قام نيافة المطران ماكار أشكاريان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها، برفقة ممثلي المجلس التنفيذي ولجنة العلاقات العامة في المطرانية، بزيارة وزير السياحة السيد مازن الصالحاني، وذلك يوم الاثنين الواقع في 27 تموز 2026.
قدم سيادة المطران والوفد المرافق له التبريكات لمعالي الوزير بمناسبة توليه المنصب الجديد، متمنياً له دوام التوفيق والنجاح في أداء مهمته.
خلال اللقاء تم الحديث عن أهمية تنفيذ مشاريع سياحية تدعم الاقتصاد الوطني.
أبدى الوزير الموقر استعداده لرعاية المبادرات واسعة النطاق التي ستقام في بلدة كسب بمناسبة عيد انتقال السيدة العذراء في شهر آب، مشيراً إلى أن هذه الأجواء الاحتفالية تولّد حماساً كبيراً وتساهم بشكل إيجابي في تنشيط المنطقة وإبراز أهميتها.
——-
Երկուշաբթի, 27 Յուլիս 2026-ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարար մեծարգոյ Մազէն ալ-Սալհանիին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան ատենապետ տիար Տարօն Մակարեան, Ազգային վարչութեան անդամ մեթր Նորա Գրաճեան եւ Յարաբերական մարմինի անդամ տիար Վրէժ Եագուպեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան անունով շնորհաւորեց նախարարը՝ պատասխանատու պաշտօն ստանձնելուն առիթով։
Հանդիպումին արծարծուեցաւ յառաջիկային Սուրիոյ տնտեսութեան բարելաւումին նպաստող զբօսաշրջութեան ծրագիրներ ի գործ դնելու կարեւորութեան մասին, հիմնական նախաքայլ նկատի ունենալով երկրի ապահովութեան ամրագրումը։
Մեծարգոյ նախարարը այս ուղղութեամբ համայնքներուն բերած ներդրումին անդրադառնալով, պատրաստակամութիւն յայտնեց հովանաւորելու Օգոստոս ամսուան Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով Քեսապի մէջ կազմակերպուելիք փառատօնի, տողանցքի եւ ցուցահանդէսի մեծածաւալ նախաձեռնութիւններուն։ Ան գնահատեց համայնքին կողմէ տարածաշրջանին մէջ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու ջանքերը, որոնք մեծ խանդավառութիւն կը յառաջացնեն եւ իրենց դրական ներդրումը կ՚ունենան Քեսապը աշխուժացնելու եւ անոր կարեւորութիւնը շեշտելու։