Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 9 Օգոստոս 2026-ին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նախորդող, Բարեկենդան Ս. Աստուածածինի Պահոց օրը՝ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօները յիշատակուեցան։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսական Պատարագ մատուցեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց։

Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ Թեհրանէն ժամանած Արժ. Տ. Սահակ քհնյ. Խոսրովեան։ Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հոգշ. Տ. Արմէն Վրդ. Գալաճեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն կատարեց, օրհնելով խաղողի ողկոյզները, այնուհետեւ, իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։
Սրբազան Հայրը, Աստուածամօր ննջման եւ երկինք վերափոխման տօնին ընդմէջէն քանի մը երեւոյթներ մատնանշեց.-

Ա) Աստուածամօր մահը, ննջում կը կոչենք եւ ո՛չ մահ։ Քանզի Ս. Կոյս Մարիամ աղօթքով, սրբութեամբ, խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութեամբ ապրեցաւ իր կեանքը եւ խաղաղութեամբ ննջեց։ Հետեւաբար, Աստուածամօր խաղաղ ննջումը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մահը ժամանակաւոր ննջում է, կեանքը այստեղ կը սկսի եւ Յաւիտենական Կեանքին մէջ կը շարունակուի։

Բ) Աստուածամօր վերափոխումը, այլ խօսքով մարմինով եւ հոգիով երկինք բարձրանալը մեծագոյն երաշխիքն է մեր յարութեան։
Այնպէս ինչպէս Յիսուս անապական մարմինով դուրս եկաւ գերեզմանէն, նոյնպէս Աստուածամօր մարմինը ապականութիւն եւ փտութիւն չտեսաւ։ Հետեւաբար, Մարիամ Աստուածածին իր վերափոխումով մեզի յոյս կը ներշնչէ, յիշեցնելով, որ այնքան ատեն որ Աստուծոյ որդեգիր զաւակներն ենք եւ կնքուած ենք Ս. Հոգիով՝ մահը մեզ չի կրնար կորուստի մատնել։

Գ) Աստուածամայրը մեր մեծագոյն բարեխօսն է։ Ան իր ննջումէն եւ վերափոխումէն ետք չդադրեցաւ մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն ըլլալէ, ան միշտ մեզի հետ է եւ իր մայրական թեւերը տարածելով մեր քայլերը կ՚առաջնորդէ դէպի Քրիստոս։
Սրբազան Հայրը այս օրը գեղեցկագոյն առիթը համարեց մենք մեզի հարց տալու, թէ որքանո՞վ կը մեծարենք Աստուածամայրը մեր կեանքէն ներս։ Ան հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները Աստուածամօր նմանելու եւ Քրիստոսի դեսպանը դառնալու երկրի վրայ։ Ան Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցելով, աղօթեց, որ Տէրը մեզ շնորհք պարգեւէ եւ լուսաւորէ մեր ներաշխարհը, որպէսզի իրմով առաջնորդուինք։

Սրբազան Հայրը, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով շնորհաւորեց եկեղեցւոյ քահանայ հայրը, թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը, աղքատախնամը, դպրապետը եւ դպրաց դասը։ Ան շնորհաւորեց նաեւ Աստուածամօր անուան հետ առնչուած անուններ կրող ժողովուրդի զաւակները։
Աւարտին, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ։
Ազգ. Կրօնական Ժողովին կողմէ Աստուածամօր նուիրուած աղօթքի պատկերազարդ բացիկներ բաժնուեցան ներկաներուն։ Եկեղեցւոյ Տիկնաց յանձնախումբը օրհնուած խաղողի ողկոյզներ բաժնեց բոլորին: