ՁԵՌԱԳՈՐԾԸ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ՀՈԳԵԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԱԿ
Արագընթաց ու տագնապներով լեցուն մեր առօրեային մէջ, ձեռագործ հիւսելն ու ասեղնագործելը դարձած են հոգեկան խաղաղութեան եւ ստեղծագործութեան ինքնատիպ աղբիւր մը, մանաւանդ կնոջ ներաշխարհին համար։
Գիտականօրէն ապացուցուած է, որ հիւսելու կամ ասեղնագործելու կրկնողական, մեղմ շարժումները ունին լարուածութիւնը փարատող յատկութիւն։ Երբ կինը թելն ու ասեղը ձեռք կ’առնէ, անոր միտքը
կը հեռանայ կենցաղային հոգերէն ու տագնապներէն. իւրաքանչիւր հանգոյց ու կար կը դառնայ լռելեայն աղօթք մը, մտքի հանգստութեան եւ հոգեկան խաղաղութեան միջոց։ Ձեռագործի աւարտին ապրուած գոհունակութիւնն ու հպարտութեան զգացումը կը բարձրացնեն կնոջ ինքնավստահութիւնը՝ պարգեւելով ներքին ներդաշնակութիւն։
Հայկական Ասեղնագործութիւնը
Հայկական իրականութեան մէջ ասեղնագործութիւնը դարերու մշակոյթ է, ազգային ինքնութեան դրոշմ։ Մեր մայրերն ու մեծ մայրերը իրենց ուրախութիւնն ու ցաւը, երազներն ու հաւատքը փոխանցած են կտաւին՝ ստեղծելով ինքնատիպ դպրոցներ։
– Այնթապի ասեղնագործութիւնը. Իր ճերմակ, նուրբ ու թափանցիկ հիւսուածքով՝ մաքրութիւն եւ վսեմութիւն
կը ճառագայթէ։
– Մարաշի կարը. Իր խրթին հիւսուածքով եւ գունագեղ զարդանախշերով՝ ընտանեկան ամրութեան խորհրդանիշն է, իսկ իւրաքանչիւր խաչաձեւ կար քրիստոնէական հաւատքի լռելեայն վկայութիւն էր։
– Ուրֆայի, Սվազի եւ Այնթապի ոճերը. Իրենց բուսական, կենդանական եւ երկրաչափական նախշերով կը ներկայացնեն հայկական բնաշխարհն ու յաւերժութեան խորհրդանիշերը։
Այսօր ալ, երբ կը մտնենք հայկական տուն մը եւ սեղանին վրայ կամ պատին կախուած կը տեսնենք Մարաշի կարով ծածկոց մը կամ Այնթապի նուրբ փորուածքով ծալկապ մը, անմիջապէս
կը զգանք տան ջերմութիւնն ու հարազատութիւնը։ Այս ձեռագործները մեր տուներուն հոգին են, մեր մեծ մայրերու ձեռքերու նուիրական ջերմութիւնը պահպանող սրբազան մասունքներ։
Ուստի, այս հարուստ արուեստի պահպանումն ու զայն նոր սերունդներուն փոխանցելը մշակութային հրամայական է։ Ձեռագործ հիւսելը կնոջ համար հոգեկան վերանորոգումի աղբիւր ըլլալու կողքին, ազգային յիշողութիւնը վառ պահելու եւ հայկական տան աւանդական ջերմութիւնը վերակենդանացնելու ամէնէն ազնիւ միջոցն է։
ԽՈՀԱԳԻՐ
ՏՆԱՅԻՆ ՊԱՂՊԱՂԱԿ
Բաղադրութիւն
– Սառած պանան. 2 հատ (օղակ-օղակ կտրտուած եւ նախապէս սառցարանը դրուած՝ առնուազն 4-6 ժամ)
– Յունական մածուն. 2-3 ճաշի դգալ (թանձր)
– Քաքաւոյի փոշի. 1,5-2 ճաշի դգալ
– Մեղր. 1-2 ճաշի դգալ (ըստ ճաշակի)
– Վանիլ. 1/2 թէյի դգալ
– Կաթ կամ նուշի կաթ. 1-2 ճաշի դգալ (միայն եթէ հարիչը դժուարութեամբ աշխատի)
Պատրաստութիւն
1. Հարիչին մէջ զետեղել սառած պանանի կտորները, յունական մածունը, քաքաւոն, մեղրն ու վանիլը։
2. Հարել ցած արագութեամբ, ապա աստիճանաբար բարձրացնել արագութիւնը։ Եթէ խառնուրդը շատ ամուր ըլլայ եւ հարիչի շեշտերը դժուարանան, աւելցուցէք ընդամէնը 1-2 ճաշի դգալ կաթ։
3. Մէկ-երկու անգամ դադրեցուցէ՛ք հարիչը, դգալով հարիչի պատերուն կպչած բաղադրիչները դէպի մէջտեղ հրեցէ՛ք եւ կրկին հարեցէ՛ք, մինչեւ որ ստանաք լրիւ հարթ, փափուկ ու փայլուն քրեմային զանգուած մը։
Մատուցում
Զանգուածը լեցուցէ՛ք ապակիէ ամանի մէջ եւ դրէք սառցարանը 1-2 ժամ։
Մատուցելու ատեն վրան ցանեցէ՛ք մանրուած ընկոյզ եւ սեւ տուրմի կտորիկներ։
Բարի ախորժակ։