ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԿ ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ Մ15 ՏԱՐԵԿԱՆՆԵՐՈՒ
ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի ծանրամարտի պատանիները Եւրոպայի առաջնութեան մրցումներուն յաջողեցան արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ: Քոսովոյի մայրաքաղաք Բրիշթինայի մէջ ընթացող մինչեւ 15 տարեկաններու Եւրոպայի առաջնութեան 70 քկ. ծանրութեան կարգի Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Մովսէսեան պոկումի վարժութեան բարձրացուց 115 եւ 122 քկ.: Այս վարժութեան ան դարձաւ արծաթէ մետալակիր: Հրումի վարժութեան 130 քկ. արդիւնքով ան կրկին երկրորդն էր: Երկամարտի 252 քկ. արդիւնքով Հայկ Մովսէսեան Եւրոպայի Մ15 տարեկաններու առաջնութեան փոխախոյեանն է:
ԱՐԹՈՒՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ՝ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Ծանրամարտի պատանեկան հաւաքականի 60 քկ. ծանրութեան կարգի անդամ Արթուր Պետրոսեան յաջորդաբար պոկեց 102 քկ., 105 քկ. եւ 108 քկ.։ Այս ձեւին ան արժանացաւ արծաթէ մետալի։ Հրումին ան գլխուն վերեւ պահեց 127 քկ. եւ 133 քկ.։ Այս վարժութեան ան կրկին երկրորդն էր։ Երկամարտի 241 քկ. արդիւնքով Արթուր Պետրոսեան դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան փոխախոյեան։
Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վարազդատ Յարութիւնեան պոկեց 100 քկ. եւ 103 քկ.։ Հրումի վարժութեան ան բարձրացուց 121 քկ. եւ 125 քկ.։ Երկամարտի 228 քկ. արդիւնքով՝ Յարութիւնեան Եւրոպայի առաջնութեան 4-րդն է:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ
ՍՊԱՆԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Սպանիոյ առաջնութեան մրցումներուն, մայրաքաղաքի արքայական ակումբի նախկին տարեշրջանի փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտ Պարսելոնայի մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սպանիոլը: 9-րդ վայրկեանին, հանդիպման հաշիւը բացուած յայտարարեց անգլիացի Ճուտ Պելինկհամը, որ գլխահարուածով նշանակեց Մատրիտի այս տարեշրջանի առաջին կոլը: 30-րդ վայրկեանին, պատասխան կոլը նշանակեց սպանացի կիսապաշտպան Ալեքս Կալատրաւան: Ռէալի նորանշանակ մարզիչ փորթուկալցի Մորինիոն որոշ փոփոխութիւններ կատարեց, եւ կազմը կրցաւ դասաւորել խաղի իր ոճը։ 90-րդ վայրկեանին, յաղթական կոլը նշանակեց սպանացի յարձակող Գարլոս Էսպին:
ԿԱՒԻ ԴԱՇՏԷՆ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ԾՈՒՆԿԻՆ
ՎՆԱՍՈՒԵԼՈՒՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ
Կիրակի, 23 Օգոստոսին Պարսելոնա-Էլչի խումբերուն միջեւ տեղի ունե-ցած մրցումին, քաթալոնէական Պարսելոնայի խումբի խաղացող Կաւի ծունկի վնասուածք մը ստանալով առաջին կիսախաղուն հեռացաւ դաշտէն եւ մեկնեցաւ հիւանդանոց: Ըստ յայտարարուած առաջին տեղեկութիւններուն, անոր ծունկի վնասուածքը վերստին բորբոքած է: Հանդիպումի 44-րդ վայրկեանին, ան նստաւ դաշտին մէջ եւ յայտնեց, որ մրցումը շարունակելու կարողութիւն չունի: Նշենք թէ 2023-ի Նոյեմբերին անոր աջ ոտքի ծունկը ծանրօրէն վնասուեցաւ, որուն հետեւանքով ան երկար ատեն հեռու մնաց մրցումներէն: Յիշենք, որ մրցումը աւարտեցաւ 5-0 արդիւնքով, ի նպաստ Պարսելոնայի:
Ռաֆֆի Սիւլահեան



