ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՏԱՍԸ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐԸ
Ինչո՞ւ կտաւ մը աւելի համբաւ ձեռք կը բերէ, քան հազարաւոր այլ գործեր: Արուեստի հռչակը չ’որոշուիր միայն որակով. անիկա կը ձեւաւորուի պատմական իրադարձութեան եւ համամարդկային յոյզերը անմիջականօրէն արտայայտելու կարողութեամբ:
«Մոնա Լիզա» (Լէոնարտո տա Վինչի, 1503-1506, Լուվր, Փարիզ) – Իր խորհրդաւոր ժպիտով դարձած է գեղարուեստական խորհրդանիշ: Տեսողական ազդեցութեան գաղտնիքը թաքնուած է սֆումաթո (ծխամեղմ) եղանակին մէջ, ուր գոյները չափազանց մեղմ են եւ կը ջնջեն լոյսի ու շուքի սուր գիծերը: 1911-ին կտաւին գողութիւնը եւ երկու տարի ետք վերստին գտնուիլը զայն վերածեցին սրբապատկերի համազօր երեւոյթի:
 «Աստղալից Գիշեր» (Վինսընթ Վան Կոք, 1889, Ժամանակակից Արուեստի Թանգարան, Նիւ Եորք) – Վան Կոք այս գործը ստեղծած է հոգեբուժարանի մը մէջ: Նշանաւոր է իր ոլորուն վրձինահարուածներով ու վառ գոյներով: Պատկերը ոչ թէ բնութեան ճշգրիտ վերարտադրութիւնն է, այլ երեւակայութեան եւ ներքին յուզաշխարհի արտացոլումը:
 «Ճիչը» (Էտուարտ Մունք, 1893, Ազգային Թանգարան, Օսլո) – Տագնապի եւ վախի մարմնացումն է: Կերպարը ոչ թէ ինք կը ճչայ, այլ ականջները կը փակէ՝ պաշտպանուելու համար բնութենէն բխող ճիչէն, իսկ արնանման երկինքը կը փոխանցէ անոր հոգեկան վիճակը:
 «Կերնիքա» (Փապլօ Փիքասօ, 1937, Ռէյնա Սոֆիա Թանգարան, Մատրիտ) – Մարդկային ողբերգութիւնը արձանագրող հակապատերազմական հզօր ստեղծագործութիւն: Սեւ, սպիտակ եւ մոխրագոյն երանգները կտաւին կու տան լրագիրի էջի տեսք: Մասնատուած ձեւերն ու աղաւաղուած դէմքերը կը փոխանցեն քաոսի ամբողջական զգացումը:
 «Վերջին Ընթրիքը» (Լէոնարտո տա Վինչի, 1495-1498, Սանթա Մարիա տելլէ Կրացիէ, Միլան) – Վիթխարի որմնանկար, որ շրջադարձային եղաւ կրօնական նկարչութեան մէջ: Հեռանկարի բոլոր գիծերը կը միանան մէկ կէտի՝ կեդրոնացնելով ուշադրութիւնը:
 «Մարգարտեայ Օղով Աղջիկը» (Եոհաննէս Վերմէեր, 1665, Մաուրիղհաուզ, Հակ) – Անոր ուժը պարզութեան մէջ է: Մուգ ետնապատկերի վրայ աղջկան չէզոք հայեացքը անմիջական կապ կը հաստատէ դիտողին հետ, իսկ ինքնութեան անյայտ ըլլալը աւելի առեղծուածային կը դարձնէ պատկերը:
 «Յիշողութեան Յարատեւութիւնը» (Սալվատոր Տալի, 1931, Ժամանակակից Արուեստի Թանգարան, Նիւ Եորք) – Հալող ժամացոյցները կը խորհրդանշեն, որ ժամանակը հաստատուն չէ, այլ կրնայ ձեւափոխուիլ մարդու ենթագիտակցութեան եւ երազներուն մէջ:
 «Վեներայի Ծնունդը» (Սանտրօ Պոթիչելլի, 1485, Ուֆֆիցի Պատկերասրահ, Ֆլորանս) – Դիցաբանական տեսարանի վերարտադրութիւն, ուր կերպարներու դասաւորութիւնն ու գիծերու ուղղութիւնը կատարեալ ներդաշնակութիւն կը ստեղծեն՝ ուշադրութիւնը սեւեռելով կեդրոնը գտնուող Վեներային վրայ:
«Համբոյրը» (Կուսթաւ Քլիմթ, 1907-1908, Պելվետեր Պալատ, Վիեննա) – Քլիմթի «Ոսկէ շրջան»-ի գլուխգործոցն է, ուր օգտագործուած են ոսկեթերթիկներ: Իրապաշտօրէն պատկերուած դէմքերն ու ձեռքերը հրաշալիօրէն կը համադրուին մարմինները ծածկող հարթ զարդանախշերուն հետ:
«Լաս Մենինաս» (Տիէկօ Վելասքէս, 1656, Փրաթոյի Թանգարան, Մատրիտ) – Տարածական իւրայատուկ կառուցուածքով գործ մը, ուր դիտողը դրուած է թագաւորին եւ թագուհիին դիրքին մէջ, մինչ հայելին կ’արտացոլէ զանոնք՝ ջնջելով իրականութեան եւ պատկերին միջեւ եղած սահմանը:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան