Քեսապի մէջ այս տարի առանձին ելոյթով եւ «Կանաչ Քեսապ» փառատօնի մասնակցութեամբ հանդէս եկան «Կիլիկիա» եւ «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբերը։ Քեսապցիներէ բաղկացած այս երգչախումբերը խմբավարեց վաստակաւոր մայեսթրա Տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանը։ Այս առիթով «Գանձասար» մտերմիկ հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ՝ ծանօթանալու աշխատանքի մանրամասնութիւններուն եւ խմբավարին տպաւորութիւնները լսելու։
«Գանձասար»- Առաջին հերթին թոյլ տուէք, որ խօսինք «Կանաչ Քեսապ» Փառատօնին ձեր մասնակցութեան մասին։
Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան- Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ հրաւէր ուղղուեցաւ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի զոյգ երգչախումբերուն՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու «Կանաչ Քեսապ» փառատօնին։ Մենք արդէն համերգը ներկայացնելու աշխատանքին մէջ էինք։ «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբը փառատօնին հանդէս եկաւ երկու երգով «Անձրեւ Եկաւ» երժշ.՝ Կոմիտաս, «Կապոյտ Մանուշակ» երժշ.՝ Մ. Մաւիսակալեան, իսկ «Կիլիկիա» երգչախումբը ներկայացուց «Պելետի» արաբերէն եւ «Երեւան Էրեբունի» երժշ.՝ Է. Յովհաննիսեան։ Այս մասնակցութիւնը մեծ պատիւ էր թէ՛ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղին, թէ՛ երգչախումբերուն համար։ Ես անձնապէս շատ ուրախ էի այդ հրաւէրին, յատկապէս խումբերուն բացօթեայ երգելուն համար։ Պէտք է աւելցնեմ, որ բացօթեայ երգելը չափազանց դժուար է ճշգրիտ ձայնային գործիքներ չաշխատելու պարագային, յատկապէս եթէ լաւ մասնագիտական բարձրախօսային վիճակ չըլլայ։ Աւելցնեմ նաեւ, որ խումբի անդամներու գերազանց զբաղուածութեան պատճառով, մենք նոյնիսկ բացօթեայ փորձի առիթ չունեցանք, բայց փառք Աստուծոյ ամէն ինչ շատ լաւ ընթացաւ։
«Գ.»- «Կիլիկիա» երգչախումբի վերջընթեր ելոյթին դաշնամուրի ընկերակցող չունէինք, դուք թէ՛ նուագակցեցաք եւ թէ՛ խմբավարութիւնը կատարեցիք, ի՛նչ որ բարդ աշխատանք էր, սակայն ձեր փորձառութեամբ եւ հմտութեամբ ելոյթը յաջողութեամբ պսակեցիք։ Այս անգամ ինչպէ՞ս գործակցեցաք Անի Պօղիկեանին հետ, որպէսզի Հալէպէն ժամանելով երկու երգչախումբերու դաշնամուրային ընկերակցութիւնը կատարէ։
Գ.Ս.Տ.- Այս տարի քեսապցի դաշնակահարները, որոնք նախապէս մասնակցած էին մեր ելոյթներուն եւ լաւ նուագողներ էին, այլ աշխատանքներով զբաղած էին, չկրցան ընդառաջել մեր առաջարկին։ Կրկին անել վիճակի մատնուեցայ։ Միտք մը յղացայ՝ դիմել մեր երիտասարդ ուժերուն։ Յիշեցի, որ խոստմնալից երիտասարդ ուժ ունինք, առաջարկեցինք Անի Պօղիկեանին, որ սիրով ընդառաջեց։ Ան խումբերուն հետ միայն երկու երեք փորձ կատարեց, նոթաները իրեն նախապէս Հալէպ ղրկած էի, հոն աշխատեցաւ, վերջաւորութեան, ելոյթէն  քանի մը օր առաջ Քեսապ ժամանեց եւ միացաւ մեր փորձերուն։ Շնորհակալ եմ եւ ուրախ, որ Անին յաղթահարեց երկու հսկայ ծրագրերու ընկերակցութիւնը, նմանապէս շնորհակալ եմ Շրջ. Վարչութեան, որ առաջարկեց ու դիմեց Անիին, նաեւ «Հ.Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, որ իր կարգին օժանդակեց աշխատանքին։
«Գ.»- Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով «Կիլիկիա» եւ «Կանթեղ» երգչախումբերը միասնաբար ելոյթ ունեցան։ Սովորաբար իւրաքանչիւր երգչախումբ առանձին ելոյթով կը ներկայացնէր իր երգացանկը։ Ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք զոյգ երգչախումբերու միասնական համերգը։
