ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ
Ճամբորդութիւնը պէտք է ըլլայ հաճելի յոյզերով լեցուն, հանգստաւէտ եւ առանց աւելորդ մտահոգութիւններու։ Անկախ անկէ՝ կը ծրագրէք հանգստանալ ծովափին, արկածախնդրական ուղեւորութիւն մը ընել, թէ մշակութային պտոյտ, հետեւեալ խորհուրդները պիտի օգնեն ունենալու ձեր լաւագոյն ճամբորդութիւններէն մէկը։
1. Ծրագրեցէ՛ք ձեր ճամբորդութիւնը նախապէս
Նախապէս ուսումնասիրեցէ՛ք ձեր այցելելիք վայրը։ Ժամանակը ճիշդ օգտագործելու համար կազմեցէ՛ք ճամբորդական յայտագիր՝ մանրամասնօրէն գրելով կամ քարտէզին վրայ նշելով այն վայրերը, ուր կը նախատեսէք այցելել։ Նախապէս ապահովեցէ՛ք կամ գնեցէ՛ք շոգեկառքերու, համերգներու, թանգարաններու կամ ժամանցի այլ վայրերու տոմսերը։
2. Ճիշդ դասաւորեցէ՛ք ձեր ճամբորդական պայուսակը
Մի՛ ծանրաբեռնէք ճամբորդական պայուսակը աւելորդ իրերով, վերցուցէ՛ք միայն անհրաժեշտը։ Նախապէս ստուգեցէ՛ք օդերեւոյթը եւ ընտրեցէ՛ք հանգստաւէտ հագուստ՝ մեկնելով եղանակային պայմաններէն։ Չմոռնաք նաեւ արեւի ակնոց, դեղատուփ, power bank, լիցքաւորման լար եւ այլն առնել ձեզի հետ։ Ճամբորդական բոլոր փաստաթուղթերը (անձնաթուղթ, տոմսեր, ապահովագրութիւն եւ այլն) ձեր մօտ պահեցէ՛ք թէ՛ ելեկտրոնային տարբերակով, թէ՛ տպուած օրինակներով։
3. Ուսումնասիրեցէ՛ք տեղական մշակոյթն ու աւանդութիւնները
Իւրաքանչիւր երկիր ունի իր առանձնայատկութիւնները, եւ տեղացիներու սովորութիւններուն ծանօթանալը պիտի օգնէ խուսափելու հաւանական թիւրիմացութիւններէ։ Նախապէս սորվեցէ՛ք հիմնական արտայայտութիւններ, օրինակ՝ ինչպէս բարեւել, շնորհակալութիւն յայտնել եւ հրաժեշտ տալ։ Անհրաժեշտութիւն չէ, բայց հաճելի պիտի ըլլայ տեղացիներուն իրենց լեզուով բարեւելը։ Նախապէս տեղեկացէ՛ք տեղական արտասովոր եւ թերեւս ձեզի առնչուող օրէնքներուն ու վարուելակերպի կանոններուն, որպէսզի խուսափիք խնդիրներէ եւ տուրքերէ։ Շաղուեցէ՛ք տեղացիներուն հետ. Անոնք երբեմն կրնան առաջարկել ուտելու կամ պտըտելու վայրեր, որոնք ընդհանրապէս աւելի աժան եւ հետաքրքրական կ’ըլլան։
4. Ձեզի հետ ունեցէ՛ք աւելորդ գումար
Ճամբորդած ատեն նախընտրելի է նախատեսուած ծախսերէն բացի յաւելեալ գումար ունենալ, որովհետեւ կրնայ անակնկալ ծախս մը յառաջանալ կամ ձեր ակնկալածէն աւելի մեծ գումար անհրաժեշտ ըլլալ ճամբորդութեան օրերուն։
5. Ապահովագրեցէ՛ք ձեր ճամբորդութիւնը
Թէեւ Սուրիոյ մէջ տակաւին ապահովագրական ընկերութիւններու դրութիւնը չի գործեր, սակայն եթէ այլ երկիրներ կը բնակիք, ճամբորդելու ատեն միշտ ունեցէ՛ք ճամբորդական ապահովագրութիւն, նոյնիսկ եթէ տուեալ երկիրը չի պահանջեր։ Ջնջուած թռիչքներ, կորսուած պայուսակներ, առողջական խնդիրներ… ասոնք այնպիսի բաներ են, որոնց հաշիւը կրնաս ըրած չըլլալ ճամբորդութեան ընթացքին։ Ճամբորդական ապահովագրութիւնը պիտի օգնէ խուսափելու աւելորդ ծախսերէ եւ անհանգստութենէ։ Նկատի ունեցէ՛ք, որ ձեր երկրէն դուրս բժշկական ծախսերը քանի մը անգամ աւելի սուղ կրնան ըլլալ։