ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի նախկին խաղացող, Ռէալ Մատրիտի նախկին ֆութպոլիստ եւ գլխաւոր մարզիչ Զենատտին Զիտան Ֆրանսայի Ֆութպոլի Դաշնութեան հետ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց՝ ստանձնելու Ֆրանսայի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: Զիտանի առաջին պաշտօնական մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ 2027-ի Եւրոպայի Ազգային Լիկի մրցաշարքին, որմէ ետք հաւաքականը պիտի մասնակցի 2028-ի Եւրոպայի առաջնութեան եւ 2030-ի աշխարհի ախոյեանութեան։
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Ազգային Հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Տիտէ Տիշամպ աշխարհի 2026-ի ախոյեանութեան աւարտին հեռացաւ իր պաշտօնէն։ Ֆրանսայի հաւաքականը աշխարհի 2026-ի ախոյեանութեան հասաւ մինչեւ կիսեզրափակիչ, ուր 2-0 արդիւնքով զիջեցաւ Սպանիոյ հաւաքականին, որ իր կարգին եզրափակիչին յաղթեց Արժանթինին եւ աշխարհի ախոյեան դարձաւ, իսկ Ֆրանսա երրորդ դիրքին համար պարտուեցաւ Անգլիոյ խումբէն՝ 6 – 4 արդիւնքով:
ԵՈՐԿԸՆ ՔԼՈՓ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ
Գերմանիոյ Ֆութպոլային Միութիւնը Ֆրանքֆորթի մէջ տեղի ունեցած յատուկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց ազգային հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչին անունը։ Պաշտօնը ստանձնեց Եորկըն Քլոփ, փոխարինելով Նակելսմանը: Գերմանիոյ Ֆութպոլային Միութեան նախագահ Պերնտ Նոյենտորֆ յայտնեց, որ 59-ամեայ մասնագէտին հետ պայմանագրութիւնը գործուն պիտի ըլլայ 15 Օգոստոսէն մինչեւ 2030-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքի աւարտը։
«Մենք զինք կը տեսնենք որպէս մասնագէտ եւ այս աշխատանքին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ունեցող անձնաւորութիւն։ Ան հիանալի մարզիչ է եւ լաւ համբաւ ունի խաղացողներուն մօտ», ըսաւ Նոյենտորֆ Քլոփի շնորհանդէսին ընթացքին։ Յիշեցնենք, որ Եորկըն Քլոփ վերջին անգամ մարզած էր անգլիական Լիվըրփուլը, որուն հետ մնացած էր 2015-էն 2024:
Կիրակի օր Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտի կայքը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ակումբի պատասխանատուները վերջնական համաձայնութեան հասած են Գերմանիոյ Լայպզիք խումբի իվորիացի խաղացող Եան Տիոմոնտի հետ, փոխան 120 միլիոն եւրոյի: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, 19-ամեայ խաղացողով հետաքրքրուած էր նաեւ Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանը, Լիվըրփուլն ու Մանչեսթըր Սիթին: Աւելցնենք, որ Տիոմոնտի այս տարուան հինգերորդ խաղացողն է, որ կը միանայ Սպանիոյ արքայական ակումբին: Ան վերջերս կազմին միացուց Գոգորէան, Իպրահիմա Քնաթէն, Պերնարտո Սիլվան եւ Տենզըլ Տամֆրիզ:
Ըստ ակումբի տեղեկութիւններուն, Մատրիտ մտադիր է նաեւ խումբին միացնել սպանացի Ռոտրին:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