Գ.Ս.Տ.- Նախ ըսեմ, որ երբ Մայիսին Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ Քեսապ հրաւիրուեցայ «Կիլիկիա» երգչախումբի ելոյթը ներկայացնելու, արդէն երգչախումբին կազմը պատրաստ էր։ Երբ վարչութիւնը փափաք յայտնեց «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբը վերականգնել, անոնց փորձերն ալ զուգահեռ ընթացան։ Այնպէս որոշուեցաւ, որ առաջին բաժինով «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբը ներկայացնէ իր երգացանկը, իսկ երկրորդ բաժինով՝ «Կիլիկիա» երգչախումբը։
Ես ի հարկէ նկատեցի, որ երկու բաժիններն ալ քիչ մը երկար եղած էին, անձամբ ես կը գտնեմ, որ ատիկա ճիշդ չէ։ Միւս կողմէ, սակայն, կը մտա-ծեմ, որ անոնք տարուան մէջ միայն մէկ անգամ առիթ ունին իրենց համերգը ներկայացնելու եւ բնականաբար ամէն երգչախումբ կ’ուզէ աւելի շատ երգեր ներկայացնել, բայց ի վերջոյ պէտք է հաշուի առնել ունկնդիրին վիճակը եւ թէ մասնակիցները որքա՛ն կը դիմանան մինչեւ համերգին աւարտը, յատկապէս ամռան տաք եղանակին դիմանալը աւելի դժուար կ’ըլլայ։
«Գ.»- Ինչպէ՞ս կազմեցիք «Կանթեղ» եւ «Կիլիկիա» երգչախումբերու երգացանկերը։
Գ.Ս.Տ.- «Կանթեղ» երգչախումբի երգացանկը բաղկացած էր 11, իսկ «Կիլիկիա» երգչախումբինը՝ 13 երգէ, բայց պէտք է նկատի ունենալ, որ երգացանկին մէջ կային նաեւ երեք-չորս երգերէ բաղկացած երգերու շարքեր։
Երգացանկերը իմ ընտրութիւնն էին, անշուշտ որոշ խորհրդատուութիւններ եղան վարչութեան հետ։ Երգացանկը ընտրանի մըն էր Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի այս եւ նախորդ տարիներու երգերէն։ Իսկ «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբի երգացանկը՝ այս տարուան «Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբի երգացանկն էր։ Շատ գեղեցիկ ծրագիր ունէինք, որ «Մարդ ու Բնութիւն» կապը կը խորհրդանշէր։ Երբ գաղափարը ներկայացուցի Ուսումնական Խորհուրդին՝ ընդառաջեց։ Բնականաբար «Կանթեղ» երգչախումբին համար զեղջումներ կատարեցի, որովհետեւ այդ ծրագիրը շատ մեծ էր եւ «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի մասնակիցները աւելի բարձր կարգերու աշակերտներ էին։ Մինչդեռ Քեսապի մասնակիցները շատ աւելի փոքր էին, նոյնիսկ այս երգացանկը քիչ մը դժուար էր իրենց համար։
«Գ.»- Մէկուկէս ամսուան ընթացքին երկու համերգ պատրաստել եւ բեմ ներկայանալ դիւրին չէ՛, ինչպիսի՞ դժուարութիւններ դիմագրաւեցիք այս համերգի պատրաստութեան ընթացքին։
Գ.Ս.Տ.- «Կիլիկիա» երգչախումբի ելոյթի պատրաստութեան աշխատանքները շատ հեզասահ ընթացան։ Անոնք մեծ նուիրում, սէր, զոհողութիւն ու գիտակցութիւն ցուցաբերեցին։ Չեմ կրնար իմ գոհունակութիւնը, սէրը եւ հրճուանքը չարտայայտել խումբի բոլոր անդամներուն հանդէպ։ Իսկ իմ սիրելի «Կանթեղ» երգչախումբի մասնակիցներուն համար համերգ պատրաստել այս կարճ ժամանակի ընթացքին, «Մարդ ու Բնութիւն» խորագրին տակ, քիչ մը ծանր էր փոքրերուն համար։ Անոնք փորձեցին անգիր սորվիլ երգերուն բառերը, որովհետեւ ոմանք փոքր էին, կարդալ չէին գիտեր տակաւին։ Աւելի բարձր կարգերու տղաքն ու աղջիկները համերգի դժուարութիւնը իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին ու անոնց ներկայութիւնը մեծ դեր ունեցաւ համերգի յաջողութեան մէջ, սակայն պէտք է աւելցնել, որ հակառակ այս բոլորին, խումբի փոքրիկները շատ լաւ ներկայացուցին համերգը։ Անոնց շրթներէն հայ երգը հնչեց ազդեցիկ ու քաղցրահունչ։
