ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Ամերիկեան Նիւ Ճըրսի նահանգին մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային ֆութպոլի խաղերու եզրափակիչ մրցումին, սպանացիները լրացուցիչ ժամանակին 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին 2022-ի աշխարհի ախոյեան Արժանթինը: Մրցումին երկրորդ դեղին քարտը ստանալուն համար կարմիր քարտով դաշտէն հեռացուեցաւ Լոնտոնի Չելսիի 25 ամեայ կիսապաշտպան Էնզո Ֆերնանտէզը: Հիմնական ժամանակը 0 – 0 արդիւնքով հաւասար աւարտելով, խումբերը դիմեցին լրացուցիչ ժամանակի խաղարկութեան։ 106-րդ վայրկեանին, Էմիլիանո Մարթինէզի պաշտպանած դարպասը խորտակեց Սպանիոյ յարձակող Ֆէրան Թորէզը, որ դաշտ մուտք գործեց 62-րդ վայրկեանին: Աշխարհի ախոյեան Սպանիան քանիցս խուժեց մրցակիցի դարպասին ուղղութեամբ, իսկ մրցակից Արժանթինը բաւարարուեցաւ միայն երկու հարուածով:
Աւելցնենք, որ ասիկա երկրորդ անգամն է որ Սպանիա կը տիրանայ աշխարհի ախոյեանութեան։ Ան նախապէս արժանացած է այս բաժակին 2010-ին:
ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԹԻՒԵՐ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ
Ամերիկայի, Մեքսիքի եւ Քանատայի մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային ֆութպոլի մրցումներուն արձանագրուեցան յատկանշական թիւեր, որոնց գլխաւորն էր առաջին անգամ ըլլալով 48 հաւաքականի մասնակցութիւնը։ Մրցումներուն արձանագրուեցան նաեւ հետեւեալ թիւերը.
-Ամէնէն շատ կոլ նշանակողը եղաւ Քիլիան Մպափէն 10 կոլ, որուն յաջորդեց Մեսսին՝ 8 կոլով։
-Տեղի ունեցաւ 104 մրցում
-Արձանագրուեցաւ 299 կոլ
-43 տուգանային հարուած, որոնց 9-ը ձախողութեամբ աւարտեցաւ։
-27 հանդիպում աւարտեցաւ հաւասար արդիւնքով, իսկ ութը մրցում՝ 0 – 0 հաւասար:
-Բարձրացուեցաւ 15 կարմիր քարտ
-272 դեղին քարտ
-22 կոլ չեղեալ նկատուեցաւ
-Ամէնէն ուժեղ յարձակողական խումբը եղաւ Արժանթին՝ նշանակելով 19 կոլ։
-Ուժեղագոյն պաշտպանողական ունեցող հաւաքականը եղաւ Սպանիան՝ ստանալով միայն մէկ կոլ, իսկ ամէնէն տկարները հանդիսացան Իրաքն ու Թունուզը՝ ստանալով 12 կոլ:
-Չորս հաւաքականներ առաջին անգամ ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը բերին համաշխարհային խաղերուն՝ Յորդանան, Քորասաու, Քապո Վերտէ եւ Ուզպէքիստան:
-Ամէնէն շատ կոլ նշանակուած մրցումը եղաւ Ֆրանսա-Անգլիա հանդիպումը, որ աւարտեցաւ 6 – 4 արդիւնքով:
Ռաֆֆի Սիւլահեան

