ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔԸ ԵՒ ԲԿԵՂԻ
ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ
Քեսապի մէջ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը (որ ժողովրդական լեզուով կը կոչուի նաեւ Խաղողօրհնէք) հայկական հոգեւոր ու ազգային կեանքի ամենագեղեցիկ եւ սպասուած արարողութիւններէն մէկն է։ Այս տօնը խոր արմատներ ունի տեղւոյն հայութեան աւանդութիւններուն մէջ, ուր հաւատքն ու հողին կապուած ըլլալու զգացումը կ’արտացոլան։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ խաղողը ունի բացառիկ խորհրդանշական իմաստ։ Անիկա առաջին պտուղն է, որ Աստուծոյ ընծայուելով՝ կ’օրհնուի եկեղեցւոյ մէջ։ Հայոց Եկեղեցին Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը ընտրած է որպէս խաղողօրհնէքի օր, որովհետեւ Տիրամայրը կը խորհրդանշէ այն «խաղողի ողկոյզը», որմէ ծնաւ աշխարհի Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Օրհնուած խաղողը ընտանիքներուն կը բերէ առատութիւն, բերքառատութիւն եւ հոգեւոր օրհնութիւն։
Տօնի նախօրեակին կամ առաւօտեան, քեսապցի այգեպանները իրենց լաւագոյն այգիներէն կ’ընտրեն ամենագեղեցիկ, հասուն եւ ընտիր ողկոյզները։ Անոնք այդ խաղողները զամբիւղներով կը բերեն եկեղեցի, սկաուտներու ընկերակցութեամբ՝ իբրեւ երախտագիտութիւն Աստուծոյ, հողի բարիքներուն համար։
Այս շրջագիծին մէջ մեծ տեղ ունի բկեղի պատրաստութեան աւանդութիւնը։ Բկեղը տեղական աւանդական խմորեղէն մըն է, որ կը պատրաստուի խաղողի շիրայով կամ նոր բերքի բաղադրիչներով։ Անիկա հարուստ համային երանգներով կը պատրաստուի տանտիկիններուն կողմէ, որպէսզի մաս կազմէ տօնական սեղանի օրհնութեան։ Բկեղը
կը պատրաստուի բոլոր տաղաւար տօներու ընթացքին, նախապէս քեսապցիներ
կը պատրաստէին նաեւ թոնիրի հաց, յատուկ բախլաւա, որպէսզի այս առիթով ժամանած այցելուները հիւրասիրէին։
ԷՍԿԻՒՐԱՆԻ ՀԱՐԻՍԱՆ ԵՒ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Տօնին յաջորդող օրը, Քեսապի Էսկիւրան շրջանին մէջ կը կատարուի հայկական աւանդական համայնքային կեանքի ամենակարկառուն սովորութիւններէն մէկը՝ հարիսայի պատրաստութիւնը։
Մեծ կաթսաները գիշերուան ժամերէն սկսեալ կը տեղադրուին կրակին վրայ։ Համայնքի նուիրեալները ուրախութեամբ եւ վարպետութեամբ, մինչեւ առտու արթուն մնալով կը պատրաստեն աւանդական հարիսան՝ ցորենով եւ գառնուկի միսով։
Պատրաստութեան ամբողջ ընթացքը կ’ուղեկցուի տեղական աւանդական երաժշտութեամբ։ Տհոլի զարկերն ու զուռնայի հնչիւնները կը տարածուին շրջակայ ձորերուն մէջ՝ ոտքի հանելով ողջ գիւղը։
Քեսապցիներ եւ այցելուներ աւանդական շուրջպարերով, բարբառային երգերով եւ ուրախութեամբ կը տօնեն այդ օրը՝ Քեսապի հողին վրայ ձեւաւորուած դարաւոր ժառանգութիւնը պահպանելով։
Յաջորդ օրը, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատռան մէջ տեղի ունեցող Ս. եւ Անմահ Պատարագէն վերջ տեղի կ’ունենայ Հարիսայի օրհնութիւնն ու բաշխումը ժողովուրդին։