ՀԱՅԿԱԿԱՆ
Հայաստանի պասքեթի Մ16 (մինչեւ 16 տարեկան) հաւաքականը‘ Երեւանի՝մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի Գ. մակարդակի առաջնութեան ոսկի մետալակիր։ Եզրափակիչ հանդիպումին, Հայաստանի հաւաքականը 97- 68 արդիւնքով փայլուն յաղթանակ արձանագրեց Մալթայի դէմ: Հայաստանի հաւաքականը իր կատարած վեց հանդիպումներն ալ աւարտեց յաղթանակով: Հայաստանի մինչեւ 16 տարեկաններու հաւաքականի խաղացող Անթոնի Սարգսեան արժանացաւ այս առաջնութեան լաւագոյն խաղցող (MVP) տիտղոսին: Անթոնին մաս կազմեց նաեւ մրցաշարքի խորհրդանշական հնգեակին (All-Star Five)՝ հաստատելով, որ եղած է առաջնութեան ամենափայլուն խաղցողներէն մէկը։ Մրցաշարքի ընթացքին իւրաքանչիւր մրցումի Սարգսեանի միջինը եղաւ 21 կէտ, 14,8 ռիպաունտ, 2,5 արդիւնաւէտ փոխանցում եւ 36,0 արդիւնաւէտութեան գործակից (EFF)՝ մեծ ներդրում բերելով Հայաստանի հաւաքականին։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՖՐԱՆՍԱ, ՍՊԱՆԻԱ, ԱՐԺԱՆԹԻՆ
Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները արդէն հասան իրենց վերջին օրերուն։ Չորս խումբեր հասան կիսաւարտական փուլ: Քառորդ աւարտականի փուլին, Ֆրանսան 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մարոքը, որուն երկու կոլերու հեղինակները դարձան Մպափէն եւ Տեմպելէն, իսկ Սպանիան 2 – 1 արդիւնքով յաղթեց Պելճիքային։ Մրցումին Պելճիքայի խումբը ազդուեցաւ կազմի գլխաւոր դարպասապահ Քորթուայի առաջին կիսախաղին վիրաւորուելէն եւ դուրս գալէն: Փուլի ուժեղագոյն հանդիպումներէն մէկը եղաւ Անգլիա ընդ Նորվէկիա մրցումը, որ դարձեալ աւարտեցաւ 2 – 1 արդիւնքով՝ ի նպաստ Անգլիոյ: Արժանթինի կազմը շարունակելով իր յաղթական արդիւնքները 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Զուիցերիան: Մրցումի իրաւարարին արձակած սուլիչները արդար եւ գոհացուցիչ չեղան Զուիցերիոյ հաւաքականին համար:
ԻՆՖԱՆԹԻՆՈ Կ’ՈՒԶԷ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ
Ֆութպոլի Միջազգային Կոմիտէի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինո մտադիր է 2030-ին աշխարհի առաջնութեան մրցումներու մասնակից երկիրներու թիւը 64-ի բարձրացնել: «Այս յաջողութենէն ետք պէտք է մտածել 64 հաւա-քականներու մասնակցութեան մասին։ Առաջնութիւնը միայն Եւրոպայի եւ Հարաւային Ամերիկայի համար չէ։ Ամբողջ աշխարհը պէտք է առաջնութեան ձգտելու կարելիութիւն ունենայ։ Արդէն բոլորին պարզ է, որ առաջնութեան մասնակից հաւաքականներու որակը շատ բարձր է։ Այդ որակը կը տարածուի ողջ աշխարհի վրայ»։
Յիշեցնենք, որ այս տարուան աշխարհի առաջնութեան առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ 48 հաւաքական:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


