ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌՈՊԵՐԹՕ ՄԱՆՇԻՆԻ ԻՏԱԼԻՈՅ 
ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ
 Ռոպերթօ Մանշինի նշանակուեցաւ Իտալիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ: Այս մասին յայտարարեց Իտալիոյ Ֆութպոլի Դաշնութեան (FIGC) նախագահ Ճովաննի Մալակօ: Նախքան այս յայտարարութիւնը, տարաձայնուած էր որ սոյն պաշտօնի թեկնածուներէն մէկն էր նաեւ Անտրիա Փիռլոն:
Աւելցնենք, որ Ռոպերթօ Մանշինի Իտալիոյ հաւաքականը գլխաւորած է նաեւ 2018-2023-ին։ Անոր ղեկավարութեամբ Իտալիան նուաճեց Եւրո-2020-ի տիտղոսը:
ՔԱԶԵՄԻՐՈ ԻՆԹԸՐ ՄԻԱՄԻ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԵՑԱՒ
Պրազիլի հաւաքականի կիսապաշտպան Քազեմիրո անգլիական Մանչեսթըր Իւնայթըտէն տեղափոխուեցաւ Ամերիկեան Ինթըր Միամի: Այս մասին յայտարարեց ամերիկեան ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը: Պրազիլցի ֆութպոլիստը Ինթըր Միամիին միացած է ազատ գործակալի կարգավիճակով: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2027, երկու տարի եւս երկարաձգելու կարելիութեամբ: Նախորդ մրցաշրջանին Քազեմիրոն հանդէս եկաւ Մանչեսթըր Իւնայթըտի հետ, որուն միացաւ 2022-ին: Անցեալ մրցաշրջանին ան մաս կազմած է 35 հանդիպման, դարձած է 9 կոլի, եւ 2 կոլային փոխանցման հեղինակ։ Transfermarket-ը Քազեմիրոյի փոխադրութեան արժէքը գնահատած է 8 միլիոն եւրո:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑՈՒՄԻ ՏՈՄՍԵՐԸ ՍՊԱՌԱԾ ԵՆ
Ըստ RMC Sport-ի, Ֆրանսայի նորանշանակ մարզիչ Զէնատտին Զիտանի ղեկավարութեամբ Ֆրանսայի հաւաքականի առաջին պաշտօնական հանդիպման բոլոր տոմսերը սպառած են վաճառքի սկսելէն մէկ օր ետք: Առաջին տնային հանդիպումը Ֆրանսան Զիտանի ղեկավարութեամբ պիտի կատարէ  2 Հոկտեմբերին, Փարիզի «Ստատ Տէ Ֆրանս» դաշտին վրայ, որ ունի 80 հազար տեղ։ Ազգերու Լիկայի երրորդ փուլին Ֆրանսան կը մրցի Իտալիոյ հետ։ 54-ամեայ Զիտան Ֆրանսայի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին նշանակուեցաւ 28 Յուլիսին՝ փոխարինելով Տիտիէ Տիշամբը։ Զիտանի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2030 թուական, աշխարհի առաջնութեան աւարտը:
Ռաֆֆի Սիւլահեան