Գ) ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբի անդամ քոյր Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեանի հետ։
«Գ.»- Ի՞նչ է քարոզչութեան դերը միութեան աշխատանքներուն մէջ:
Ն.Ա.Ա.- Նկատի ունենալով, որ ներկայիս աշխարհը ընկերային ցանցերու վրայ ներկայութիւն ըլլալով, յայտարարութիւններ եւ reel-եր սփռելով կ’ընթանայ, ուստի ՀՄԸՄ-ն ալ քարոզչութեան նոր ռազմավարութիւն որդեգրեց, մղելով շրջանները կազմելու քարոզչական յանձնախումբեր, որոնք հիմնականօրէն քարոզչական արշաւ պիտի տանին, որպէսզի ՀՄԸՄ-ը աւելի լայն տարածում ունենայ աշխարհի չորս կողմը եւ համախմբէ բոլոր հայ մարզիկներն ու սկաուտները մէկ դրօշի տակ: Այդ պատճառով, ներկայիս իւրաքանչիւր շրջան ունի իր քարոզչական յանձնախումբը, որ իր շրջանի կայքէջի եւ ընկերային ցանցերու յարմար post-եր, reel-եր եւ յայտարարութիւններ կը պատրաստէ, հետեւելով Կեդր. Վարչութեան ցուցմունքներուն:
«Գ.»- Ի՞նչ աշխատանք պիտի տանին համագումարի մասնակիցները իրենց շրջաններէն ներս:
Ն.Ա.Ա.- ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Քարոզչական Յանձնախումբը 3 օրուան մէջ փորձեց ամփոփել շատ օգտակար յայտագիր՝ դասախօսութիւններ, զրոյցներ եւ այցելութիւններ, որոնք օգտակար դերակատարութիւն ունեցան: Մեր սպասումն է, որ մասնակից քոյրերն ու եղբայրները վերադառնալով իրենց շրջանները՝ իրենց կարգին կազմակերպեն սեմինարներ իրենց շրջաններուն մէջ, որպէսզի Համագումարէն իրենց քաղած գիտելիքները փոխանցեն շրջանի քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Յիշենք նաեւ, որ Կեդր. Վարչութեան քարոզչական արշաւ որդեգրած օրէն համագործակցութիւն գոյացած է շրջաններուն հետ եւ կազմուած են ցամաքամասային WhatsApp-ի խումբեր, ուր իւրաքանչիւր շրջան
կը տեղադրէ իր post-երը եւ որեւէ շրջան երբ օգնութեան կարիք ունենայ, ըլլա՛յ լեզուական կամ ձեւաւորումի առնչուող՝ Կեդր. Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբը սիրով օգնութեան ձեռք կ’երկարէ՝ լաւագոյն ձեւով ներկայանալու հանրութեան:
Ի վերջոյ, որպէս Սուրիոյ շրջանի մասնակից շնորհակալութիւն
կը յայտնեմ ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին՝ համագումարի շահեկան եւ արդիական ծրագիրին համար։ Քանի մը օրերու ընթացքին մասնակիցներուն եւ դասախօսներուն միջեւ գոյացաւ դրական կապ մը, որ նպաստեց փորձառութիւններու փոխանակման, աշխատելաձեւերու ծանօթացման, ու մենք նոր գիտելիքներով հարստացած վերադարձանք, Շրջանային Վարչութեան գլխաւորութեամբ ծրագրելու տեղական սեմինարներ կամ այլ աշխատանքային նիստեր մեր շրջանէն ներս։
Հարցազրոյցը վարեց՝
Մարինա Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեան