ԿՆՈՋ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ. ԿԵՆՍԱՆԻՒԹԵՐ ԵՒ ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԻՒՆ
Կնոջ կեանքի զանազան փուլերուն ընթացքին՝ յղութենէն մինչեւ դաշտանադադար, բնական փոփոխութիւններուն զուգահեռ, կենսանիւթերն ու սննդառական յաւելումները էական դեր կրնան խաղալ ընդհանուր առողջութեան պահպանման, պտղաբերութեան խթանման, տրամադրութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ ոսկորներու եւ սիրտի ամրապնդման մէջ:
Կնոջ սննդառական պահանջքները կը փոխուին տարիքի բերումով կամ կեանքի յատուկ փուլերու ընթացքին: Հարվըրտ համալսարանի եւ Ամերիկայի Առողջապահութեան Ազգային Հիմնարկի (NIH – Office of Dietary Supplements) կատարած ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ սննդառական լրացուցիչ դեղահատերն  ու կենսանիւթերը կը նպաստեն սննդային թերութիւնները լրացնելու եւ ընդհանուր առողջութիւնը զօրացնելու, ներառեալ՝ պտղաբերութիւնը, տրամադրութեան կայունութիւնը, դաշտանային շրջանի կանոնաւորութիւնը եւ սիրտի առողջութիւնը:
Կնոջ Համար Ամենակարեւոր Կենսանիւթերն ու Յաւելումները
– Ֆոլաթթու (Folate / Folic Acid). Կը նպաստէ առողջ յղութեան, կը նուազեցնէ նորածինի թերի կշիռքի հաւանականութիւնը եւ սաղմին նեարդային խողովակի բնածին արատներուն վտանգը: Անիկա նաեւ կը նպաստէ արեան կարմիր գնդիկներու կազմութեան եւ չյղացած կանանց սիրտի առողջութեան պահպանման: Ֆոլաթթուն առկայ է սննդառական յաւելումներու եւ հարստացուած ուտելիքներու մէջ, իսկ բնական ֆոլաթը՝ պտուղներու, բանջարեղէնի եւ չոր մրգեղէնի (ընկոյզ, նուշ եւ այլն) մէջ:
– Երկաթ. Անհրաժեշտ է արեան կարմիր գնդիկներու արտադրութեան եւ մարմինին մէջ թթուածինի փոխադրութեան համար: Երկաթի պակասը կրնայ հորմոնային խանգարումներ պատճառել եւ բացասաբար ազդել պտղաբերութեան վրայ: Անիկա յատկապէս կենսական է յղի կամ դաշտանի մէջ գտնուող կանանց համար:
– Կիր (Calcium). Կը նպաստէ ոսկորներու կազմութեան ու պահպանման եւ կը նուազեցնէ ոսկրասպունգացման (osteoporosis) վտանգը, յատկապէս դաշտանադադարի շեմին: Նաեւ կը զօրացնէ մկանային աշխատանքը եւ հորմոններու կարգաւորումը:
– Կենսանիւթ B12. Կը պահպանէ նեարդերու, արեան բջիջներու առողջութիւնն ու նիւթափոխանակութիւնը (metabolism): Տարիքի բերումով մարմինին՝ կերակուրէն B12 իւրացնելու կարողութիւնը կը նուազի, ինչ որ այս յաւելումը անհրաժեշտ կը դարձնէ 50 տարեկանէն վեր կանանց համար:
– Կենսանիւթ D. Կը նպաստէ կիրի իւրացման ու ոսկորներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ձուարաններու գործունէութեան եւ դաշտանային շրջանի կարգաւորման: Ասոր պակասը կապուած է պտղաբերութեան դժուարութիւններու ախտանիշին հետ:
– Օմեկա-3 Ճարպաթթուներ (Omega-3). Կը զօրացնեն սիրտի, ուղեղի եւ յօդերու առողջութիւնը, կը մեղմացնեն դաշտանային ցաւերը եւ կը նուազեցնեն բորբոքումները: Յղութեան ընթացքին կը նպաստեն սաղմի ուղեղին եւ աչքերուն զարգացման:
– Մակնեզիում (Magnesium). Կը նպաստէ մկաններու եւ ջիղերու գործունէութեան, կենսուժի արտադրութեան եւ սիրտի առողջութեան: Ինչպէս նաեւ կը մեղմացնէ նախադաշտանային ցաւը։
– Բազմակենսանիւթեր (Multivitamins) եւ Յղութեան Յատուկ Յաւելումներ. Բոլոր կանանց համար պարտադիր չեն, սակայն օգտակար են անոնց, որոնք կենսանիւթներու պակաս ունին, խիստ սննդականոնի կը հետեւին (օրինակ՝ բուսակերութիւն), կամ յղի են եւ յղութիւն կը ծրագրեն, որպէսզի ապահովեն իրենց սննդառական անհրաժեշտ պահանջքը:
Ե՞րբ Պէտք է Դիմել Լրացուցիչ Կենսանիւթերու
Լրացուցիչ կենսանիւթերու դիմելը յանձնարարելի է յղի կամ յղութիւն ծրագրող կանանց, դաշտանադադարի փուլը բոլորածներուն, ինչպէս նաեւ սահմանափակ սննդականոնի հետեւողներուն:
Անհրաժեշտ է անպայման խորհրդակցիլ բժիշկին հետ՝ ճշդելու համար յարմար տեսակն ու չափը, ինչպէս նաեւ կանխարգիլելու այլ դեղերու հետ որեւէ փոխադարձ ազդեցութիւն: