ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՄԵՍՍԻ ԳՈՒԺԵՑ ԻՐ ՀՕՐ ՄԱՀԸ
68 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Արժանթինի հաւաքականի խաղացող Լիոնէլ Մեսսիի հայրը։ Գոյժը յայտարարեց 8 ոսկի գնդակի դափնեկիրի առաջին ակումբի «Նիւելս Օլտ Պոյզ»-ի մամուլի ծառայութիւնը: Ամերիկեան Ինթըր Միամիի 39-ամեայ յարձակողի հայրը մահացած է Արժանթինի Ռոզարիօ քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, երկարատեւ հիւանդութեան պատճառով: 2026-ի աշխարհի առաջնութեան ընթացքին յայտնի դարձաւ, որ Խորխէ Մեսսին առողջական լուրջ հարցեր ունի։ Ան Լիոնէլ Մեսսիի գործակալն էր: Ըստ ESPN-ի, Խորխէ Մեսսիի յուղարկաւորութիւնը կատարուած է El Prado գերեզմանատան մէջ, ուր ներկայ գտնուած են միայն ընտանիքի անդամները եւ առաջին կարգի հարազատները:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ԱՒԱԳ ԽԱՂԱՑՈՂ 
ԱՐԱՈՒԽՕ ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԵՑԱՒ 
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի աւագ, ուրու-կուէյցի պաշտպան Ռոնալտ Արաուխօ տեղափոխուեցաւ անգլիական Լիվըրփուլ։ Այս մասին յայտարարեց նշանաւոր հաղորդավար Ֆապրիզիօ Ռոմանօ: Կողմերը վարձակալութեան պայմանագրութիւն պիտի ստորագրեն։ Արաուխօ 2020-էն մինչեւ օրս հանդէս կու գայ Պարսելոնայի գլխաւոր կազմին հետ։ Նախորդ մրցաշրջանին, ան քաթալոնէական խումբին հետ մասնակցած է 38 հանդիպման, նշանակելով 4 կոլ։ Transfermarkt-ը անոր փոխադրութեան արժէքը գնահատած է 20 միլիոն եւրոյով:
ՎԻՆԻՍԻՈՍ ԺՈՒՆԻԸՐ ԻՐ 
ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ
Պրազիլի հաւաքականի եւ Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի յարձակողական խաղացող Վինիսիոս Ժունիըր նոր պայմանագրութիւն ստորագրեց արքայական ակումբին հետ: Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2032-ի ամառ, այս մասին յայտնեց սպանական ակումբի պաշտօ-նական կայքը։ Վինիսիոս Ժունիըր Ռէալ Մատրիտին միացաւ 2018-ին։ Ան նախապէս մաս կազմած էր պրազիլական Ֆլամենկոյին, եւ փոխան 45 միլիոն եւրոյի միացած էր Ռէալին։ Անցեալ մրցաշրջանին, ան մայրաքաղաքի կազմին հետ մաս կազմած է 53 հանդիպումի, նշանակելով 22 կոլ, կատարելով 14 կոլային փոխանցում:
ԵԱՆ ՏԻՈՄԱՆՏԻ ՄԻԱՑԱՒ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻՆ
Ռէալ Մատրիտը պաշտօնապէս յայտարարեց գերմանական Լայփզիկի եզրային յարձակող Եան Տիոմանտիի խումբին միանալուն լուրը: Ըստ սպանական ակումբի պաշտօնական կայքին, ֆութպոլիստին հետ պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2033։ Տիոմանտիի փոխադրութեան արժէքը եղաւ 115 միլիոն եւրօ, գերմանական ակումբը կրնայ ստանալ  15 միլիոն եւրօ եւս՝ հետագայ նուէրներուն համաձայն։ Յարձակողը Լայփզիկի կազմին միացած է 2025-ին։ 2025/26 մրցաշրջանին ան մասնակցած է 36 հանդիպման՝ դառնալով 13 կոլի եւ 10 կոլային փոխանցումի հեղինակ։
Ռաֆֆի Սիւլահեան