Անցեալ շաբթուան վերջին օրերուն, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Քեսապի մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնները, փառատօնն ու առնչակից ձեռնարկները աւանի հայկական դիմագիծը շեշտադրելով մէկտեղ զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը շարժեցին։
Անոնք ցոյց տուին, որ Քեսապը միայն չնաշխարհիկ բնութիւն, մաքրամաքուր օդ եւ զուլալ ջուր չունի, ունի նաեւ մշակոյթ եւ աւանդութիւններ։
Ողջունելի էր Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին բարձր մակարդակի գործակցութիւնը, ինչ որ արտացոլաց ձեռնարկներու կազմակերպուածութեան եւ պետական աւագանիի ներկայութեան ընդմէջէն։
Քեսապի մէջ նման տարողութեամբ եւ մասնակցողներու թիւով փառատօն տասնեակ տարիներէ ի վեր չէր կազմակերպուած։
Յատկանշական էր աւանդական տողանցքին ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ բոլոր մասնաճիւղերու փողերախումբերուն մասնակցութիւնը, ինչպէս Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան եւ քեսապահայ երիտասարդներու գործակցութեամբ քերմէսի կազմակերպումը, որ նորութիւն մըն էր այս տարի։ Այս գործակցութիւնը մասնակիցներուն պատկերը դարձուց աւելի գունեղ եւ փորձառութիւններու փոխանակման առիթ ստեղծեց։
Փառատօնը գեղարուեստական յայտագրերու շուրջ համախմբեց Համազգայինի երեք մասնաճիւղերը՝ Հալէպէն ժամանած «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբը իր մենակատարներով, Լաթաքիոյ «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբը եւ Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի «Կիլիկիա» եւ «Շողակաթ» երգչախումբերը։
Քեսապի մեր երիտասարդները տօնակատարութեան ամբողջ տեւողութեան, կազմակերպչական իրենց աշխատանքներուն կողքին, կը մասնակցէին ե՛ւ փառատօնին, ե՛ւ երգչախումբին, ե՛ւ դպրաց դասու երգեցողութեան, ե՛ւ տողանցքին, ե՛ւ Էսկիւրանի աւանդական Հարիսայի պատրաստութեան ու խնճոյքին։ Անոնք ամէն տեղ էին։
Եզակի երեւոյթ էր նաեւ երկու երգչախումբերու ելոյթը, մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի խմբավարութեամբ։ Երգչախումբերը, կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ նախապատրաստուելով, յաջողեցան հայկական շունչն ու երգարուեստը ներկայացնել գեղեցկօրէն, որակեալ երգեցողութեամբ, ողջ աշխարհին ցոյց տալով որ այս գողտրիկ աւանը կը մնայ աշխոյժ եւ նոր սերունդ կ’արտադրէ։
Եռօրեայ այս աշխուժութիւնը աշխարհին փոխանցեցին նաեւ տեղական զանազան լրատուամիջոցներ։
Քեսապը վերջին տասնամեակներուն զանազան դժուարութիւններէ անցաւ, սակայն քեսապցիին սրտին մէջ վառ մնացին ազգային կեանքի բոցն ու հուրը եւ հայ մշակոյթը։
Բնականաբար կային կազմակերպչական բացթողումներ, սակայն չորս օրերու վրայ երկարող հսկայածաւալ աշխատանքը թոյլ կու տայ արդարօրէն հաստատելու, որ Քեսապը պայծառացաւ։
Ուստի պահենք անոր պայծառ դիմագիծը ու հարստացնենք զայն՝ շարունակական ծրագրերով։