Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկը, որ հիմնուած է 1996-ին որպէս Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան շրջանի մասնագիտական-կրթական կառոյց, այս տարի
կը բոլորէ իր 30-ամեակը։ Հիմնարկին նպատակը եղած է սատարել հայապահպանման գործին, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ ուսուցման՝ սուրիահայ երիտասարդութեան ջամբելով հայագիտական եւ հայերէնագիտական քառամեայ ուսում:
Հիմնարկի քառամեայ ծրագիրը կ’ընդգրկէ՝ Հայոց լեզու, քերականութիւն (տեսական եւ գործնական), գրականութիւն, Հայոց պատմութիւն, բանահիւսութիւն, մատենագրութիւն, սփիւռքահայ գաղութներու պատմութիւն, գրաւոր խօսք եւ թարգմանութիւն, Հայ Դատ, լրագրութիւն, ձեռագրաց եւ մամուլի պատմութիւն, Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայ դպրոցի պատմութիւն եւ այլն:
Տասնամեակներ շարունակ Հիմնարկը հանդիսացած է կարեւոր դարբնոց՝ ծառայելով յատկապէս հայկական վարժարաններուն համար հայերէնաւանդ ուսուցիչներու, մամլոյ ծառայողներու պատրաստման։ Յատկապէս Սուրիոյ տագնապալի եւ դժուարին տարիներուն, այս կառոյցը շարունակեց մնալ հայկական մնայուն արժէքներու, լեզուի եւ պատմական յիշողութեան փոխանցման անփոխարինելի օճախ:
Իր քառամեայ ծրագրին շնորհիւ, հիմնարկը կը զարգացնէ ուսանողներու հայերէնագիտութիւնը, հաղորդակցական հմտութիւնները եւ լեզուական կիրառութիւնը: Անիկա կը մշակէ եւ
կը տրամադրէ տեղական կարիքներուն յարմարեցուած դասագիրքեր եւ օժանդակ նիւթեր: Այսօր Հալէպի հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէնաւանդ ուսուցիչներու, տնօրէններու, քարտուղարներու, ինչպէս նաեւ միութիւններու քարտուղարութեան եւ ատենադպրութեան աշխատանքներուն ծառայողներու, մամուլի աշխատակիցներու ստուար թիւ մը Հայագիտական հիմնարկի շրջանաւարտներէ
կը բաղկանայ։
Վերջին տարիներուն, ողջունելի երեւոյթ էր նաեւ հիմնարկի դասընթացքներուն առցանց միանալու կարելիութիւնը, ինչ որ առիթ ընծայեց Սուրիոյ տարբեր նահանգներու երիտասարդներուն՝ հետեւելու քառամեայ դասընթացքին՝ ապահովելով մասնագիտական ուժեր նաեւ շրջաններու վարժարաններուն համար։
Հիմնարկի աշխատանքը առաւել արդիւնաւորելու համար հարկ է սերտօրէն գործակցիլ անոր հետ։ Վարժարանները կրնան ամէն տարի ուսուցչութեան թեկնածու անձեր ուղղել Հիմնարկ եւ քաջալերել զիրենք մասնագիտական ուսում ստանալու: Աւելին, շրջանաւարտները կրնան ներգրաւուիլ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ոչ միայն որպէս հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, այլեւ՝ դաստիարակներ, քարտուղարներ, աշակերտական պարբերաթերթերու խմբագիրներ ու գրադարանավարներ:
Վարժարաններու տնօրէնութիւններն ու Հիմնարկը համատեղ կրնան կազմակերպել պարբերական սեմինարներ, փորձառութեան փոխանակման հաւաքներ եւ դասարանային փորձաշրջանի հնարաւորութիւններ ընծայել ապագայ ուսուցիչներուն՝ ապահովելով տեսական գիտելիքներու անմիջական կիրառութիւնը: Նման գործակցութեան խթանումը պիտի հանդիսանայ մարդուժի պատրաստութեան լաւագոյն օրինակը եւ զերծ պահէ մեր կրթօճախները հետագայ տագնապներէ։
Երեսուն տարուան ճամբայ կտրած Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը երախտարժան աշխատանք տարած է ու կը շարունակէ տանիլ։ Հիմնարկի քառամեայ ծրագիրը աւարտած են մօտաւորապէս 100 շրջանաւարտներ, որոնք Սուրիոյ, Հայաստանի թէ սփիւռքահայ այլ գաղութներու մէջ այսօր կը վարեն ուսուցչական ու այլ պատասխանատու պաշտօններ։ Շրջանաւարտներէն ոմանք Հայաստան ուղղուելով մասնագիտացած են հայագիտական տարբեր ճիւղերու մէջ։ Ու որքան լայն ըլլայ գործակցութիւնը այս հիմնարկին հետ, այնքան աւելի ծրագրուած կþընթանայ հայերէնի ուսուցումը մեր դպրոցներէն ներս, ու նման կշռոյթով կþաճի հայագիտական ոլորտին մէջ մասնագիտանալու հետաքրքրութիւնը նոր սերունդներուն մօտ։