ՏՈՒՆԸ ԲՆԱԿԱՆ 
ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՄԱՔՐԵԼ
Պատուհաններ եւ Դռներ
Մաքուր պատուհաններէն ներս կը թափանցէ բնական լոյսը։ Բայց այս մակերեսները դիւրաւ կ’աղտոտին ձեռքի հետքերով կամ անասուններու պատճառով։ Դուրսի կողմն ալ պէտք է մաքրուի։ Հաւասար չափով քացախն ու ջուրը լաւ կը մաքրեն փոշիին շերտը, կ’ախտահանեն պատուհանները եւ կը փայլեցնեն ապակին։
Կրնաք նաեւ ալքոլի հիմքով տնային ախտահանիչ մը պատրաստել պատուհաններուն, դռներուն եւ ապակիի համար։ Կրնաք ալքոլը խառնել ջուրով։ Տան հանգստութեան եւ ելեկտրականութեան խնայումին համար, նախընտրեցէ՛ք ջերմութիւն չներծծող դռներ ու պատուհաններ։
Բնական Ախտահանիչներ
Եթէ տան մէջ օղի (vodka) ունիք, կրնաք քանի մը վայրկեանէն բնական ախտահանիչ մը պատրաստել։ Մէկ գաւաթ օղիին խառնեցէ՛ք մէկ գաւաթ ջուր։ Սրսկեցէ՛ք տան զանազան տեղերը, ինչպէս՝ օդափոխութեան ճեղքերը, սեղանները, լուացարաններն ու ելեկտրոնային գործիքները։ Միայն ուշադիր եղէ՛ք, որ հեղուկը չմտնէ ելեկտրոնային սարքերու ծակերուն մէջ։
Բորբոսէն ձերբազատելու ձեւեր
Տան որոշ անկիւնները աւելի դիւրին կրնան բորբոսիլ, յատկապէս խոնաւութիւն ունեցող տեղերը, ինչպէս՝ բաղնիքն ու խոհանոցը։ Կրնաք կիտրոնի բնական իւղը գործածել մանրէները հեռու պահելու համար։ Լաթի մը վրայ երեքէն չորս կաթիլ կիտրոնի իւղ կաթեցուցէ՛ք եւ սրբեցէ՛ք մակերեսները, օրինակ՝ ցնցուղի դուռը, բաղնիքի յախճապակիներն ու սեղանները։ Ասիկա նաեւ կը կանխէ օճառի աղտին կուտակումը։
Փայտէ Կահոյքի Փայլքն ու Ախտահանումը
Քիմիական հիմքով փայլեցնող դեղերու տեղ, պատրաստեցէ՛ք ձեր բնական տարբերակը. Խառնեցէ՛ք ձիթաիւղը քիչ մը կիտրոնի հիւթի կամ կիտրոնի բնական իւղի հետ։ Քսեցէ՛ք փափուկ լաթով մը եւ շփեցէ՛ք։ Կրնաք նաեւ ձեր անձնական մաքրութեան թաշկինակները (wipes) պատրաստել. պզտիկ լաթի կտորներ թրջեցէ՛ք ջուրի, ալքոլի եւ բնական իւղի խառնուրդին մէջ։ Եթէ կահոյք փայլեցնելու համար են, մէջը ձիթաիւղ ալ աւելցուցէ՛ք։
Շոգիով Մաքրութիւն (Steam Cleaning)
Ատեններ տունը ախտահանելու համար ոեւէ նիւթի կարիք չըլլար։ Շնորհիւ իր բարձր տաքութեան, շոգին շատ ազդեցիկ է մանրէներն ու ժահրերը, ինչպէս նաեւ փոշին ջնջելու համար։ Մաքրող սարքերուն մեծ մասը կը ստեղծեն բարձր տաքութեամբ շոգի, որ 99.9%-ով կը սպանէ մանրէները։
Չմոռնաք Օդափոխութիւնը
Նոյնիսկ բնական ախտահանիչները կրնան տան մէջ զօրաւոր հոտեր ձգել, որոնք կրնան գրգռել աչքերն ու քիթը։ Եթէ դուրսը օդը հաճելի է, ամէն օր առնուազն 20 վայրկեան բացէ՛ք պատուհաններն ու դռները։ Ասիկա կ’ապահովէ տան եւ դուրսի օդի առողջ փոխանակումը։ Թարմ օդը նաեւ կը հեռացնէ տան մէջ պտըտող մանրէները։
Տունը ապահով եւ բնական ձեւերով ախտահանելը կարեւոր է ձեր ընտանիքին առողջութեան համար։ Յաճախ պարզ բաղադրութիւններն իսկ բաւարար են մաքուր եւ փայլուն տուն մը ունենալու համար։
(շար. 2 եւ վերջ)