ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Չինական մարդակերպ (humanoid) ռոպոթը փինկ-փոնկ խաղցած է ողիմպիական ախոյեան Թինկ Նինկի հետ՝ Մարդակերպ ռոպոթներու համաշխարհային 2-րդ խաղերու ընթացքին։
Մարդակերպ ռոպոթներու համաշխարհային երկրորդ խաղերու բացման հանդիսութեան ընթացքին, «AgiBot Expedition A3» ռոպոթը Շաբաթ, 23 Օգոստոսին Փեքինի մէջ արագընթաց փինկ-փոնկի հարուածներ փոխանակած է ողիմպիական ոսկիէ մետալակիր Թինկ Նինկի հետ:
«Expedition A3» ռոպոթը մրցած է առանց հեռակառավարման, նախապէս գրուած ծրագրերու կամ մարդկային անմիջական միջամտութեան: Շարժելով «SpikePingpong»-ի միջոցով, որ աշխարհի առաջին զգացական ղեկավարման (motion-control) համակարգն է՝ յատուկ մարդակերպ ռոպոթներու սեղանի թենիսի համար, ռոպոթը գործած է ամբողջական փակ շրջագիծով. ան կը հետեւի գնդակին, կը կանխատեսէ անոր հետագիծը, կը հաշուարկէ մարմնի ամբողջական շարժումները եւ կը շարժէ թենիսի թիակը (ռաքէթը) պատասխան հարուածներ հասցնելու համար, ինչպէս կը յայտնէ «Global Times» լրատուամիջոցը:
Այս արագ փոխանակումները հիացուցած են հանդիսատեսները եւ ընդգծած մարդակերպ ռոպոթներու՝ շարժուն ֆիզիքական փոխադարձ ազդեցութիւններու ենթարկուելու կարողութեան հսկայական յառաջընթացը:
Սեղանի թենիսը այս տարուան խաղերուն առաջին անգամ ըլլալով հանդէս կու գայ իբրեւ պաշտօնական մրցակցային մրցաշարք՝ ներգրաւելով 12 խումբեր, որոնք կը փորձարկեն իրենց ռոպոթ մարզիկները երեք հիմնական մարտահրաւէրներու մէջ. տեսնել գնդակը, բաւարար արագութեամբ հաշուարկել անոր հետագիծը եւ թիակը ճիշդ ձեւով հասցնել գնդակին:
Հանդիսատեսին համար զարմանալի մանրամասնութիւնը այն է, որ այս մարդակերպ ռոպոթները իրենց վրայ ներկառուցուած «աչքեր» չունին: Խաղին մասին իրենց ամբողջական տեսողական պատկերը կու գայ սեղանի շուրջ տեղադրուած 10 արագընթաց շարժում որսացող (motion-capture) նկարչական սարքերէն: Ութ սարքեր վերէն կը դիտեն՝ ապահովելով թռչունի հայեացք, իսկ երկուքը տեղադրուած են ցանցին մօտ՝ հետեւելու համար գնդակի արագ՝ ետեւ ու առջեւ թռիչքին սեղանի մակերեսին վրայ:
Իւրաքանչիւր շարժում եւ հարուածի ընտրութիւն կը կատարուի բացառապէս Արուեստական Բանականութեան (ԱԲ) կողմէ: Գնդակը ցանցը անցնելէն միայն քանի մը միլլիվայրկեան ետք, ռոպոթները պէտք է մշակեն պատասխան մարտավարութիւն եւ մրցակցային ճնշման տակ ընտրեն աջլիկ  կամ ձախլիկ հարուածներու միջեւ:
Հնգօրեայ այս ձեռնարկը կը հիւրընկալէ 666 խումբ՝ 16 երկիրներէ, ուր 2գ056 ռոպոթներ կը մրցին 51 մրցաշարքերու մէջ՝ բանալով համաշխարհային պատուհան մը դէպի մարդակերպ ռոպոթներու արագ զարգացող ոլորտը:
ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ
ԳԻՏԷ՞Ք ԹԷ ՈՐՈՆՔ ԵՆ ՍՆՆԴԱՅԻՆ ԹՈՒՆԱՒՈՐՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ
Մանրէները, մակաբոյծները եւ ժահրերը սննդային թունաւորման երեք գլխաւոր պատճառներն են։
Մարդոց սպառած սննդամթերքի մեծամասնութիւնը բնական վիճակով արդէն իսկ կրնայ պարունակել այս մանրէները, սակայն ատիկա միշտ չէ որ հիւանդութեան կը յանգեցնէ: Ճաշ պատրաստելու ընթացքին կիրարկուած բարձր ջերմաստիճանը սովորաբար կ’ոչնչացնէ սնունդին մէջ գտնուող վնասակար մակաբոյծներն ու մանրէները, նախքան անոնց մեր պնակին հասնիլը: Այս պատճառով, քանի որ հում կամ թերի եփած մթերքները չեն անցնիր բաւարար ջերմային մշակման գործընթացէ, անոնք
կը նկատուին սննդային հիւանդութիւններու եւ թունաւորումներու ամենատարածուած աղբիւրը:
Բացի սնունդի հում ըլլալէն, մեծ վտանգ կը ներկայացնէ նաեւ մաքուր չըլլալը: Սննդամթերքը երբեմն կրնայ դպչիլ վտանգաւոր մանրէներու։ Ասիկա ամենայն հաւանականութեամբ տեղի կ’ունենայ այն ատեն, երբ վարակուած կամ հիւանդ անձ մը սնունդ կը պատրաստէ կամ կը հրամցնէ՝ առանց նախապէս իր ձեռքերը օճառով լաւ լուալու։ Այսպիսի անփութութեան պատճառով յատկապէս արագ կ’աղտոտին միսը, ձուն եւ կաթնամթերքը, որոնք նպաստաւոր միջավայր են մանրէներու բազմացման համար։ Բացի սնունդէն, խմելու կամ կերակուրի պատրաստութեան համար օգտագործուող ջուրը նոյնպէս կրնայ աղտոտ ըլլալ հիւանդածին  մարմիններով եւ դառնալ թունաւորման աղբիւր։