Բ) ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեանի հետ
«Գ.»- Համագումարի ծրագիրը ինչպիսի՞ այցելութիւններ ընդգրկեց։
Գ.Յ.- Համագումարի այցելութիւնները ինքնանպատակ չէին, այլ ռազմավարական նպատակներ կը հետապնդէին, ստեղծելու համար հաստատութենական յարաբերութիւններ ՀՄԸՄ-ի եւ Հայաստանի մէջ հանրային կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող կառոյցներու հետ, ըլլան անոնք պետական կամ կրթական մակարդակներու վրայ:
Այցելութիւնները ընդգրկեցին հետեւեալ վայրերը.
– Հայաստանի Ազգային Գրադարան, սկսելու համար համագործակցութիւնը Հայաստանի Ազգային Գրադարանին հետ որպէս հայ գրականութեան, հայ գիրքի, մամուլի շտեմարան։ ՀՄԸՄ-ը կրնայ օգտուիլ Ազգային Գրադարանի աւելի քան միլիոնաւոր գրականութենէն, ինչպէս նաեւ կրնայ տրամադրել ՀՄԸՄ–ի տարիներու ընթացքին արտադրած գրականութիւնը եւ «Մարզիկ»-ի ամբողջ թիւերը՝ թուայնացած եւ տպագիր օրինակներով:
– «Երկիր Մետիա» եւ «Yerkir.am», որպէս լրատուական կարեւոր մէկ հաստատութիւն, ուր կարելի է համագործակցիլ եւ ՀՄԸՄ-ի հանրայնացումը կատարել:
– Ազգային Արխիւ, նկատի առած, որ ՀՄԸՄ-ը աւելի քան 100-ամեայ արխիւներ, փաստաթուղթեր, պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող թուղթեր ու նկարներ ունի, ուստի, անհրաժեշտ է որ այդ բոլորը արխիւացնելու եւ համակարգելու աշխատանք տարուի: Այս ուղղութեամբ Ազգ. Արխիւի տնօրէնութեան կողմէ առաջարկուեցաւ արխիւներու ձեւաւորման, պահպանման եւ դասակարգման մեթոտներուն ծանօթանալու առցանց դասընթացքներ, նաեւ ՀՄԸՄ-ի վերաբերող վաւերագրերու համատեղ ցուցադրութիւն կազմակերպել:
– Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի լսատեսողական բաժին (Media lab), ուր հնարաւորութիւններ կան ժամանակակից արհեստագիտական մեթոտաբանութիւններուն ծանօթանալու, հաղորդակցութեան միջոցները զարգացնելու եւ մեր հանրային կապերով զբաղող քոյրերուն եւ եղբայրներուն կարողականութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ զանոնք նորարական միջոցներով զինելու:
Այս այցելութիւններով ճամբայ հարթեցինք, որպէսզի ապագային ե՛ւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի անդամները, ե՛ւ ՀՄԸՄ-ի տարբեր միջոցառումներու ընթացքին Հայաստան գտնուող ՀՄԸՄ-ականները օգտուին այս կառոյցներու ընձեռած կարելիութիւններէն եւ հետազօտութիւններ կատարեն։ Օրինակ. սկաուտները կրնան ընթերցանութեան օրեր կազմակերպել Ազգ. Գրադարանին մէջ, Արարատեան կարգի թեկնածուները իրենց ուսումնասիրութիւնները Ազգ. Գրադարանին կամ Ազգ. Արխիւին մէջ կրնան կատարել, AUA-ի մէջ դասընթացքներու հետեւիլ եւ այլն:
«Գ.»- Խնդրեմ անդրադառնաք միութեան քարոզչական աշխատանքին մէջ հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան արդիական ձեւերու որդեգրման կարեւորութեան։
Գ.Յ.- Հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան արդիական ձեւերու որդեգրումը այսօր այլեւս ընտրանք չէ, այլ՝ կազմակերպական անհրաժեշտութիւն։ Սակայն արդիականացումը պէտք չէ հասկնալ պարզապէս իբրեւ նոր ընկերային հարթակներու օգտագործում։ Անիկա նախ եւ առաջ մտածելակերպի փոփոխութիւն է։
Անցեալին կազմակերպութիւնները հիմնականօրէն իրենք կ’որոշէին, թէ ի՛նչ պիտի ըսեն հանրութեան եւ ե՛րբ։ Այսօր հաղորդակցութիւնը երկկողմանի, արագ եւ շարունակական գործընթաց է։ Հանրութիւնը, մանաւանդ երիտասարդութիւնը, ոչ միայն տեղեկութիւն կը ստանայ, այլ նաեւ անմիջապէս կ’արձագանգէ, հարցումներ կը բարձրացնէ եւ իր մասնակցութեամբ կը ձեւաւորէ կազմակերպութեան հանրային պատկերը։
Հետեւաբար, ՀՄԸՄ-ի քարոզչութիւնը պէտք է անցնի միայն ձեռնարկներու մասին տեղեկացնելէն՝ արժէք եւ ազդեցութիւն ներկայացնելու։ Պէտք է պատմենք ոչ միայն, թէ ի՛նչ կազմակերպեցինք, այլ նաեւ՝ ինչո՛ւ կազմակերպեցինք, որո՛նց կեանքին դպանք եւ ի՛նչ փոփոխութիւն ստեղծեցինք։ Այս նպատակով անհրաժեշտ է օգտագործել տեսանիւթեր, մարդկային պատմութիւններ, փոտքասթներ, թուային արխիւներ, առցանց ուղիղ հաղորդումներ եւ երիտասարդներուն հասանելի այլ արդիական ձեւաչափեր։
