Սեւրի խաղաղութեան դաշնագիրի ստորագրութենէն աւելի քան դար մը ետք, պատմաքաղաքական զարգացումներու վերանայումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է ներկայ տագնապալից ժամանակաշրջանին մէջ։ Այսօր աւելի քան երբեք կարեւոր է Սեւրի տրամաբանութիւնը ընկալել որպէս տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան, ապահովութեան եւ հայկական պետականութեան կենսու-նակութեան հիմնարար հայեցակարգ։
1920-ին Սեւրի դաշնագիրով առաջադրուած լուծումները պատահական չէին։ Անոնք կը միտէին Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծել կայուն ու արդար աշխարհաքաղաքական համակարգ մը, որ պիտի կանխէր մենատիրական ու ծաւալապաշտական ոտնձգութիւնները եւ երաշխաւորէր փոքր ազգերու գոյատեւումը։ Այսօր, 106 տարի ետք, երբ երկու շրջաններուն մէջ ալ լարուածութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին, կը պարզուի, որ Սեւրի տապալումով տարածաշրջանէն վերացած է նաեւ հաւասարակշռութեան եւ տեւական խաղաղութեան հեռանկարը։
Այդ փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած ռազմավարական մօտեցումները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնապաշտպանական խորութիւնն ու դէպի ծով ելքի իրաւունքը, կը միտէին ապահովել հայոց պետականութեան տնտեսական ու ռազմական ինքնաբաւութիւնը։
Սեւրի դաշնագիրի վիժեցումը եւ 1923-ի Լոզանի պայմանագիրը անգամ մը եւս յիշեցուցին, որ գերտէրութիւններու «միջազգային երաշխիքները» յաճախ խաբկանք են եւ դիւրաւ կրնան դրժուիլ՝ մեկնելով պահու քաղաքական շահերէն։ Ասիկա կը հաստատէ կարեւոր ճշմարտութիւն մը. Հայաստան իր անվտանգութիւնը պէտք է կառուցէ սեփական ուժերուն, ճկուն դիւանագիտութեան եւ հայկական տարածքներու պահպանման վճռականութեան վրայ։
Ուստի, Սեւրի դաշնագիրը հայ քաղաքական մտքին համար պէտք է ծառայէ որպէս ռազմավարական ուղեցոյց եւ ենթահող։ Անհրաժեշտ է ունենալ դիւանագիտական այնպիսի մշակումներ, որոնք թոյլ կու տան առաւելագոյնս օգտագործել Սեւրի մէջ ամրագրուած իրաւական ու քաղաքական սկզբունքները՝ բանակցային գործընթացներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ու ռազմավարական ելքերը երաշխաւորելու համար։
Այսօր, երբ ԱՄՆ-ն ԹՐԻՓՓ-ի նման նախաձեռնութիւններով կը փորձէ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու անխափան ընթացքն ու որոշ հաւասարակշռութիւն ապահովել, Սեւրի տրամաբանութեան պահպանումը կը մնայ հրամայական։ Նման ծրագիրներ կրնան արդիւնաւէտ ըլլալ միայն այն ատեն, երբ հայկական դիւանագիտութիւնը յաջողի զանոնք ծառայեցնել մեր պետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային անվտանգութեան եւ կենսական ելքերու ապահովման՝ առանց զիջելու հայկական տարածքային ու քաղաքական իրաւունքներէն։