելի ըլլան, վախերը փարատին։ Անոնց տանք սէր, ինքնավստահութիւն ներշնչենք։ Պէտք է սորվեցնենք փոքրիկին թէ ինչպէ՛ս կը մտնէ կեանքի նոր փուլ մը։ Այս ճամբուն վրայ մանուկին յաջողութիւնը մեծապէս կախեալ է ծնողներէն եւ ուսուցիչներէն։ Հետեւաբար գործակցաբար պէտք է օգնել անոր, որպէսզի յաղթահարէ դպրոցական առօրեային մէջ մտնելու առաջին դժուարութիւնները եւ ուսումնակրթական իր տարին ըլլայ արդիւնաւէտ, առանց բարդութիւններու։
Վերոյիշեալներուն կողքին, սէրը եւ հոգատարութիւնը ամէնէն կարեւոր նախապայմաններն են օգնելու մեր մանուկներուն։
Ուսուցչուհիները, իրենց կարգին, պէտք է մշտապէս քայլ պահեն մանկավարժական նորագոյն ուսումնասիրութիւններու հետ, կարդան ու սերտեն, որպէսզի ժամանակակից ձեւերով դաստիարակեն փոքրիկները եւ հանգիստ ու դրական մթնոլորտ ստեղծեն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս։
Բարի վերամուտ։