27 Օգոստոսին, Եւրոպա լիկի 2026/27-ի մրցաշրջանի անցումային փլէյ-օֆֆ փուլի պատասխան խաղին, Հայաստանի գործող ախոյեան Արարատ-Արմենիան Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց ռումանական Ունիվերսիտատիա Կրայովան: Յիշեցնենք, որ խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին խաղը աւարտեցաւ 1 – 1 արդիւնքով: Հանդիպման յաւելեալ ժամանակին, Արարատը ստացաւ տուգանային հարուածի իրաւունք, որ առաջին անգամ Փալանտա չկրցաւ յաջողութեամբ կատարել, սակայն հարուածը կրկնելու իրաւունք ստանալով կրցաւ ցնցել մրցակիցին դարպասը։ 1-0 արդիւնքով երեւանեան խումբը յաղթանակ արձանագրելով ոչ միայն պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը մասնակցի եւրոգաւաթային մրցաշարքի լիկին, այլ նաեւ առաջին հայկական ակումբն է, որ իրաւունքը կը ստանայ մասնակցելու Եւրոպա լիկի հիմնական փուլին:
ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՅՍՏԱԿԱՑԱՒ
28 Օգոստոսին, Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցաւ Չեմփիընզ լիկի խաղարկութեան վիճակահանութիւնը։ Բոլոր 36 խումբերը տեղեակ դարձան իրենց մրցակիցներուն: Նշենք, որ իւրաքանչիւր խումբ լիկի փուլին պիտի ունենայ 8 մրցակից։ Բոլոր խումբերը ընդհանուր արդիւնքներու կէտերու հաշուարկով մաս պիտի կազմեն միասնական մրցաշարքային աղիւսակին։ 1-էն 8-րդ տեղը զբաղեցուցած խումբերը անմիջապէս
կը փոխանցուին 1/8-րդ եզրափակիչ փուլ, իսկ 9-24-րդ (16 խումբ) տեղերը զբաղեցուցած կազմերը
կը խաղան մնացած 8 ուղեգրերը ստանալու համար: Պարսելոնայի խմբակին մաս կազմեցին Փարիզ Սան Ժերմանն ու Մանչեսթըր Սիթին՝ որպէս ուժեղ խումբեր, Իսկ Ռէալ Մատրիտին հետ պիտի մրցին Արսենալն ու Ինթըր Միլանը:
Սպանիոյ մայրաքաղաքի արքայական խումբը՝ Ռէալ Մատրիտը հերթական երկրորդ խաղը ըլլալով կրցաւ 4 կոլ արձանագրելով յաղթանակ արձանագրել: Անցեալ շաբթուան ընթացքին 4 – 1 արդիւնքով ան պարտութեան մատնեց Ռէալ Սոսետատը, իսկ Կիրակի օր 4 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Մալաքայը: Փորթուկալցի Ժոզէ Մորինիոյի գլխաւորած խումբին յաղթանակի կոլերու հեղինակները դարձան անգլիացի կիսապաշտպան Ճուտ Պելինկհամ, ֆրանսացի յարձակող Քիլիան Մպափէ եւ թուրք խաղցող Կիւլէր: Ռէալ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


