ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
————————–
Արփի Ինճեճիկեան- Պետական-աւարտական քննութեան ճնշումը ի՞նչ ազդեցութիւն  կ’ունենայ գիտութեան հանդէպ աշակերտին մօտեցման վրայ։
Մարի Շէխուկեան-Լնդեան- Ուսուցչական փորձառութեանս ընթացքին, նկատած եմ որ  պաքալորիայի քննութեան ճնշումը պատճառ կ’ըլլայ, որ շատ աշակերտներ այնքան ալ հետաքրքրուած ու պատրաստակամ  չըլլան հասկնալու, իւրացնելու հրամցուած գիտական նիւթը։ Անոնք կը բաւարուին անգիր ընելով, գոց սորվելով տրուած դասերը։ Կը  կեդրոնանան միայն կարեւոր նկատուած գիտելիքներուն վրայ։ Ասիկա կը սահմանափակէ անոնց հետաքրքութիւնը ընդհանրապէս գիտութեան հանդէպ։ Պաքալորիայի աշակերտին համար, ինչպէս գիտէք, առաջնահերթ մտահոգութիւնն ու նպատակը  բարձր գնահատանիշ ապահովելն  է եւ ոչ անպայման գիտութիւն ամբարելը։ Ընդհանրացած, սխալ այս մտայնութիւնը պէտք է որ փոխուի։ Իսկ այդ մէկը մէկ անգամէն չըլլար։
Ա. Ի. – Ի՞նչ բաներ ժխտական կերպով  կ’ազդեն աշակերտին կեդրոնացման վրայ։
Մ. Շ. Լ. –  Վախը եւ քննութեան ճնշումը շատ կ’ազդեն կեդրոնացման վրայ։ Վախը պատճառ կը դառնայ մոռացութեան եւ ինքնավստահութեան կորուստին։ Նաեւ երբ աշակերտ մը իր տան մէջ դասի յարմար մթնոլորտ չունի,  կամ ուսուցիչը դասաւանդելու, գիտելիքները տեղ հասցնելու քաշողական ձեւ չունի, աշակերտը դարձեալ կը կորսնցնէ իր կեդրոնացումը։
Ա. Ի.-  Ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներու կը հանդիպին  անցումային դասարաններու աշակերտները, ինչ կը վերաբերի  գիտական նիւթերուն։
Մ. Շ. Լ. –  Թուեմ անոնցմէ երեքը.
ա.- Ուսումնական ծրագիրին հսկայ ըլլալը, մանաւանդ՝ գիտական նիւթերունը, որոնք մեծ թիւով աշակերտներու համար հետաքրքրական չեն թուիր, ոմանց կը թուին դժուար, ոչ այնքան ալ դիւրըմբռնելի։  (Քիչ է թիւը այն աշակերտներուն, որոնք գիտական նիւթերու հանդէպ ունին ե՛ւ հետաքրքրութիւն, ե՛ւ սէր, ե՛ւ հետեւողական  բաւարարող աշխատանք)։
բ.- Շատ յաճախ գիտական տուեալ նիւթին մասնագէտ եւ լաւ  ուսուցիչի չգոյութիւնը։
Գ.- Աւարտական դասարանի  ամավերջի  պետական քննութեան վրայ մտահոգիչ մտասեւեռումը, թէ պիտի  կարենա՞ն լաւ գնահատանիշ ապահովել, հապա եթէ  չկարենան՝  պիտի  զրկուի՞ն իրենց նախասիրած համալսարանական ճիւղին հետեւելու կարելիութենէն։
Ա. Ի. – Արուեստական բանականութեան(ԱրԲան) պատրաստ պարտականութիւնները եւ youtube-ի վրայ բացատրուած դասերը, որքանո՞վ կրնան ազդել աշակերտին զարգացման վրայ։
Մ. Շ. Լ.- Կարճ. կը տկարացնեն աշակերտին ստեղծագործական կարողութիւնները, որովհետեւ  ամէն ինչ արդէն պատրաստ է։
Ա. Ի. – Եթէ աշակերտներուն հարց տրուի,  թէ հինգ-վեց, կամ տասը տարի ետք ո՛ւր, կամ ի՛նչ վիճակի մէջ կը պատկերացնեն իրենք զիրենք։ Ըստ  ձեզի, ի՞նչ կ’ըլլայ իրենց հաւանական պատասխանը։
Մ. Շ. Լ. – Շատ քիչ են այն աշակերտները, որոնք ինքնավստահ ծրագրած են իրենց ապագան եւ աշակերտական նստարաններու վրայ իսկ աշխատանք կը տանին այդ  ուղղութեամբ։  Աշակերտութեան մեծ մասը կ’ապրի  երեւակայական աշխարհի մէջ՝ կարծելով որ հինգ-վեց, կամ տասը տարին շատ երկար ժամանակ է որոշելու իրենց ապագային վերաբերող որեւէ բան,  եւ թէ ամէն ինչ, շատ դիւրին ձեւով եւ առանց յոգնութեան կը ստանան։
Ա. Ի. – Այս ակնկալութիւնները որքանո՞վ տրամաբանական են եւ կը բխին իրենց ներաշխարհէն, իրենց ձգտումներէն եւ կարողութիւններէն, եւ ոչ թէ  արհեստական արտաքին կեանքի պահանջներէն, որոնք մեզի կը հրամցուին ներկայիս դժբախտաբար։
Մ. Շ. Լ. – Պիտի ընդունինք, որ դպրոցականը ներկայ դարու զաւակ է։  Կ’ուզէ կեանքին մէջ ամէն ինչ ունենալ եւ դիւրին ձեւով։ Անշուշտ այդպէս չէ իրականութեան մէջ։  Իմ կարծիքով  ծնողներուն դերը մեծ է իրենց զաւակները ուղղելու, միասնաբար ճիշդ որոշում գոյացնելու, ինչ կը վերաբերի  անոնց ապագային։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Արփի Ինճեճիկեան