Սուրիան կը գտնուի իր արդի պատմութեան վճռորոշ շրջադարձին դէմ յանդիման։ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիան «Ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւններու» ցուցակէն հանելու որոշումը եւ Սուրիական Ժողովրդավարական Ուժերու (ՔԱՍԱՏ) լուծարումն ու պետական կառոյցներուն մէջ համարկումը պատահական զուգադիպութիւններ չեն։ Ասոնք միասնական Սուրիոյ եւ վերականգնումի որդեգրուած ռազմավարութեան արդիւնք են։
Այս զարգացումները կանաչ լոյս կը վառեն երկրի վերադարձին՝ համաշխարհային ելեւմտական համակարգ։ Սուրիական դրամատուները արդէն կրնան թղթակցային կապեր հաստատել միջազգային ցանցերու հետ։ Սակայն իրատես ըլլալու համար պարզենք նաեւ, որ ազդեցութիւնը անմիջապէս պիտի չարտացոլայ քաղաքացիի առօրեայ ապրուստին վրայ։ Որպէսզի այս քայլը շօշափելի արդիւնք տայ, ներհոսող դրամագլուխը պէտք է ուղղուի արտադրողական ոլորտներուն (արդիւնաբերութիւն, գիւղատնտեսութիւն) եւ քանդուած ենթակառոյցներու վերականգնումին։
Միւս կողմէ, ՔԱՍԱՏ-ի համարկումով կ’ամրագրուի երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը, իսկ հիւսիս-արեւելեան շտեմարանային շրջաններու (ցորենի դաշտեր, քարիւղի հանքեր) վերադարձը Ուժանիւթի Նախարարութեան ու կեդրոնական պետութեան հսկողութեան՝ հիմք կը դնէ պարենային ու քարիւղային ինքնաբաւութեան։ Միաժամանակ, ՔԱՍԱՏ-ի լուծարումով Թուրքիան եւ ԱՄՆ-ն Սուրիոյ մէջ զինուորական ներկայութիւն ունենալու պատրուակն ու կարիքը չեն ունենար այլեւս, ուստի երկիրը կրնայ աստիճանաբար զերծ պահուիլ օտար զինուորական ուժերու ներկայութենէն։ Քրտական համայնքի քաղաքացիական իրաւունքներու վերականգնումը եւս ցոյց կու տայ Սուրիոյ պատրաստակամութիւնը՝ մէկ հովանիի ներքեւ համախմբելու սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչները։
Այսուհանդերձ, Սուէյտայի պարագան ցարդ կը մնայ անլոյծ, ինչ որ կը պահանջէ երկկողմանի յաւելեալ ճիգ՝ երկրի մէջ վերջնական խաղաղութեան հաստատման եւ սուրիական տարածքները օտար երկիրներու միջամտութենէն զերծ պահելու համար։
Այս նոր պայմաններուն մէջ, սուրիահայ համայնքը եւս կրնայ իր համեստ, բայց կարեւոր նպաստը բերել։
Թէեւ պատերազմի տարիներուն բազմաթիւ գործարաններ փակուեցան ու թալանուեցան, այդուհանդերձ առկայ փորձառու արհեստաւորներն ու փոքր ձեռնարկատէրերը կրնան աստիճանաբար վերաշխուժացնել թեթեւ արդիւնաբերութեան եւ ոսկերչութեան ոլորտները։ Փակ գործարաններու վերաբացումը կախեալ է արտաքին ու ներքին դրամագլուխներու ներգրաւումէն, որուն մէջ հայ գործարարները կրնան միջնորդի դեր ստանձնել։
Դրամատնային պատժամիջոցներու վերացումը կը հարթէ նաեւ Հայաստան-Սուրիա առեւտրային գործարքներու ճամբան։ Սուրիահայ գործարար աշխարհը կրնայ ծառայել որպէս կամուրջ՝ փոխադարձ տնտեսական ծրագրերու եւ Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու (IT) ոլորտին հետ գործակցութիւններու համար։
Սուրիան կը թեւակոխէ վերականգնումի պատասխանատու փուլ։ Սպառողական քաղաքականութենէն դէպի արտադրական ներդրումներ անցնիլը գլխաւոր ճամբան է երկրի իսկական վերելքին, որուն մէջ սուրիահայութիւնը կոչուած է քայլ առ քայլ վերականգնելու իր աւանդական դերը՝ նոր ոճով ու նոր տուեալներով։