Լիբանանի մէջ կացութիւնը ներկայիս համեմատաբար հանգիստ է, սակայն ատիկա տակաւին չի նշանակեր, թէ Իսրայէլի եւ Պէյրութի միջեւ առկայ հարցերը կարգաւորուած են։ Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն շուրջ կը շարունակեն պահպանուիլ տարակարծութիւնները, իսկ առանցքային հարցերը՝ իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերումն ու «Հըզպալլա»-ի զինաթափումը, տակաւին լուծուած չեն։
«Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Լիբանանի շուրջ տիրող կացութեան անդրադարձած է Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, միջազգայնագէտ Շահան Գանտահարեան։
Իր խօսքով՝ Հարաւային Լիբանանի մէջ, թէեւ իսրայէլեան ուժերը
կը շարունակեն սահմանափակ գործողութիւններ իրականացնել, սակայն ընդհանուր առմամբ կացութիւնը համեմատաբար հանգիստ է։
«Հիմնական հարցը կը շարունակէ մնալ իսրայէլեան զօրքերու հեռացման խնդիրը։ Ուաշինկթընեան փաստաթուղթին մէջ այդ գործընթացի ժամկէտերն ու դրոյթները յստակօրէն չեն ամրագրուած, ինչ որ տարբեր մեկնաբանութիւններու տեղի կու տայ։ Աւելին՝ «դուրսբերում» ձեւակերպումին փոխարէն յաճախ կþօգտագործուի «վերատեղակայում» եզրոյթը, ինչ որ լրացուցիչ անորոշութիւն կը ստեղծէ», յայտնած է Գանտահարեան։
Ան ընդգծած է, որ թէեւ արդէն ճշդուած են այն գօտիները, ուր իսրայէլեան ուժերուն պէտք է փոխարինէ Լիբանանեան բանակը, այդուհանդերձ, գործընթացի ժամանակացոյցը տակաւին չէ  վերջնականացուած։
Միջազգայնագէտին գնահատմամբ՝ Ուաշինկթընէն, Պէյրութէն եւ Թել Աւիւէն հնչող լաւատեսական յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Լիբանանի նախագահի հանդիպման գնահատականները, առաւելաբար քաղաքական եւ քարոզչական բնոյթ ունին, գետնի վրայ կացութիւնը չեն ցոլացներ։
«Գետնի վրայ տակաւին ո՛չ «Հըզպալլա»-ի զինաթափումը տեղի ունեցած է, ո՛չ ալ իսրայէլեան զօրքերու ամբողջական դուրսբերումը», ըսած է Շահան Գանտահարեան։
Նշենք, որ Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն 21 Յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած էր ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին.  ասիկա շուրջ երկու տասնամեակի ընթացքին Լիբանանի նախագահի առաջին այցելութիւնն էր Սպիտակ Տուն։ Նախագահներու հանդիպման առանցքին էին Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ համաձայնութիւններու գոյացումը, իսրայէլեան զօրքերու փուլային դուրսբերումը Հարաւային Լիբանանէն, Լիբանանեան բանակի տեղակայումը սահմանամերձ շրջաններուն մէջ եւ «Հըզպալլա»-ի  զինաթափման հարցը։
Շահան Գանտահարեան ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն հանգամանքին վրայ, որ ԱՄՆ նախագահը յանձնարարած է ամերիկեան օդային ընկերութիւններուն տասնամեակներու ընդմիջումէ ետք վերականգնել դէպի Պէյրութ ուղղակի թռիչքները։
«Թէեւ ատիկա դեռ չի նշանակեր, թէ հակամարտութիւնը լիովին լուծուած է, բայց նման քայլեր ցոյց կու տան, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ տարածաշրջանը փոխադրել համագործակցութեան նոր փուլ», նկատել տուած է Գանտահարեան։
Անդրադառնալով Լիբանանի ներքաղաքական կացութեան՝ Գանտահարեան աւելցուցած է, որ Ուաշինկթընի նախաձեռնած համաձայնութիւններուն վերաբերեալ երկրին մէջ միասնական մօտեցում չկայ։ Իր խօսքով՝ Դիմադրութեան ուժերը զանոնք կը նկատեն անընդունելի, մինչդեռ շարք մը քաղաքական ուժեր կը զօրակցին կառավարութեան եւ նախագահին՝ շարունակելու բանակցութիւնները եւ փորձելու հասնիլ յարաբերութիւններու կայունացման։
Միջազգայնագէտը նաեւ աւելցուցած է, որ, հակառակ տարածաշրջանին մէջ շարունակուող լարուածութեան, լիբանանեան ճակատը այսօր համեմատաբար աւելի հանգիստ է, եւ անիկա չի համապատասխաներ ընդհանուր պատերազմի այն պատկերին, որ նկատելի է Միջին Արեւելքի այլ ուղղութիւններու վրայ։
Իր խօսքով՝ այս կացութիւնը պէտք է դիտարկել նաեւ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ նախկին բանակցային գործընթացի պարունակին մէջ, քանի որ Թեհրան բազմիցս ընդգծած էր, որ Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ զինուորական գործողութիւնները նաեւ լիբանանեան ուղղութեամբ։
Գանտահարեանի բնորոշմամբ՝ առաջիկայ օրերը վճռորոշ պիտի ըլլան հասկնալու համար, թէ արդեօք Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները պիտի վերածուի՞ն գործնական արդիւնքներու, թէ՞ տարածաշրջանային ընդհանուր զարգացումները դարձեալ պիտի ազդեն Լիբանանի ապահովական կացութեան վրայ։
Ան աւելցուցած է, որ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման առանցքային նպատակներէն մէկը Լիբանանեան բանակի կարելի եղածին չափ արագ վերատեղակայումն է երկրի հարաւը, ինչ որ, ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններուն, պէտք է նպաստէ ապահովութեան կայունացման։