2 Սեպտեմբեր 1991-ի Արցախի անկախութեան հռչակագիրը ԽՍՀՄ օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւունքի տառին ու ոգիին համապատասխանող անբեկանելի փաստ է։ Այսօր, Արցախի ամբողջական հայաթափումէն ետք, 2 Սեպտեմբերը կը վերածուի իրաւական այն հիմնաքարին, որուն վրայ պէտք է խարսխուի հայկական դիւանագիտութեան եւ քաղաքական մտքին պաշտպանական ուղղութիւնը։
Այս հիմնասիւնին դէմ յանդիման, Ատրպէյճան «խաղաղութեան պայմանագիր» եզրոյթը կը գործածէ իբրեւ քաղաքական սպառնալիքի գործիք՝ ստիպելու Հայաստանը հրաժարելու Արցախի ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքներէն։ Այս ռազմավարութեան մաս կը կազմէ նաեւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կոչուած կեղծ-գիտական հայեցակարգի պաշտօնականացումը (օրինակ՝ 902 էջանի «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Ժառանգութիւնը» հատորը, որ պատրաստուած է իբրեւ ակադեմական աշխատանք), որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ապագայ ոտնձգութիւններու գաղափարական հիմնաւորումն է։
Նման ճնշումներու դիմաց, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը ջանան զերծ մնալ Արցախի հարցը արծարծելու քաղաքական պատասխանատուութենէ, համայն հայութիւնը պարտաւոր է ինքնուրոյն ճշդել իր առաջնահերթութիւնները։ Անհրաժեշտ է դուրս գալ լոկ հռետորաբանութենէն եւ դիմել գործնական քայլերու։ Այս օրակարգին առանցքը Արցախի պետական-իրաւական ենթակայութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու պահպանումն է, որովհետեւ անոնց լուծարումը կը զրկէ արցախահայութիւնը միջազգային բեմահարթակներու վրայ իբրեւ միասնական ուժ հանդէս գալու իրաւունքէն։ Արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքը հարկ է պահանջել բացառապէս միջազգային խաղաղապահ կամ վարչական երաշխիքներու ներքոյ։
Զուգահեռաբար, Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ ռազմագերիներու ամբողջական մեկուսացումը մարդկայնական ու իրաւական ծանրագոյն խախտում է։ Պատանդ վերցնելը քաղաքական առեւտուրի գործիք է, իսկ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ նման հարցեր կը լուծուին, երբ միջազգային ճնշումը հասնի իր գագաթնակէտին կամ աշխարհաքաղաքական պայմանները փոխուին։ Ասոր կողքին, անհրաժեշտ է միջազգային հարթակներու վրայ հերքել «Արեւմտեան Ատրպէյճան» թեզերը եւ UNESCO-ի միջոցով ապահովել Արցախի հայկական պատմամշա-կութային ժառանգութեան պահպանումը։
Արցախի հարցին եւ տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձին տրամաբանական լուծումը դիւրին չէ, բայց իրատեսական է ու հնարաւոր։ Ի վերջոյ պէտք է հաստատել, որ միջազգային իրաւունքի մէջ ուժի կիրարկումով ստեղծուած կացութիւնը (de facto) ինքնաբերաբար չի վերածուիր իրաւական վիճակի (de jure), հետեւաբար ժամանակի գործօնը վերջնական չէ։ Միեւնոյն ատեն, պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ բոլոր այն ժողովուրդները, որոնք հասած են իրենց հարցի վերաբացման կամ վերադարձի իրաւունքի կիրարկման, անշեղօրէն պահպանած են իրենց իրաւական փաստա-թուղթերը, փախստականի կարգավիճակն ու քաղաքական ներկայացուցչութիւնը։ Աւելին՝ ոչ մէկ տեղահանուած ժողովուրդ վերադարձած է իրեն տեղահանած վարչակարգին ողորմածութեամբ, այլ վերադարձը միշտ եղած է բացառապէս միջազգային խաղաղապահ, իրաւական կամ վարչական երաշխիքներու ներքոյ։