ՏԵՂԱԿԱՆ
-Ահլի Հալէպի պասքեթի տղոց խումբը տիրացաւ Սուրիոյ բաժակին՝ Դամասկոսի «Ֆայհա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին 69-62 արդիւնքով, յաղթելով Հոմսի Ֆիտա ակումբին։ Սոյն մրցաշարքը ականատես եղաւ քանի մը ակումբներու հրաժարումին, ինչ որ բացասաբար վատ անդրադարձ ունեցաւ մրցակցութեան որակին վրայ. Ահլի Հալէպ հասաւ աւարտական փուլ առանց քառորդ եւ կէս աւարտական մրցումներ կատարելու՝ Ուահտէի եւ Նաուաիրի հրաժարումներուն պատճառով։
-Ահլի Հալէպ ապահովեց Սուրիոյ բաժակի իր 12-րդ տիտղոսը՝ ամրապնդելով առաջատարի իր դիրքը ցանկին վրայ, ետին ձգելով Շապապը (10 տիտղոս), Ճէյշը (9) եւ Ուահտէն (7)։ Հալէպեան ակումբին համար այս մէկը երկրորդ յաջորդական տիտղոսն է, 2023-2024 տարեշրջանի աւարտականին Ուահտէի 80-63 արդիւնքով յաղթելէն ետք։ Մրցումի առաւելագոյն կէտերը ապահովեց Ահլիէն՝ Ռամի Մըրճանէ (18 կէտ), իսկ Ֆիտայէն նշմարելի էր Ճորճի Նազարեան (16 կէտ)։
-Մարզական վերլուծաբան Ապտուլ Ռազզաք Համտուն խստիւ քննադատեց Պասքեթի Դաշնութեան մրցումներու օրացոյցը՝ նշելով, որ ախոյեանութեան աւարտէն ետք բաժակի մրցումներ իրականացնելը մեծ սխալ էր, որ յանգեցուց 10 ամիս տեւած խառնաշփոթ տարեշրջանի մը եւ ակումբներու նիւթական ծանր բեռին։ Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ տարեշրջանի օրացոյցի կանխահաս հրապարակումը պիտի կանխարգիլէ նման հրաժարումներ, պայմանաւ որ մրցումները ընթանան ախոյեանութեան զուգահեռ։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԷՄԻՆ ՕՀԱՆԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՃԱՏՐԱԿԻ
ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Մոնթենեկրոյի Սեթինիէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու ճատրակի ախոյեանութեան, ճատրակի մեծ վարպետ Էմին Օհանեան տիրացաւ պրոնզէ մետալին՝ 9 հնարաւորէն ապահովելով 6,5 կէտ եւ յաւելեալ տուեալներով գրաւելով 3-րդ դիրքը:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը արձանագրեց փայլուն արդիւնքներ.
Հայաստանի ճատրակի 4 ախոյեաններ տեղ գրաւեցին լաւագոյն տասնեակին մէջ։ Միջազգային վարպետներ Ալեքս Սահակեան, Վահէ Սուքիասեան եւ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Ռուտոլֆ Փաշիկեան ապահովեցին
6-ական կէտ՝ համապատասխանաբար գրաւելով 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դիրքերը: Փաշիկեան նաեւ իրագործեց միջազգային վարպետի իր երկրորդ նորման:
ՖԻՏԷ-ի վարպետ Նուարդ Հայրապետեան 5,5 կէտով գրաւեց 11-րդ դիրքը, իսկ Պոլինա Քոպաք եւ Անժելինա Միրաքեան ապահովեցին 5-ական կէտ:
Միրաքեան (+125, 2) եւ Հայրապետեան (+92,8) արձանագրեցին վարկանշային զգալի յաւելում:
ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԵԼՈՅԹԸ
50 քկ. ծանրութեան կարգի կռփամարտիկ Տիգրան Կիրակոսեան յաղթանակով սկսաւ իր ելոյթը Սերպիոյ Լոզնիցա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդական կռփամարտի ախոյեանութեան։
Կիրակոսեան կէտերու առաւելութեամբ յաղթեց սերպ մարզիկ Փաւլէ Փոփովիչին։
Աւելի առաջ, հայ կռփամարտիկներէն Սիւզաննա Իշխանեան (48 քկ.) պարտուած էր թուրք Նուր Չեթինէն, իսկ Տիգրան Սարգսեան (85 քկ.)՝ հունկարացի Կիւլա Պոզէէն։
Ռաֆֆի Սիւլահեան


