Միջերկրականի կանաչապատ լանջերուն ծուարած Քեսապ աւանը, դարերու խորքէն եկող իւրայատուկ դիմագիծով, միշտ ալ եղած է Սուրիոյ աշխարհագրական եւ մշակութային գոհարներէն մէկը։
Այսօր, ամառնային այս օրերուն, երբ Սուրիոյ տարբեր նահանգներէ եւ արաբական երկիրներէ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կ’այցելեն Քեսապ, ականատես կ’ըլլանք այս պատմական աւանին մէջ տիրող աշխուժութեան եւ քեսապցիներուն եզակի հիւրընկալութեան։
Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերու տնտեսական ու մշակութային կեանքի զարգացման, ինչպէս նաեւ աւանի դիմագիծի պահպանման մէջ վճռորոշ եղած է քեսապահայութեան դերակատարութիւնը։ Իր դպրոցներով, եկեղեցիներով, մշակութային կեդրոններով, բարբառով ու աւանդութիւններով՝ հայութիւնը շարունակած է շունչ եւ կենսունակութիւն տալ աւանին։ Այդ կենսունակութեան ամենավառ արտայայտութիւնը Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով կազմակերպուող աւանդական փառատօնն է, որ տարիներու ընթացքին վերածուած է համայնքային եւ ազգային տօնակատարութեան։
Ս. Պատարագի խորհուրդէն ետք տեղի ունեցող խաղողօրհնէքը, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու եւ փողերախումբերու տողանցքը, ապա նաեւ աւանդական հարիսայի պատրաստութիւնը ոգեւորութեան եւ հպարտութեան ալիք
կը տարածեն Քեսապի ողջ տարածքին։
Այս տարի փառատօնը կը ստանայ աւելի մեծ տարողութիւն եւ նշանակութիւն։ Անիկա կը դառնայ ցայտուն օրինակ մը հայկական հարուստ մշակոյթն ու աւանդոյթները այցելուներուն ծանօթացնելու, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ Սուրիոյ զբօսաշրջութեան վերաշխուժացման։
Ուստի ողջունելի է այս փառատօնին կազմակերպումը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին եւ Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան նախարարին բարձր հովանաւորութեամբ, Լաթաքիոյ նահանգի զբօսաշրջութեան տնօրէնութեան գործակցութեամբ։ Միութիւններու՝ Համազգայինի, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան աշխատանքն ու պետական եւ հոգեւոր կառոյցներու գործակցութիւնը լաւագոյն ապացոյցն են այն գիտակցութեան, որ միասնական ջանքերով կարելի է քայլ առ քայլ ծաղկեցնել երկիրը։
Պետական եւ համայնքային մարմիններու գործակցութիւնը այսօր աւելի քան անհրաժեշտութիւն է՝ զբօսաշրջութիւնը վերաշխուժացնելու, նախորդ տարուան հրդեհներէն տուժած գիւղացիին ու հողագործին սատար կանգնելու, Քեսապի տնտեսական ողնաշարը վերականգնելու եւ վերջապէս երիտասարդութեան համար լուսաւոր ապագայի հորիզոններ բանալու համար։
Վստահ ենք, որ փառատօնը պիտի դառնայ սուրիահայութեան մշակութային կազմակերպ կեանքի լուսաճաճանչ վկայութիւնը՝ միաժամանակ սատարելով Քեսապի իւրայատուկ դիմագիծի պահպանման եւ անոր շարունակական վերելքին։