«Գ.»- Հալէպի մէջ «Զուարթնոց» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբերու հետ ձեր աշխատանքներուն հետեւանքով, Քեսապի մէջ «Կիլիկիա» երգչախումբի ելոյթներու պատրաստութիւնը եւ փորձերը
կը սկսին Մայիս ամսուան աւարտին կամ Յունիսի սկիզբը, որ կը խաչաձեւուի քեսապցիներու աշխատանքի եղանակին հետ։ Այս պարագան դժուարութիւն կը ստեղծէ՞։
Գ.Ս.Տ.- «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի եւ «Զուարթնոց»-ի զոյգ երգչախումբերու հետ իմ աշխատանքը եւ անոնց ելոյթները Մայիս ամսուան ընթացքին կ’աւարտին։ Մինչ այդ տարուան ընթացքին, մինչեւ Մայիս ամբողջ ժամանակս այդ երկու երգչախումբերուն հետ կþանցնի։ Նախապէս, 2000 թուականին, երբ «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի ելոյթը կþաւարտէր Փետրուարի մէջ, կարելիութիւն կþունենայի կանուխ գալու։ Հիմա աշխատանքները այս շրջանին մէջ տեղափոխուած են. «Զուարթնոց»-ը մինչեւ Ապրիլ-Մայիս ամիսներ, տարբեր առիթներով մէկէ աւելի ելոյթներ կ’ունենայ։
Այս բոլորին հետ մէկտեղ պէտք է ըսել, որ «Կիլիկիա» երգչախումբի մասնակիցները մեծ նուիրում ու զոհողութիւն ցուցաբերեցին, նոյնիսկ այս տարի անոնց թիւը 34-ի բարձրացաւ, իսկ «Կանթեղ»-ին մասնակցեցան 29 փոքրիկներ։
«Գ.»- Նկատելի է, որ ամէն տարի, այս տարի եւս, «Կիլիկիա» երգչախումբի  երգացանկին մէջ Քեսապի կարօտին, բնութեան եւ կտոր մը հայրենիք ըլլալուն մասին երգ մը կ’ունենաք երգացանկին մէջ:
Գ.Ս.Տ.- Այո՛, ես ամէն տարի Քեսապին նուիրուած երգ մը կը փնտռեմ: Այս տարի եւս փնտռտուքի մէջ էի եւ շատ պատահականօրէն լսեցի երգ մը, որուն բառերը քեսապցի Տիկ. Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանինն էին, իսկ երաժշտութիւնը եւ մշակումը՝ Կարօ Քէքլիքեանին։ Քեսապցիներու վերջին տեղահանութենէն առաջ (2014), այս երգին մենակատարն էր Սեւակ Պետուրեանը, որ սիրայօժար երգը տուաւ մեզի: Փորձեցի այդ երգը իր բնոյթէն դուրս հանել, մեղեդին նոթագրեցի եւ անոր համար դաշնամուրային նուագակցութիւն գրեցի, 2-րդ ձայնը աւելցնելով՝ երգչախմբային կատարման համար: Երգը մարդկային ամէնէն ազնիւ արտայայտութիւններէն մէկն է:
«Գ.»- Հարցազրոյցի աւարտին, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի հարցազրոյցին համար, ձեր վարձքը կատա՛ր: Զոյգ երգչախումբերու հետ ձեր տարած աշխատանքին մէջ ուշագրաւ է ձեր մարդկային վերաբերմունքը, որ միաձուլելով ձեր մասնագիտական կարողութիւններուն հետ, կրցաք երգչախումբերուն ելոյթները յաջողութեամբ պսակել: Ի՞նչ կ’ուզէք աւելցնել:
Գ.Ս.Տ.- Ինծի համար Քեսապը հարազատ վայր է, հայկականութեամբ ներծծուած: Երբ առաջին անգամ Քեսապ ոտք դրի, ինծի իմ հայրենիքս յիշեցուց, ու ես սիրահարուեցայ Քեսապին ու Կասիոսի սէգ լեռան: Սիրեցի Քեսապը ու իր զաւակները, հաճոյքով եւ նուիրումով աշխատեցայ հոս։ Իւրաքանչիւր տարի իր ձեւին մէջ տարբեր էր, ոչ  մէկ տարի միւսին նման էր: Կը մաղթեմ, որ հայկական այս աւանը միշտ շէն մնայ։ Յատուկ շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին՝ իր քաջալերանքին եւ մեր կողքին կանգնելուն համար։ Շնորհակալութիւն Շրջ. Վարչութեան՝ իր տարած աշխատանքներուն համար։ Շնորհակալութիւն Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք գործակցեցան զոյգ համերգներուն եւ անոնց փորձերուն ընթացքին։ Շնորհակալութիւն երգչախումբերու անդամներուն, շատ ապրին, իրենց վարձքը կատա՛ր։ Եւ վերջապէս շնորհակալութիւն ձեզի՝ այս հարցազրոյցին համար։
Հարցազրոյցը վարեց
Սեւան Ա. Մանճիկեան