Միաժամանակ, արդիականութիւնը չի նշանակեր մեր ինքնութեան կամ արժէքներուն նօսրացում։ Ընդհակառակը՝ մեր հիմնական արժէքները պէտք է մնան անփոփոխ, իսկ զանոնք ներկայացնելու լեզուն եւ միջոցները՝ շարունակաբար զարգանան։
Վերջապէս, արդիական հանրային կապերը կը պահանջեն նաեւ մասնագիտական համակարգ՝ միասնական պատգամներ եւ տեսողական ինքնութիւն, բովանդակութեան ծրագիր, պատասխանատուներ, արագ եւ ճշգրիտ արձագանգ, ելեկտրոնային անվտանգութիւն, արդիւնքներու չափում ու կանոնաւոր հաշուետուութիւն։
Մեր նպատակը պէտք չէ ըլլայ պարզապէս աւելի շատ երեւիլը։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ աւելի ճիշդ հասկցուիլը, աւելի լայն վստահութիւն ստեղծելը եւ այդ վստահութիւնը մասնակցութեան ու պատկանելիութեան վերածելը յանուն աշխարհատարած ու հայրենաբնակ սերունդներու հայակերտման։
«Գ.»- Ի՞նչ է համագումարէն ակնկալուած արդիւնքը։
Գ.Յ.- Այս առաջին Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական համագումարը իր հիմնական նպատակին հասաւ՝ ՀՄԸՄ-ի քարոզչական աշխատանքը համաշխարհային մակարդակի վրայ աւելի համակարգուած, մասնագիտական եւ շարունակական հիմերու վրայ դնելու միասնական գիտակցութիւն ստեղծելով։
Առաջին հերթին, Շրջաններու ներկայացումներուն եւ նախապէս կատարուած հարցախոյզին միջոցով ընդհանուր պատկեր մը կազմեցինք մեր քարոզչական կառոյցներուն, կարելիութիւններուն, յաջողութիւններուն եւ կարիքներուն մասին։ Այս գործընթացը օգնեց մեզի բացայայտելու թէ՛ առկայ բացերը, եւ թէ այն յաջող փորձառութիւնները, որոնք կարելի է տարածել ամբողջ ՀՄԸՄ-ական ցանցին մէջ։
Երկրորդ՝ համագումարը շեշտեց, որ քարոզչութիւնը այլեւս երկրորդական կամ միայն որոշ անհատներու նախաձեռնութեամբ կատարուող աշխատանք չի կրնար ըլլալ։ ՀՄԸՄ-ի 2023-ի բարեփոխուած Ընդհանուր Ծրագիր-Կանոնագիրը քարոզչական աշխատանքը ամրագրած է իբրեւ Միութեան նպատակներու իրականացման հիմնական միջոցներէն մէկը։ Կանոնագիրը նաեւ Միաւորի, Մասնաճիւղի, Մեկուսի Շրջանի, Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւններէն կը պահանջէ ունենալ քարոզչական համապատասխան թղթածրար եւ զայն ներկայացնել իրենց գործունէութեան տեղեկագիրին հետ։ Հետեւաբար, հանրային կապերն ու հաղորդակցութիւնը կանոնագրային եւ կազմակերպական պատասխանատուութիւն դարձած են մեր կառոյցի բոլոր մակարդակներուն վրայ։
Երրորդ՝ միասնական ռազմավարական ուղղութիւններու շուրջ ընդհանուր հասկացողութիւն գոյացուցինք՝ մէկ համաշխարհային ցանց, համահունչ հիմնական պատգամներ եւ տեսողական ինքնութիւն, Շրջաններու միջեւ կանոնաւոր հաղորդակցութիւն, տարեկան ծրագրեր, չափելի արդիւնքներ, մասնագիտական արխիւ եւ աշխատանքներու պատշաճ փոխանցում մէկ վարչութենէն յաջորդին։
Համագումարը նաեւ առիթ ստեղծեց գործնական առաջարկներ եւ ապագայ համատեղ ծրագրեր բիւրեղացնելու։ Մասնակիցները իրենց շրջանները վերադարձան ոչ միայն նոր գիտելիքներով, այլ նաեւ յստակ պատասխանատուութեամբ՝ նման աշխատանքային քննարկումներ կազմակերպելու իրենց շրջաններուն եւ մասնաճիւղերուն մէջ։
Միաժամանակ, Հայաստանի Ազգային գրադարանին, Ազգային արխիւին, «Երկիր Մետիա»-ին եւ AUA Media Lab-ին հետ մեր հանդիպում-ներով նոր յարաբերութիւններու եւ ապագայ համագործակցութեան հիմեր ստեղծեցինք։
Ամենակարեւոր ձեռքբերումը, սակայն, մտածելակերպի փոփոխութիւնն էր. մենք քարոզչութիւնը դիտեցինք ոչ միայն իբրեւ մեր աշխատանքը ներկայացնելու միջոց, այլ իբրեւ ՀՄԸՄ-ի ինքնութիւնը, արժէքները եւ համաշխարհային ներուժը միաւորող ռազմավարական համակարգ։ Այս համագումարով հիմը դրինք հանրային կապերու մէկ ցանցի, մէկ ընդհանուր ուղղութեան եւ աւելի պատասխանատու ու շարունակական գործելակերպի։